Ընթերցողը ներող թող ըլլայ, եթէ սոյն լրատուութիւնը զանց կ՚առնէ լրագրողութեան ամենահիմնական կանոնները։ Ծանօթ իրողութիւն է որ լրագրութեան ասպարէզին մէջ խմբագիրը պէտք է հնազանդի իր փոխանցած լուրի հաւաստիութիւնը երաշխաւորող տուեալներու։ Բայց մեր ասպարէզին համար այդ կանոնը սահմանողները անշուշտ որ չէինք պատկերացուցած թէ ի՞նչ կը նշանակէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանէ լուր մը իմանալ նոյն ինքն այդ Պատրիարքարանի ժողովուրդը հետաքրքրող նիւթի շուրջ։ Եթէ այդ մասին պատկերացում մը ունենային, երբեք այսքան գաղտնապահ չէին ըլլար եւ մենք ալ մեր կարգին չէինք հարկադրուէր Սկուհի Տուտույի փոխանցած տեղեկութիւններով լուր խմբագրելու։ Բայց ընելիք բան չկայ մեր մօտ, գաղտնապահւթիւնը բոլոր արժանիքներէն վեր կը դասուի եւ ոչ ոք կը համարձակի այդ գաղտնապահութիւնը խափանելու։ Ինչ կարելի է ընել, եթէ Պատրիարքական Աթոռը իր ամբողջ ուժով կը մերժէ մեր հարցումներուն պատասխանը տալու։
Ընթերցողը ներող թող ըլլայ, եթէ սոյն լրատուութիւնը զանց կ՚առնէ լրագրողութեան ամենահիմնական կանոնները։ Ծանօթ իրողութիւն է որ լրագրութեան ասպարէզին մէջ խմբագիրը պէտք է հնազանդի իր փոխանցած լուրի հաւաստիութիւնը երաշխաւորող տուեալներու։ Բայց մեր ասպարէզին համար այդ կանոնը սահմանողները անշուշտ որ չէինք պատկերացուցած թէ ի՞նչ կը նշանակէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանէ լուր մը իմանալ նոյն ինքն այդ Պատրիարքարանի ժողովուրդը հետաքրքրող նիւթի շուրջ։ Եթէ այդ մասին պատկերացում մը ունենային, երբեք այսքան գաղտնապահ չէին ըլլար եւ մենք ալ մեր կարգին չէինք հարկադրուէր Սկուհի Տուտույի փոխանցած տեղեկութիւններով լուր խմբագրելու։ Բայց ընելիք բան չկայ մեր մօտ, գաղտնապահւթիւնը բոլոր արժանիքներէն վեր կը դասուի եւ ոչ ոք կը համարձակի այդ գաղտնապահութիւնը խափանելու։ Ինչ կարելի է ընել, եթէ Պատրիարքական Աթոռը իր ամբողջ ուժով կը մերժէ մեր հարցումներուն պատասխանը տալու։ Կը ստիպուինք Սկուհի Տուտույին հարցնել եւ ան ալ կը պատմէ թէ նախորդ շաբթու մէջ խիստ մտահոգիչ զարգացումներ տեղի ունեցած են Պատրիարքարանի մէջ Կրօնական Ժողովի նիստի ընթացքին։ Իրաւ ալ մեր պատուհանին թառող Սկուհի Տուտուն է պատմողը որ նախորդ Երեքշաբթի օր գումարուած Կրօնական Ժողովի նիստին խիստ բանավէճներ ծագած են Պատրիարքի ընտրութեան նիւթով։ Քուէարկութիւն կատարուած է Պատրիարք մը ընտրելու խնդրին համար քայլ մը առնելու նիւթին շուրջ։ Կատարուած քուէարկութեան առումով Կրօնական Ժողովի երեք անդամներ կողմ եղած են նման ընտրութեան մը երթալու համար, իսկ հինգ անդամներ ալ դէմ։ Սակայն շուտով պարզուած է որ դէմ եղողները արդէն այս մասին որոշ թելադրանք ստացած են Տէր Պսակ Քահանայի կողմէ։ Տէր հայրը նախապէս զգուշացուցած է զիրենք դէմ քուէարկելու համար։ Ափ ի բերան կը լսենք Սկուհի Տուտույի պատմածները։ Ան մեզ զարմանքներու մատնելով կը պատմէ թէ, այս որոշումէն ետք Կրօնական Ժողովի ատենապետ Թաթուլ Անուշեան, որ Պատրիարքի ընտրութեան ի նպաստ քուէարկողներէն է, կը դիմէ հրաժարումի։ Աղմուկահարոյց այդ նիստի ջերմաստիճանը ալ աւելի կը բարձրանայ եւ ժողովականներ հայհոյանքներ կ՚արձակեն իրարու դէմ։ Սկուհի Տուտուն ուրախ է մեր զարմանքը տեսնելու «տակաւին ինչեր կայ» կ՚ըսէ ու ալ աւելի կը գրգռէ մեր յուզումը։ «Չհրաժարեցաւ քանի որ որոշում կայացուցին Գերագոյն Հուգեւոր Խորհուրդի նիստ գումարելու։ Այդ նիստի հրաւէրն ալ պէտք է Կրօնական Ժողովի ատենապետը ստորագրէ։ Բայց եկուր տես, որ այդ ժողովէն անմիջապէս ետք Տէր Պսակ, Տէր Տիրան, Տէր Միւրոն, Տէր Անդրէաս, Տէր Եղեայ եւ Հայր Եղիշէ կը սկսին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստին դէմ ձայն հաւաքելու։ Չէ որ այդ նիստին պէտք է մասնակցին նաեւ Գարեգին Արք. Պէքճեան եւ Սեպուհ Եպսկ. Չուլճեան սրբազանները, մտահոգ են որ ընտրութեան ի նպաստ որոշում մը կը կայանայ։ Այսպէսով ալ ընտրութիւն փափաքող Թաթուլ Հայր Սուրբ, Տէր Տրդատ եւ Տէր Գրիգոր ճարահատ կը մնան իրենց ցանկութեան մէջ։ Առայժմ իմ պատմելիքները այսքան է, մնացեալին հոտը շուտով կը լսէք» ըսաւ ու թռաւ պատուհանի առջեւէն։ Իրաւ ալ ափ ի բերան մնացինք պնդումները հաստատելու համար դիմեցինք Պատրիարքարան, դիմեցինք Անուշեան Հայրսուրբին, բայց բոլորն ալ պահեցին իրենց յատուկ քար լռութիւնը։ Այդ օրէն ի վեր Սկուհի Տուտուն ալ լուռ է։ Դիմացի տան կտուրէն մեզ կը դիտէ։ Մերթ ընդ մերթ կը թռչի դէպի Գումգաբուի կողմերը անհամբեր կը սպասենք վերադարձը, որ գայ մեր պատուհանին մօտ ու պատմէ վերջին զարգացումները։ Բայց ան դարձեալ կը թառի դիմացի տան կտուրը ու կը նայի մեր աշխատութեան։ Խոստում սիրելի ընթերցող, եթէ յանկարծ կրկին գայ ու պատմէ մենք ալ կը փոխանցենք ձեզ։
Վարչակազմերու թափանցիկութիւնը եւ հաշուէտուութիւնը գիտակցութեան մը վերածուած մեր օրերուն։ Բայց ինչպէս կը տեսնուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը կը սիրէ գաղտնապահութիւնը եւ գործերը իր ցանկութեան յարմար կերպով եւ յանկարծակի կարգադրութիւններով գալեցնել։ Նոյնը պատահած էր 2009-ին, երբ Արամ Սրբազան կրօնական ժողովի որոշումով փոխանորդ նշանակուեցաւ։ Այս պայմաններու տակ մեր լրատուութիւնն ալ մնացած է Սկուհի Տուտույի բարեհաճութեան։