Իֆթարը աւանդական, հարցերը հրատապ

Երկրի քրիս­տո­նեայ եւ հրեայ հա­մայնքնե­րը վեր­ջին տա­րինե­րուն սո­վորու­թեան վե­րածած են Ռա­մազան ամ­սուան առ­թիւ իֆ­թա­րի հիւ­րա­սիրու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պել։ Քա­ղաքիս հայ, յոյն, հայ կա­թողի­կէ, հրեայ, ասո­րի, քաղ­դէացի, պուլղար եւ վրա­ցի հա­մայնքնե­րու այս տա­րուան այդ աւան­դութիւ­նը կա­յացաւ հրեայ հա­մայնքի տան­տէ­րու­թեամբ, Պա­լատի Օր-Ահա­յիմ Հրէից հի­ւան­դա­նոցի պար­տէ­զին մէջ։ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Խոր­հուրդին մօտ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ՝ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճա­նի ջան­քե­րով այս տա­րի աւե­լի մեծ մաս­նակցու­թիւն մը կա­յացաւ իֆ­թա­րի ընթրի­քին։

Տրուած ըլ­լա­լով թէ նոյն օր Ան­գա­րայի մէջ կը գու­մա­րուէր Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդը, նա­խարա­րի մա­կար­դա­կով մաս­նակցու­թիւն չկա­յացաւ։ Ներ­կայ էին Իս­թանպու­լի Կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հին, Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհնուր Տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ, ԵՄ Նա­խարա­րի տե­ղակալ Ռաուֆ Էն­կին Սոյ­սալ, Սկիւ­տա­րի քա­ղաքա­պետ Հիլ­մի Թիւրքմէն, Էյիւ­պի քա­ղաքա­պետ Ռէմ­զի Այ­տըն, Ֆա­թիհի քա­ղաքա­պետ Մուսթա­ֆա Տէ­միր, Պա­քըր­գիւղի քա­ղաքա­պետ Պիւ­լէնտ Քէ­րիմօղ­լու, ՃՀՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սէ­լինա Տո­ղան եւ ԱՔՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Մար­գար Էսա­յեան։ Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետ Քա­տիր Թօփ­պաշ ու­րիշ իֆ­թա­րի մը հրա­ւիրուած ըլ­լա­լուն, նա­խապէս կար­ճա­տեւ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ ող­ջունե­լով բո­լոր ներ­կա­ները։

Թուրքիոյ հրէից հա­մայնքի անու­նով ելոյթ ու­նե­ցաւ հա­մայնքա­պետ Իզաք Իպ­րա­հիմ­զա­տէ, որ ատե­լու­թեան մթնո­լոր­տի դէմ իր մտա­հոգու­թիւննե­րը յայտնե­լէ ետք անդրա­դար­ձաւ Քամփ Ար­մէն ճամ­բա­րի խնդրին։ «Մտա­դիր էինք այս սե­ղանը Քամփ Ար­մէ­նի տա­րած­քին մէջ սար­քե­լու։ Սա­կայն այդ կա­լուա­ծին վե­րադար­ձուելու գոր­ծընթա­ցը եր­կա­րեցաւ եւ պար­տադրա­բար այստեղ հա­ւաքուած ենք։ Սա­կայն Քամփ Ար­մէ­նի զօ­րակ­ցութեան շար­ժումէն Սա­յաթ Թէ­քիր եւ Ալէք­սիս Քալք մեզ հետ են։ Շնոր­հա­կալ եմ իրենց»։

Նոր Զար­թօնք շար­ժումի գոր­ծիչներ Սա­յաթ Թէ­քիր եւ Ալէք­սիս Քալք նախ­քան ճաշ­կե­րոյ­թի սկսի­լը, առիթ ու­նե­ցան քա­ղաքապետ Քատիր Թօփպաշի հետ Քամփ Արմէնի մասին խորհրդակցելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ