Խորհրդածութիւններ ընտրութեան մասին

7 Յունիս Կիրակի օր կայացող Խորհրդա­րանի ընտրու­թիւննե­րով Թուրքիա թե­ւակո­խած կ՚ըլ­լայ բո­լորո­վին նոր շրջա­նի մը։ Ընտրու­թիւննե­րը վերջ տուին գոր­ծող ԱՔՓ կու­սակցու­թեան իշ­խա­նու­թեան։ Վեր­ջին 13 տա­րինե­րու ըն­թա­ցիքն այս կու­սակցու­թիւնը առա­ջին ան­գամ զրկուեցաւ առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու իրա­ւունքէն։ Աւե­լի քան 53 մի­լիոն ընտրող­նե­րու գոր­ծա­ծած քուէնե­րով, թէեւ ԱՔՓ կրկին ստա­ցաւ ձայ­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը, սա­կայն 255 պատ­գա­մաւոր­նե­րը բա­ւարար չեն առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու հա­մար։ Ընտրու­թեան մէջ բախ­տո­րոշիչ դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցաւ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թիւնը։ Այս շար­ժումը 80 պատ­գա­մաւոր­նե­րով մաս կը կազ­մէ խորհրդա­րանին եւ ճա­կատագ­րա­կան դեր կը խա­ղայ այ­լա­խոհա­կան կա­ռավա­րու­թեան մը կազ­մուելու գոր­ծընթա­ցին մէջ։

7 Յունիս Կիրակի օր կայացող Խորհրդա­րանի ընտրու­թիւննե­րով Թուրքիա թե­ւակո­խած կ՚ըլ­լայ բո­լորո­վին նոր շրջա­նի մը։ Ընտրու­թիւննե­րը վերջ տուին գոր­ծող ԱՔՓ կու­սակցու­թեան իշ­խա­նու­թեան։ Վեր­ջին 13 տա­րինե­րու ըն­թա­ցիքն այս կու­սակցու­թիւնը առա­ջին ան­գամ զրկուեցաւ առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու իրա­ւունքէն։ Աւե­լի քան 53 մի­լիոն ընտրող­նե­րու գոր­ծա­ծած քուէնե­րով, թէեւ ԱՔՓ կրկին ստա­ցաւ ձայ­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը, սա­կայն 255 պատ­գա­մաւոր­նե­րը բա­ւարար չեն առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու հա­մար։ Ընտրու­թեան մէջ բախ­տո­րոշիչ դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցաւ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թիւնը։ Այս շար­ժումը 80 պատ­գա­մաւոր­նե­րով մաս կը կազ­մէ խորհրդա­րանին եւ ճա­կատագ­րա­կան դեր կը խա­ղայ այ­լա­խոհա­կան կա­ռավա­րու­թեան մը կազ­մուելու գոր­ծընթա­ցին մէջ։ Քա­ղաքա­կան դէ­տեր ԱՔՓ-ի նա­հան­ջը կը վե­րագ­րեն նա­խագահ Էր­տո­ղանի տա­րած բուռն քա­րոզար­շա­ւին։ Անոնց հա­մաձայն այդ քա­րոզ­չութիւ­նը հա­կառակ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած է մա­նաւանդ իր յան­դի­մանա­կան ոճով։ Ի դէմ նա­խագա­հի այդ ատե­լու­թիւն բու­րող ելոյթնե­րուն իր գլխա­ւոր մրցա­կից Սե­լահատ­տին Տէ­միր­թաշ նա­խընտրած էր շատ աւե­լի մեղմ եւ սի­րաշա­հելու ուղղեալ ոճ մը։ Ան իր կողմնա­կից­նե­րուն կը թե­լադ­րէր հե­ռու մնալ ատե­լու­թեան ար­տա­յայ­տութիւննե­րէն եւ գի­տակ­ցիլ թէ իրենց մրցա­կից­նե­րը թշնա­միներ չեն այլ պար­զա­պէս տար­բեր հա­մոզում որ­դեգրած քա­ղաքա­ցիներ։ Կար­ծես թէ Տէր­միրթա­շի խօս­քե­րը բա­ցի իր կու­սակցու­թեան ան­դամնե­րէն ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած էին նաեւ մրցա­կից խումբե­րու վրայ ալ։ Այսպէ­սով ՀՏՓ թէեւ ամե­նաքիչ ձայ­ներ ստա­ցող կու­սակցու­թիւն եղաւ, բայց գնա­հատուեցաւ իբ­րեւ յաղ­թող։ Իսկ միւս կող­մէ ԱՔՓ ձայ­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը ապա­հովե­լով հան­դերձ այս ընտրու­թեան պար­տուածը հա­մարուեցաւ։ Այժմ ամէն ոք հե­տաքրքրու­թեամբ կը սպա­սէ այս քուէար­կութեան հե­տեւան­քի յստա­կացու­մը։ Ըն­դունե­լու­թիւն գտած աւան­դութեան հա­մաձայն առա­ջին հեր­թին Վար­չա­պետ Տա­ւու­թօղլուն ներ­կա­յացաւ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հին եւ հայ­ցեց իր հրա­ժարա­կանը։ Իսկ նա­խագա­հէն կ՚ակնկա­լուէր վե­րադարձնել այդ հրա­ժարա­գիրը խնդրե­լով որ ան մնայ իր պաշ­տօ­նին վրայ եւ սկսի նոր կա­ռավա­րու­թիւնը ձե­ւաւո­րելու աշ­խա­տանքնե­րուն։ Սա­կայն ան դի­մեց անսպա­սելի քայ­լի մը։ Չան­քա­յայի Նա­հագա­հական Պա­լատ հրա­ւիրեց գլխա­ւոր ընդդի­մադիր կու­սակցու­թեան նախ­կին նա­խագահ Տէ­նիզ Պայ­քա­լը եւ շուրջ եր­կու ժա­մուայ տե­սակ­ցութիւն մը ու­նե­ցաւ իր հետ։ Այս հան­դի­պու­մէն ետք կող­մե­րը յայ­տա­րարու­թիւն մը չեն ըրած։ Միայն յստա­կացաւ թէ Պայ­քալ Չան­քա­յա ժա­մանե­լէ առաջ կա­ցու­թե­նէն տե­ղեակ պա­հած է ՃՀՓ-ի նա­խագահ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուն։ Մինչդեռ կ՚ակնկա­լուէր, որ սո­վորու­թիւն դար­ձած աւան­դութեան հա­մաձայն վար­չա­պետը պի­տի այ­ցե­լէր ամե­նաշատ քուէներ ստա­ցած երկրորդ կու­սակցու­թիւնը եւ պի­տի փոր­ձէր անոր հետ այ­լա­խոհա­կան կա­ռավա­րու­թիւն մը ձե­ւաւո­րել։ Եթէ այդտեղ յա­ջողու­թիւն մը չար­ձա­նագ­րեն կամ պի­տի դի­մէ միւս կու­սակցու­թիւննե­րու հետ սա­կար­կութեան, կամ ալ փոք­րա­մաս­նութեան կա­ռավա­րու­թեան մը հա­մար զօ­րակ­ցութիւն ապա­հովե­լու։ Սա­կայն ընտրու­թեան յա­ջոր­դող եր­կօ­րեայ լռու­թե­նէ ետք Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ Ռէ­ճէփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան վերստին իջաւ քա­ղաքա­կան դաշտ եւ ինք ստանձնեց Վար­չա­պետ Տա­ւու­թ-
օղլու­յէ ակնկա­լուած գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Ներ­կայ դրու­թեան մէջ խորհրդա­րան մուտք գոր­ծած երեք ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւնն ալ լուրջ վե­րապա­հու­թիւններ ու­նին իշ­խող ԱՔՓ-ի հետ հա­մագոր­ծակցե­լու։ Իսկ իրա­րու հետ ի՞նչ կրնան ընել, պի­տի յստա­կանայ յա­ռաջի­կայ շա­բաթ­նե­րու ըն­թացքին։

Նշենք որ ընտրու­թեան այս ար­դիւնքը ար­դէն ալէ­կոծած է տնտե­սական հա­մակար­գը։ Տա­րադ­րա­մի ար­ժէ­քը ար­ձա­նագ­րած է աստղա­բաշ­խա­յին աճ, իսկ սա­կարա­նը լուրջ ան­կում կրած։ Պէտք է յի­շել որ երկրի տնտե­սական դրու­թիւնը վեր­ջին տա­րինե­րուն ար­դէն ան­կա­յու­նութեան յատ­կա­նիշ­ներ կը ցու­ցա­բերէր։ Եթէ քա­ղաքա­կան, մա­նաւանդ ալ ժո­ղովրդա­վարու­թեան զար­գացման առու­մով շատ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նի ՀՏՓ-ի 80 պատ­գա­մաւոր­նե­րով խորհրդա­րան մուտքը, կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու հե­ռան­կա­րի պղտո­րու­թիւնն ալ նոր մտա­հոգու­թիւններ կը ներ­կա­յաց­նէ։ Ի վեր­ջոյ կա­րելի է ըսել որ Թուրքիոյ մէջ քա­ղաքա­կան դաշ­տը վեր­ջին տա­րինե­րուն են­թարկուած էր նա­խագահ Էր­տո­ղանի կիր­քե­րուն գո­հաց­ման եւ ժո­ղովուրդը իր ձայ­նե­րով կա­սեցուց այդ սխալ ըն­թացքը։ Կը կար­ծուէր թէ ընտրու­թեան ան­մի­ջապէս նա­խոր­դող օրե­րուն Տի­յար­պէ­քիրի մէջ պա­տահած դա­ւադ­րութիւնն ու ոճիր­նե­րը սփո­փանք պի­տի գտնեն ընտրու­թիւննե­րու աւար­տով։ Սա­կայն 9 Յու­նիս Երեք­շաբթի օր, գոր­ծուած ոճիր մը ան­գամ մը եւս ալէ­կոծեց խա­ղաղու­թեան պա­պակով լե­ցուն այս քա­ղաքը։ Այդ օր քիւրտ կրօ­նամետ Հիւ­տա Փար կու­սակցու­թեան կող­քին գոր­ծող մար­դա­սիրա­կան ըն­կե­րու­թեան մը ատե­նապե­տը սպա­նուե­ցաւ Տի­յար­պէ­քիր­ղի մէջ։ Այդ ոճիրէն ետք դարձեալ կրակոցներ արձանագրուեցան եւ զոհուեցան չորս քաղաքացիներ։ Ընտրութեան հետեւանքներուն առթած կարճատեւ ոգեւորութիւնը հիմա իր տեղը թողած կ՚երեւի ծաւալուն մտահոգութեան։ Այդ մտահոգութիւնը արտայայտող համոզումը կարելի է բնութագրել հետեւեալ նախադասութիւնով՝ «դիւրին պիտի չըլլայ իշխող կուսակցութեան պարտութիւնը մարսելը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ