Եղբայրական դրախտ՝ Քամփ Արմէն

21 Յունիս Կիրակի օր այցելեցի Թուզլայի «Քամփ Արմէն» ճամբարը։ Ճամբու ընթացքին ես ինծի կը հարցնէի «արդեօք ուրիշներ ալ կ՚ըլլա՞ն, թէ ոչ առանձին պիտի մնամ»։

ԿԱՐՕՏ ԽԱՉԻԿՕՂԼՈՒ

21 Յունիս Կիրակի օր այցելեցի Թուզլայի «Քամփ Արմէն» ճամբարը։ Ճամբու ընթացքին ես ինծի կը հարցնէի «արդեօք ուրիշներ ալ կ՚ըլլա՞ն, թէ ոչ առանձին պիտի մնամ»։

Թուզլա հասնելով բոլոր այդ մտահոգութիւններս վերացան։

Շուտով նկատեցի որ երիտասարդ զանգուած մը կար ճամբարի տարածքին, առանց մայրենի լեզուները՝ կրօնական եւ ազգային ինքնութիւնները տարբեր էին։ Հետզհետէ ծանօթանալով անոնց, տեսայ որ ինծի հետ նոյն հոգերը կը բաժնեն։ Միջոց մը ետք եղբայրական զգացումներով կը դիտէի շուրջբոլորս գտնուող այդ անծանօթ բայց հարազատ երիտասարդութիւնը։

Ես այս պահուն կը դժուարանամ հոն տիրող մթնոլորտը ձեզի փոխանցելու։ Կարծեմ թէ ամենալաւ բացատրող բառը «ապրում» պիտի ըլլայ։ Ուրեմն ապրումն ալ ոչ թէ պատմել, այլ ապրիլ պէտք է։

Մեր սովորական կեանքի մէջ երբեմն անձամբ կը համոզուինք, շատ անգամ ալ մեր շուրջ գտնուողներէն կ՚իմանանք թէ այլեւս սէր, եղբայրութիւն, մտերմութիւն չէ մնացած մարդոց միջեւ։ Եթէ դուք ալ այդպէս կը կարծէք, գոնէ անգամ մը այցելեցէք Քամփ Արմէն ճամբարը։

Ես կը կարծեմ թէ նախորդ կիրակի յանկարծակիօրէն մեծցաւ իմ ընտանիքը։ Ծանօթացայ համշէնցիներու հետ, ու նոյն լեզուով խօսեցանք։ Խօսեցայ ալեւիներու հետ, որոնք մեզ՝ հայերուս նման տխուր ճակատագիր մը ապրած են։

Տեսնելով այս զանազան ազգութիւններու եւ կրօններու պատկանող մարդոց Քամփ Արմէնի համար ցուցաբերած զօրակցութիւնը, հասկցայ որ այս մէկը միայն հայկական խնդիր մը չէ, այլ համամարդկային։ Կարծես հասարակութեան մէջ «միւսը» համարուողները կողք կողքի եկած, նոյն բանը կ՚ուզէին։ Ազատութեան պայքար մըն էր այս։

Ծանօթացայ նաեւ քիւրտերու հետ։ Անոնք ալ անարդարութեան ենթարկուած էին։ Այս հողերուն վրայ մեծ տառապանքներ ապրած։ Որքան նման էին մեր երգերը, պարերը։ Մեր լեզուներուն մէջ որքան շատ նման բառեր կային։ Մեր վարմունքը, ուրախութիւնը, տխրութիւնը, բարկութիւնը նոյնպէս նման էին իրարու։

Անհամար հասարակաց երգեր, կէտեր ունէինք եւ հիմա Քամփ Արմէնն ալ անոնցմէ մէկը դարձած է։ Հայերու հետ միասին քիւրտեր, հրեաներ, յոյներ, թուրքեր, ասորիներ, ալեւիներ, զրապաշտներ, համշէնցիներ, զազաներ եւ դեռ ուրիշներ կը պայքարին նոյն նպատակին համար։ Յստակ է պայքարին նպատակը։ Քամփ Արմէն վերադարձուի իր տիրոջ եւ գործէ իր հիմնարկութեան նպատակով։ Մանուկներու ուրախ աղաղակներով, ճիչերով թնդայ այս պարտէզը։

Այցելեցէք Քամփ Արմէն։ Այցելեցէք եւ դուք ալ ուրախացէք տեսնելով այս եղբայրական ապրումը։ Դուք ալ ոգեւորուեցէք ապրելով զօրակցութեան ոյժը։ Դուք ալ համոզուեցէք որ երկրի վրայ ալ դրախտներ գոյացնել կարելի է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ