Վերջ գտաւ ցեղային գաղտնագիրի գործադրութիւնը

Ակօ­սի 1000-րդ հա­մարին զու­գա­դիպող բա­րեփո­խումնե­րէն մէկն է դպրոց­նե­րու ար­ձա­նագրման ըն­թացքին գոր­ծադրուած ցե­ղային գաղտնա­գիրի վե­րացու­մը։ Կրթու­թեան նա­խարար Նա­պի Ավ­ճը­յի ստո­րագ­րութեամբ հրա­տարա­կուած շրջա­բերա­կանը վերջ տուաւ քրիս­տո­նեանե­րու դպրոց­նե­րէ ներս խտրա­կանու­թիւն տա­ծող ցե­ղային գաղտնա­գիրի գոր­ծադրու­թեան։ Այսուհետեւ ար­ձա­նագ­րութեան լիազօ­րու­թիւնը յանձնուած է դպրոց­նե­րու տնօ­րէնու­թեան։ Բա­ցի այդ, թրքե­րէնով դա­սաւան­դուած առար­կա­ներու ու­սուցիչ­նե­րուն պաշ­տօ­նավար­ման տե­ւողու­թիւնն ալ պի­տի ճշդուի տնօ­րէնու­թեան կող­մէ։

Նա­խապէս ոչ իս­լամ դպրոց­նե­րու ար­ձա­նագ­րութիւննե­րը կը վա­ւերաց­նէր քա­ղաքի կրթա­կան տնօ­րէնու­թիւնը։ Այս մար­մի­նը կը քննէր դի­մող աշա­կեր­տի անձնագ­րի տուեալ­նե­րը եւ ի պա­հան­ջեալ հար­կին կը մեր­ժէր ար­ձա­նագ­րութիւ­նը։ Նա­խորդ տա­րինե­րուն եղած էին դէպ­քեր, ուր Կրթա­կան Տնօ­րէնու­թեան կող­մէ մեր­ժուած աշա­կերտնե­րու ծնող­նե­րը հա­զիւ դա­տական մի­ջամ­տութեամբ յա­ջողած էին իրենց զա­ւակ­նե­րը հայ դպրոց ղրկե­լ։

Նա­խապէս ալ այս մա­սին բա­ւական աշ­խա­տանք տա­րած ՀՏՓ-ի Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան, խորհրդա­րան ընտրուելէ ետք տե­սակ­ցե­ցաւ Նա­խարար Նա­պի Ավ­ճը­յի հետ եւ այս վեր­ջի­նը հա­մոզեց խնդի­րը լու­ծե­լու հա­մար շրջա­բերա­կանի մը բա­ւարար ըլ­լա­լուն մա­սին։

Այս տե­սակ­ցութե­նէ ետք Նա­պի Ավ­ճը­յի կար­գադրու­թեամբ նա­խարա­րու­թեան պաշ­տօ­նակա­տար­նե­րը եւ Կա­րօ Փայ­լան միաս­նա­բար շրջա­բերա­կան մը պատ­րաստե­ցին որ ստո­րագ­րուեցաւ նա­խարա­րին կող­մէ։

Բա­ցի ար­ձա­նագ­րութեան գոր­ծընթա­ցի դիւ­րա­ցու­մէն, թրքե­րէն լե­զուով դա­սաւան­դուած առար­կա­ներու ու­սուցիչ­ներն ալ այս նոր շրջա­բերա­կանով կ՚են­թարկուին դպրո­ցի վար­չութեան նա­խընտրու­թիւննե­րուն։ Նա­խապէս այս դա­սաժա­մերու ու­սուցիչ­նե­րը կը ճշդուէին կրթու­թեան նա­խարա­րու­թեան կող­մէ եւ իրենց պաշ­տօ­նավար­ման շրջա­նը սահ­մա­նուած էր հինգ տա­րիով։ Նոր կար­գադրու­թիւնով այդ տա­րեշրջա­նը եր­կա­րելու իրա­ւասու­թիւնն ալ կը թո­ղուի տնօ­րէնու­թեան։

Այս ար­դիւնքին հա­մար գոհունակու­թիւն յայտնող Կա­րօ Փայ­լա­նը, կը նշէ թէ այս գոր­ծընթա­ցի տեւողութեան երեք նա­խարար­ներ փո­խուած են։ «Նա­խապէս լուրջ խո­չըն­դոտներ ապ­րե­ցանք ցե­ղային գաղտնա­գիրի բե­րու­մով։ Հի­մա պար­տադրու­թեան տակ կրօ­նափոխ եղած մեր ազ­գա­յին­նե­րու զա­ւակ­ները եւս հեշ­տութեամբ պիտի կրնան յաճախել իրենց նախընտրած դպրոցները» կ՚ըսէ Կարօ Փայլան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ