Խախտում՝ մարդու իրաւունքներու

2015 թ. Յու­նի­սի 19-ին Ազա­տու­թեան հրա­պա­րա­­կի վրայ կա­­յացաւ «Ո՚չ թա­­լանին» նա­­խաձեռ­­նութեան՝ ելեկտրա­­կան հո­­սան­­քի թան­­կացման դէմ ուղղուած ցոյ­­ցը։ Ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րը կը պա­­հան­­ջէին չե­ղեալ յայ­­տա­­­րարել Հան­­րա­­­յին ծա­­ռայու­­թիւննե­­րը կար­­գա­­­ւորող յանձնա­­ժողո­­վի՝ ելեկտրա­­կան հո­­սան­­քի սա­­կագի­­նը 6.93 դրա­­մով բարձրաց­­նե­­­լու մա­­սին Յու­­նի­­­սի 17-ին որո­­շու­­մը։

2015 թ. Յու­նի­սի 19-ին Ազա­տու­թեան հրա­պա­րա­­կի վրայ կա­­յացաւ «Ո՚չ թա­­լանին» նա­­խաձեռ­­նութեան՝ ելեկտրա­­կան հո­­սան­­քի թան­­կացման դէմ ուղղուած ցոյ­­ցը։ Ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րը կը պա­­հան­­ջէին չե­ղեալ յայ­­տա­­­րարել Հան­­րա­­­յին ծա­­ռայու­­թիւննե­­րը կար­­գա­­­ւորող յանձնա­­ժողո­­վի՝ ելեկտրա­­կան հո­­սան­­քի սա­­կագի­­նը 6.93 դրա­­մով բարձրաց­­նե­­­լու մա­­սին Յու­­նի­­­սի 17-ին որո­­շու­­մը։ Նա­­խատե­­սուած եր­­թի փո­­խարէն սկսաւ նստա­­ցոյց՝ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու հնա­­րաւոր բա­­խումնե­­րէն խու­­սա­­­փելու հա­­մար (ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը տա­­րածք բերած էին ջրցան մե­­քենա­­ներ)։ «Ո՛չ թա­­լանին» նա­­խաձեռ­­նութեան ան­­դամնե­­րը յայ­­տա­­­րարե­­ցին, որ իրենք մին­­չեւ եր­­կուշաբ­­թի, ժա­­մը 19.00 նստա­­ցոյց կը կա­­տարեն, իսկ եթէ իրենց պա­­հան­­ջը չբա­­ւարա­­րուի, եր­­կուշաբ­­թի եր­­թով կը շար­­ժուին դէ­­պի Բաղ­­րա­­­մեան 26՝ նա­­խագա­­հի նստա­­վայր եւ այնտեղ կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն իրենց պա­­հանջնե­­րը։ Ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը նախ յայ­­տա­­­րարե­­ցին, որ ժա­­մը 23-էն ետք նստա­­ցոյ­­ցը ար­­տօ­­­նուած չէ, սա­­կայն կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րու հետ բա­­նակ­­ցութիւննե­­րէն ետք թոյ­­լատրե­­ցին շա­­րու­­նա­­­կել նստա­­ցոյ­­ցը՝ տա­­րած­­քը չաղ­­տո­­­տելու եւ վրան­­ներ չտե­­ղադ­­րե­­­լու պայ­­մա­­­նով։

2015 թ. Յու­­նի­­­սի 22-ի երե­­կոյեան ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րը շարժման ան­­ցան դէ­­պի նա­­խագա­­հական նստա­­վայր, ուր շա­­րու­­նա­­­կեցին նստա­­ցոյ­­ցը։ Երե­­ւանի փոխ ոս­­տի­­­կանա­­պետ Վա­­լերի Օսիպ­­եա­­­նը Յու­­նի­­­սի 23-ին ժա­­մը 5.20-ին յայ­­տա­­­րարեց, որ նստա­­ցոյ­­ցի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը ապօ­­րինի են։ Հեր­­թա­­­կան նա­­խազ­­գուշա­­ցու­­մէն եւ ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րուն 10 րո­­պէ ժա­­մանակ տրա­­մադ­­րե­­­լէ ետք ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը սկսա­­ն ցոյ­­ցը ցրե­­լու նպա­­տակով օգ­­տա­­­գոր­­ծել ջրցան մե­­քենա­­ները։

Քա­­ղաքա­­ցիական հա­­գուստով ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը կը յար­­ձա­­­կէին լրագ­­րողնե­­րու վրայ ու կը ջար­­դէին, կը բռնագ­­րա­­­ւէին տե­­սան­­կա­­­րահա­­նող գոր­­ծիքնե­­րը, տե­­սան­­կա­­­րահա­­նող սար­­քե­­­րու չի­­փերը։ Մաս­­նա­­­ւորա­­պէս գրան­­ցուած են հե­­տեւեալ դէպ­­քե­­­րը։

Դա­­ժան բռնու­­թեան եւ ծե­­ծի են­­թարկուած են www.1in.am-ի նկա­­րահան­­ներ Կա­­րէն Չի­­լին­­գա­­­րեանը, Յով­­սէփ Յով­­սէ­­­փեանը եւ Գոռ Յով­­հաննի­­սեանը, շար­­քէ հա­­նուած են վեր­­ջի­­­նիս աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին թուային տե­­սախ­­ցիկն ու ու­­ղիղ եթե­­րի սար­­քը։

«Գա­­լա» հե­­ռուստա­­տեսու­­թեան լրագ­­րող Փայ­­լակ Ֆահ­­րա­­­դեանը ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու հա­­րուած­­նե­­­րէն վնա­­սուածքներ ստա­­ցած է ձեռ­­քե­­­րուն ու պա­­րանո­­ցի շրջա­­նին, ան բռնի կեր­­պով հսկո­­ղու­­թեան տակ առ­­նուած է։

Epress.am-ի նկա­­րահան Տիգ­­րան Յա­­կոբեանը մա­­հակով հա­­րուած ստա­­ցած է գլխուն, որ­­մէ ետք հսկո­­ղու­­թեան տակ առ­­նուած է ոս­­տի­­­կանու­­թեան Կենտրո­­նի բա­­ժինը, իսկ նկա­­րահան Տիգ­­րան Խա­­չատ­­րեանին հայ­­հո­­­յած են եւ քաշքշած՝ խլե­­լով տե­­սախ­­ցի­­­կը, Epress.am-ի երեք տե­­սան­­կա­­­րահա­­նող սար­­քե­­­րը ջար­­դուած են։

iLur.am-ի թղթա­­կից Յա­­կոբ Կա­­րապետեանը հսկո­­ղու­­թեան տակ առ­­նուած է, իր­­մէ վեր­­ցուցած են ֆո­­թոխ­­ցի­­­կը, հա­­նած՝ յի­­շողու­­թեան քար­­տը եւ վե­­րադար­­ձուցած։

Հսկո­­ղու­­թեան տակ առ­­նուած է նաեւ NEWS.am-ի ֆո­­թոլ­­րագրող Ար­­սէն Սարգսեանը, թղթա­­կից Աիդա Յով­­հաննիսեանի ձեռ­­քէն ու­­ժով քա­­շած եւ տա­­րած են տե­­սախ­­ցի­­­կը։

«Հետ­­քի» լրագ­­րողներ Անի Յով­­հաննի­­սեանը եւ Հրանդ Գալստեանը հսկո­­ղու­­թեան տակ առ­­նուած են եւ տա­­րուած Կենտրոն բա­­ժան­­մունք։

Ջար­­դուած է «Ազա­­տու­­թիւն» ռա­­տիոկա­­յանի տե­­սախ­­ցիկնե­­րէն մէ­­կը, ինչպէս նաեւ լրագ­­րո­­­ղի հե­­ռախօ­­սը, որուն հետ ան կը փոր­­ձեր տե­­սան­­կա­­­րահա­­նել, իսկ ոս­­տի­­­կանու­­թեան Նոր-Նոր­­քի բաժ­­նի սպան հրե­­լով շէն­­քէն դուրս հա­­նած է «Ազա­­տու­­թիւն» ռա­­տիոկա­­յանի նկա­­րահա­­նող խումբը։

Բաղ­­րա­­­մեան պո­­ղոտա­­յի նստա­­ցոյ­­ցը ցրե­­լու ըն­­թացքին բռնի ու­­ժի գոր­­ծադրմամբ բա­­ժին­­ներ տա­­րուած են 237 հո­­գի։ Հսկո­­ղու­­թեան տակ առ­­նուած եւ աւե­­լի ետք մէկ մա­­սը ազատ ար­­ձա­­­կուած, 36 ան­­ձեր տե­­ղափո­­խուած են հան­­րա­­­պետա­­կան նար­­կո­­­լոգիական կլի­­նիկ՝ բժշկա­­կան փոր­­ձաքննու­­թեան հա­­մար։

Յու­­նի­­­սի 23-ին (ժա­­մը 11.30 դրու­­թեամբ) Առող­­ջա­­­պահու­­թեան նա­­խարա­­րու­­թիւնը տե­­ղեկա­­ցու­­ցած է, որ Յու­­նի­­­սի 23-ի լու­­սա­­­բացին զան­­գուածա­­յին մի­­ջոցառ­­ման ժա­­մանակ շտապ օգ­­նութեան ծա­­ռայու­­թեան դի­­մած են 25 անձ, որոնցմէ 15-ը հի­­ւան­­դա­­­նոց տե­­ղափո­­խուած են տար­­բեր մարմնա­­կան վնա­­սուածքնե­­րով։

Գլխա­­ւոր դա­­տախա­­զու­­թիւնը յայ­­տա­­­րարու­­թիւն տա­­րածած է, ուր կ՚ըսուի թէ, 2015 թուակա­­նի Յու­­նի­­­սի 22-ի լոյս 23-ի գի­­շերը՝ սկսած ժա­­մը 19.30-էն տե­­ւական ժա­­մանակ մի խումբ ան­­ձինք, անօ­­րինա­­կան հա­­ւաք, երթ, ապա նաեւ նստա­­ցոյց կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լով Երե­­ւան քա­­ղաքի Բաղ­­րա­­­մեան պո­­ղոտա­­յի վրայ խախ­­տած են հա­­սարա­­կական կար­­գը։ Յա­­րու­­ցուել է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիր­­քի 258-րդ յօ­­դուա­­ծի 1-ին մա­­սով՝ խու­­լի­­­գանու­­թեան յան­­ցա­­­կազ­­մի յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րով։ 22.06.2015թ. քրէական գոր­­ծը ու­­ղարկուած է ՀՀ քննչա­­կան կո­­միտէ՝ նա­­խաքննու­­թիւն կա­­տարե­­լու հա­­մար։ Ոս­­տի­­­կանու­­թեան կող­­մէ հսկո­­ղու­­թեան տակ առ­­նուած ան­­ձե­­­րէ ՀՀ քննչա­­կան կո­­միտէի քննիչ­­նե­­­րու կող­­մէ հար­­ցաքննուած են շուրջ 40 անձ, կարգ մը անձերու հար­­ցաքննու­­թիւննե­­րը ըն­­թացքի մէջ են։ Նշա­­նակուել են դա­­տաբժշկա­­կան, նիւ­­թա­­­գիտա­­կան եւ քրէագի­­տական փոր­­ձաքննու­­թիւններ։

ՀՔԱ Վա­­նաձո­­րի գրա­­սենեակը ոս­­տի­­­կանու­­թեան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը դա­­տապար­­տող յայ­­տա­­­րարու­­թիւն տա­­րածած է, ինչպէս նաեւ իրա­­ւաբա­­նական աջակ­ցութիւն կը տրա­մադ­րէ ոս­տի­կանու­թեան այդ գործողութիւններէ տուժած անձերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ