Այսօր, այս պահուն արեւմտահայերէնին ո՞վ պէտք ունի։ Արեւելահայերէնին շատեր պէտք ունին Հայաստանի մէջ, իսկ արեւմտահայերէնին ո՞վ եւ ո՞ւր պէտք ունի։ Ի՞նչ պարագայի է որ պէտք կ՚ունենանք, կարիքը կը զգանք այս լեզուին։ Կարիքը պէտք է ըլլայ այս լեզուին, որ անոր շուրջ զարգանայ անոր շուկան, եւ շուկային շուրջ փողոցը, եւ փողոցին շուրջ կապերը եւ հաղորդակցութիւնը, հաղորդակցութեան շուրջ հաւաքականութիւնը։ Այդպիսով լեզուն ինքնըստինքեան ապրած կ՚ըլլայ, եւ անոր շուրջ գոյացած կ՚ըլլայ իրեն կապուած մշակոյթը։
ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
vahaknk@gmail.com
Լեզուն ինքնիրէն չի կրնար գոյատեւել, ոչ իսկ լեզուն գործածող հաւաքականութեան ճիգով։ Քանի որ լեզուն եւ իր հետ եկած մշակոյթը կը սնին նախ եւ առաջ կարիքէն։ Լեզուին պէտք կա՞յ, ուրեմն ան կը շարունակէ գոյատեւել, լեզուին պէտք չկա՞յ, ուրեմն ան կը ոչնչանայ։ Մարդիկ չեն կրնար ապրիլ առանց հաղորդակցելու, առանց մաս կազմելու հասարակութեան մը, եւ հասարակութեան մը մաս կազմելը հաղորդակցութեամբ է որ կ՚ըլլայ։
Այսօր, այս պահուն արեւմտահայերէնին ո՞վ պէտք ունի։ Արեւելահայերէնին շատեր պէտք ունին Հայաստանի մէջ, իսկ արեւմտահայերէնին ո՞վ եւ ո՞ւր պէտք ունի։ Ի՞նչ պարագայի է որ պէտք կ՚ունենանք, կարիքը կը զգանք այս լեզուին։ Կարիքը պէտք է ըլլայ այս լեզուին, որ անոր շուրջ զարգանայ անոր շուկան, եւ շուկային շուրջ փողոցը, եւ փողոցին շուրջ կապերը եւ հաղորդակցութիւնը, հաղորդակցութեան շուրջ հաւաքականութիւնը։ Այդպիսով լեզուն ինքնըստինքեան ապրած կ՚ըլլայ, եւ անոր շուրջ գոյացած կ՚ըլլայ իրեն կապուած մշակոյթը։
Տակաւին կան աշխարհի վրայ կարգ մը շրջաններ, շրջանակներ ու «սենեակ»-ներ, ուր արեւմտահայերէնը անհրաժեշտութիւն է։ Առանց անոր մարդ չի կրնար գոյատեւել, օրապահիկը ապահովել եւ կամ պարզապէս բարեւ տալ շուրջիններուն։ Հալէպի հայերը այդպէս կ՚ապրէին, հիմա չենք գիտեր թէ ինչ պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը։ Պէյրութի Պուրճ Համուտը այդպէս է, եւ անշուշտ կան նման օրինակները ամենուրեք։
Իսկ ինչպէ՞ս է վիճակը Պոլսոյ մէջ։ Այստեղ մարդիկ ինչո՞ւ պէտք ունենան արեւմտահայերէն գիտնալու։ Ոչ շուկային համար, ոչ գիրք կարդալու համար, ոչ գործի ընդունուելու համար, ոչ ալ սիրեկան մը գտնելու համար հարկաւոր է արեւմտահայերէնը այստեղ։ Եւ ճիշդ այդ պատճառով է որ այսքան սակաւ է զայն գործածողներուն թիւը։ Այդ պատճառով ալ նոյնիսկ օրակարգային խնդիր չէ արեւմտահայերէնի գործածութիւնը։ Սակայն ուրիշ բան մը կայ։
Բան մը կայ, որ մղած է Սայաթ Նովա Երգչախումբի երիտասարդ անդամները չբաւարարուիլ երգացանկով մը, եւ վրան գումարել ընթերցանութիւններ իրենց համերգի ընթացքին։ Այս ինքնին կարքի մը արդիւնքը չէ՞ արդեօք։ Սայաթ Նովացիներ կարիքը զգացած են տէր կանգնիլ իրենց լեզուին։ Ուրեմն լեզուն այս պարագային կը վերածուի ինքնին կարիքի մը։ Մարդ կրնա՞յ ինքնութիւն ունենալ առանց լեզուին, իսկ ինքնութիւնը յստակ է բոլորին որ պոլսահայերուն համար օրակարգային խնդիր է։ Ինքնութիւնը օրակարգային դառնալով, իր հետ քաշ կու տայ նաեւ լեզուն եւ մշակոյթը։
Սայաթ Նովացիները ոչ թէ կ՚ապրեցնեն հայերէնը, լեզուն պահպանելու նպատակով, այլ կարիքը կը զգան հայերէնով ապրելու։ Ոչ թէ կ՚երգեն երգած ըլլալու սիրոյն, եւ կամ քանի որ մօտա է հայերէն երգելը ու հայերէն կարդալը, այլ կ՚երգեն կորուստի մը կարօտով ու «Կռունկ» կ՚անուանեն իրենց համերգը։ Սայաթ Նովացիները կը բանան գիրքերը, փոշոտ դարակներէն հանելով, կը կարդան մոռցուած գրականութիւնը, ու հերթական համերգը կը վերածեն լեզուի ու մշակոյթի փառատօնի մը։