«Այս ձմեռ ինչ կ՚ըլլայ չեմ գիտեր»

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Չորս ընդար­ձակ տա­րած­քի վրայ 30 հա­զար վրան­ներ եւ շուրջ 100 հա­զար բնակ­չութիւն։ ՏԱԻՇ-ի յար­ձա­կու­մներէն ետք Քո­պանի­էն ապաս­տա­նած­նե­րու վրան-քա­ղաքն ենք։ Բնա­կիչ­նե­րուն կէ­սը արաբ է, իսկ կէ­սը քիւրտ։ Այդ բո­լորին մէջ երեք ըն­տա­նիք­ներ յա­տուկ գուրգու­րանքի կ՚ար­ժա­նանան։ Թով­մա­սեան ըն­տա­նիքը ինը ամիս առաջ եկած է Սու­րուչ։ Նախ բնա­կած են գի­շերօ­թիկ դպրոց մը, ապա տե­ղափո­խուած այս վրան-քա­ղաքը։ Կը մօ­տենանք, որ իրենց բեր­նէն լսենք այն ինչ որ ապ­րե­ցան վեր­ջերս։

«Անունս Յա­կոբ է։ Քո­պանիի մէջ ինքնա­շար­ժի նո­րոգիչ էի։ Եղ­բայրնե­րուս եւ մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ պա­տերազ­մէն փախ­չե­լով հոս ապաս­տա­նեցանք։ Ըն­դա­մէնը 15 շունչ ենք։ Նախ դպրոց մը տե­ղադ­րած էին մեզ, իսկ հինգ ամիս է որ հոս ենք։ Ձմե­ռը շատ անձրեւ տե­ղաց, բայց մենք դպրո­ցի շէն­քի մէջ ապա­հով էինք։ Իսկ հոս ինչ կ՚ըլ­լայ չեմ գի­տեր։ Հե­ռուստա­ցոյ­ցէն սառ­նա­դարան, ամէն ինչ ու­նինք։ Լաւ վե­րաբե­րու­մի կ՚ար­ժա­նանանք, բայց նո­րէն ալ եր­թալ կ՚ու­զենք։ Իսկ ո՞ւր եր­թալ, իրաւ որ չեմ գի­տեր։

Կնոջս Ֆէ­րու­զին ոտ­քե­րէն մէ­կը արհեստական է։ Երեք ամիս առաջ այստեղ գոր­ծո­ղու­թիւն ըրին ու կտրե­ցին։ Գա­ւառա­պետը շատ օգ­նա­կան եղաւ մե­զի։ Անոր ինքնա­շար­ժով հի­ւան­դա­նոց կ՚եր­թա­յինք կու գա­յինք։ Հոս լաւ վե­րաբե­րում կը տես­նենք։»

«Իմ անունս Սե­րովբ է։ Եղ­բայրս իր որդւոյն աչ­քե­րուն առ­ջեւ զո­հուե­ցաւ Քո­պանիի մէջ։ Տղե­կը դեռ ինքզին­քին չէ եկած։ Միշտ կը լռէ։»

«Ես Ֆէ­րուզն եմ։ Ինը ամիս է որ Սու­րուչ ենք եւ հինգ ամիսէ ի վեր այս վրան-քա­ղաքին մէջ։ Մեզ­մէ զատ հա­յու մը չենք հան­դի­պած։ Դուրսը արա­բերէն կամ քրտե­րէն կը խօ­սինք, իսկ մեր մի­ջեւ հա­յերէն։ Ինը ամիս ետք առա­ջին ան­գամ հա­յերու հետ հաց կը կի­սենք։ Այս ընթրի­քը շատ իմաս­տա­լից է մեզ հա­մար։

Հա­յաս­տան եր­թալ մեր առա­ջին նա­խընտրան­քը չէ։ Ար­դէն ինչպէ՞ս պի­տի եր­թանք որ։ Ան­ցա­գիր չու­նինք, թո­ղենք ան­ցա­գիրը շա­տերս անձնա­գիր ալ չու­նինք։ Ան­ցա­գիր հա­նելու հա­մար 1000 տո­լար պէտք է։ 15 հո­գու հա­մար 15 հա­զար։ Քո­պանի որ վե­րադառ­նանք, քո­պանի­ցի չի մնաց, որ Քո­պանի մնար։»

Արամ Արք. Աթէ­շեան այ­ցե­լեց Թով­մա­սեան ըն­տա­նիքին։ Մի առ մի հե­տաքրքրուեցաւ ըն­տա­նիքի բո­լոր ան­դամնե­րուն հետ։ Արամ սրբա­զան աւե­լի ետք «Ակօս»ին յայտնեց թէ կա­րելի բո­լոր մի­ջոց­նե­րով պի­տի օժան­դա­կէ Թով­մա­սեան ըն­տա­նիքին։ «Զի­րենք եւ իրենց պայ­մաննե­րը տես­նե­լով կրնամ ըսել որ ու­րա­խացած եմ։ Ու­րա­խացած եմ որով­հե­տեւ գի­տեմ ու­րիշ գաղ­թա­կան­նե­րու պայ­մաննե­րը։ Հա­գուստե­ղէնի, կօ­շիկի, դե­ղորայ­քի նման կա­րիք­ներ ու­նին, որոնց բո­լորն ալ պի­տի հո­գանք։ Բարերարներու նիւթական աջակցութիւնը փոխանցեցի իրենց։ Խոր­հուրդ տուի որ երա­խանե­րը Պո­լիս տա­նիմ եւ մեր դպրոց­նե­րուն մէջ ու­սա­նին։ Իսկ մե­ծերու դրու­թիւնը հոն աւե­լի հան­գիստ ու ապա­հով է։ Տա­կաւին դպրոց­նե­րու վար­չութիւննե­րուն հետ չեմ խօ­սած, բայց պի­տի աշ­խա­տիմ որ տղա­քը այստեղ ու­սա­նին։ Գոնէ իրենց ուսումը կիսատ չմնայ» ըսաւ Արամ սրբազան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ