ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
vahaknk@gmail.com
Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը ունեցած է կարճ կեանք։ Երեք տարիէն քիչ պակաս տեւողութիւն ունեցած պետութիւնը ունեցած է վարչապետ, խորհրդարան, դեսպաններ։ Ստորագրած է միջազգային պայմանագիրներ, նուաճած է ռազմական յաղթանակներ, հասած է 70 հազար քմ. տարածքի, կրած է պարտութիւններ, եւ ի վերջոյ տեղի տուած ու ենթարկուած Խորհրդային շարքերուն։ Առաջին հանրապետութեան պատմութիւնը այսօր մեզի շատ բան կ՚ըսէ անկախութեան եւ պետականութեան մասին, ուստի ստորեւ կը ներկայացնենք հակիրճ ցանկ մը հանրապետութեան համար կարեւոր թուականներու: