ԱՌՕՐԵԱՅ
Երկիրը երկիր է դառնում
Պատմական օրեր ապրեց Հայաստանը այս վերջին երկու շաբաթուայ ընթացքում։ Յուլիսի 6-ին իր աւարտին հասաւ կարեւոր մի փուլ, կապուած ժողովուրդ-իշխանութիւն հակամարտութեանը, որը տեղի ունեցաւ Բաղրամեան պողոտայի վրայ։ Չափազանց լարուած, նոյնիսկ տագնապալի օրեր էին՝ արթուն պահելով շարժման աքտիվիստներին եւ անքուն՝ իրենց միլիոնների համար իշխանութեան գլուխն անցած յանցաւոր ոհմակին։ Սակայն տագնապը ուղեկցւում էր ինքնահիացմունքով։ Մի բուռ հայ է մնացել օրէցօր հայաթափուող Հայաստանում։
Իֆթարը աւանդական, հարցերը հրատապ
Երկրի քրիստոնեայ եւ հրեայ համայնքները վերջին տարիներուն սովորութեան վերածած են Ռամազան ամսուան առթիւ իֆթարի հիւրասիրութիւն մը կազմակերպել։ Քաղաքիս հայ, յոյն, հայ կաթողիկէ, հրեայ, ասորի, քաղդէացի, պուլղար եւ վրացի համայնքներու այս տարուան այդ աւանդութիւնը կայացաւ հրեայ համայնքի տանտէրութեամբ, Պալատի Օր-Ահայիմ Հրէից հիւանդանոցի պարտէզին մէջ։ Վաքըֆներու Ընդհանուր Խորհուրդին մօտ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ՝ Տոց. Թորոս Ալճանի ջանքերով այս տարի աւելի մեծ մասնակցութիւն մը կայացաւ իֆթարի ընթրիքին։
Յեղափոխական հրատարակութեան հազարերորդ յաղթական համարը
Չենք վարանած «յեղափոխական» կոչումը օգտագործելէ, քանի որ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինք իրաւ յեղափոխական էր։ «Ակօս» անցնող 999 թիւերով ծառայեց Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Պոլսահայոց բարեփոխումներուն։ Յարատեւ պայքար մըն է որ կը շարունակուի աւանդապաշտ յետադիմականութեան դէմ, եւ այդ պայքարը ցարդ արդարացաւ ընկերական կեանքի զարգացումներով։ Երեւոյթ մը՝ որ ուղեցոյց կ՚ըլլայ ապագայի համար ալ։ Յայտարարութիւն մըն է այս, որ կու գայ «Ակօս»ի մերօրեայ խմբագիրներէն, յանուն հաւատարմութեան Հրանդ Տինքի, Սարգիս Սերովբեանի եւ նմաններու աւանդին հանդէպ։
Վերջ գտաւ ցեղային գաղտնագիրի գործադրութիւնը
Ակօսի 1000-րդ համարին զուգադիպող բարեփոխումներէն մէկն է դպրոցներու արձանագրման ընթացքին գործադրուած ցեղային գաղտնագիրի վերացումը։ Կրթութեան նախարար Նապի Ավճըյի ստորագրութեամբ հրատարակուած շրջաբերականը վերջ տուաւ քրիստոնեաներու դպրոցներէ ներս խտրականութիւն տածող ցեղային գաղտնագիրի գործադրութեան։ Այսուհետեւ արձանագրութեան լիազօրութիւնը յանձնուած է դպրոցներու տնօրէնութեան։ Բացի այդ, թրքերէնով դասաւանդուած առարկաներու ուսուցիչներուն պաշտօնավարման տեւողութիւնն ալ պիտի ճշդուի տնօրէնութեան կողմէ։
Սելինա Տողանի հարցումները
Երկար տարիներու բացակայութենէ ետք երեք հայ պատգամաւորներու Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամակցութիւնը որոշ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է զանազան շրջանակներէ ներս։ Եթէ ոմանք ոգեւորուած են այս նոր զարգացումէն, ոմանք ալ որոշ վերապահութեամբ կը հետեւին հայազգի երեսփոխաններուն գործունէութեան։ Առ այժմ նախագահի մը ընտրութիւնով զբաղած խորհրդարանի օրակարգին հարցում մը ներկայացուց ՃՀՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Սելինա Տողան։ Յենելով սահմանադրութեան 98-րդ. եւ խորհրդարանի ներքին կանոնագրութեան 96 եւ 99-րդ. յօդուածներուն, վարչապետին դիմեց հետեւեալ հարցումներով։
Լաւագոյնները՝ Բաղրամեան պողոտայի վրայ
Նախորդ թիւի մէջ՝ պատմելով կիլիկիացի-սիրիացի Աբրահամ Գիւրջեանի ընտանիքի մասին, հօր մահով վերջակէտ չդրեցինք, քանզի ընտանիքի բեռն ընկաւ Լուսինէ Գիւրջեանի մօր ուսերին, որը մնաց իր 6 անչափահաս երախաների հետ անծանօթ եւ տագնապալի միջավայրում գոյատեւման պայքարի մէջ։ Ստալինեան ահաբեկչութիւնը չէր նահանջում, մարդկանց տան դրան մօտ կանգ էր առնում սեւ մեքենան եւ տանում անյայտ ուղղութեամբ։
Եղբայրական դրախտ՝ Քամփ Արմէն
21 Յունիս Կիրակի օր այցելեցի Թուզլայի «Քամփ Արմէն» ճամբարը։ Ճամբու ընթացքին ես ինծի կը հարցնէի «արդեօք ուրիշներ ալ կ՚ըլլա՞ն, թէ ոչ առանձին պիտի մնամ»։
Կիլիկիացի Աբրահամ Գիւրջեանի ընտանիքը (Փաստեր, յուշեր, վկայութիւններ)
Երբ տեսնում ես, թէ ինչ է կատարւում Հալէպում, ոչ մի ուրիշ նիւթ աչքիդ չի գալիս։ Սակայն չափազանց վտանգաւոր միտում է նկատւում. մարդիկ վարժւում են ողբերգական լուրերին, ասում են «Աստուած հոգին լուսաւորէ։ Ամէն։» եւ այսքանով բաւարարւում։ Իսկ հալէպցին միսմենակ է մնում իր զոհուածի, ռմբակոծուած քաղաքի, քանդուած տան եւ յետագայ վտանգի հետ։ Ո՛չ համապատասխան կազմակերպութիւն կայ, որը պէտք է զբաղուի հայերի տարհանման եւ նոր տեղում տեղաւորման հետ, ո՛չ էլ ցանկութիւն՝ այն ստեղծել։
Խախտում՝ մարդու իրաւունքներու
2015 թ. Յունիսի 19-ին Ազատութեան հրապարակի վրայ կայացաւ «Ո՚չ թալանին» նախաձեռնութեան՝ ելեկտրական հոսանքի թանկացման դէմ ուղղուած ցոյցը։ Ցուցարարները կը պահանջէին չեղեալ յայտարարել Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի՝ ելեկտրական հոսանքի սակագինը 6.93 դրամով բարձրացնելու մասին Յունիսի 17-ին որոշումը։