Զիւրիխի ալէվիներու անմիջականութեան մէջ

Եթէ գի­շերուայ մու­թին մէջ հա­ճոյ­քով սլքտա­ցած, փո­ղոց­նե­րը տե­սած չըլ­լա­յի, Զուիցե­րիոյ մայ­րա­քաղա­քէն վե­րադար­ձիս խիստ հա­մառօտ պի­տի պատ­մէի «Զիւ­րի­խը ինչպէ՞ս գտար» հարցնող­նե­րուն։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Եթէ գի­շերուայ մու­թին մէջ հա­ճոյ­քով սլքտա­ցած, փո­ղոց­նե­րը տե­սած չըլ­լա­յի, Զուիցե­րիոյ մայ­րա­քաղա­քէն վե­րադար­ձիս խիստ հա­մառօտ պի­տի պատ­մէի «Զիւ­րի­խը ինչպէ՞ս գտար» հարցնող­նե­րուն։

Իս­կա­պէս խիստ հա­ճելի էր Զիւ­րի­խաբ­նակ ալէ­վինե­րու «Մո­զայիք» կեդ­րո­նի մի­ջավայ­րը։ Հա­ճելի էր քա­նի որ շատ կը նմա­նէր Պո­յաճը­գիւ­ղի Սուրբ Երից Ման­կանց Եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակի մէջ գտնուող մեր՝ Սա­յաթ Նո­վացի­ներուս հա­ւաքա­վայ­րին։ Աւե­լի քան 60 ալէ­վիներ մէկ­տե­ղուած էին 19 Ապ­րիլ Կի­րակի օր, իմ զրոյ­ցին ներ­կայ գտնուելու հա­մար։ Նա­խապէս մեր էջե­րու աւագ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեան ալ այ­ցե­լած էր նոյն ակումբը եւ այդ այ­ցե­լու­թեան ար­դած խան­դա­վառու­թիւնը տա­կաւին թարմ է յի­շողու­թիւննե­րու մէջ։ Ըն­տա­նեկան մի­ջավայր մըն է այս, ուր բո­լոր ներ­կա­ները ծա­նօթ են իրա­րու։ Անոնց միացած են նաեւ մօ­տակայ Գրոս­լինկեն քա­ղաքէն եկած տաս­նեակ մը հա­յեր։ Երկյար­կա­նի հա­ւաքա­տեղին ու­նի ար­դի յար­մա­րու­թիւննե­րով օժ­տուած խո­հանոց մը։ Կա­նայք ժիր աշ­խա­տու­թիւն կը տա­նին բա­նախօ­սու­թե­նէ ետք բո­լոր ներ­կա­ները կե­րակ­րե­լու ուղղո­ւթեամբ։

«1915-ի դա­րադար­ձին հայ ժո­ղովուրդին ակնկա­լու­թիւննե­րը» նիւ­թին շուրջ կը փոր­ձենք վեր­լուծել հա­յոց աւան­դա­կան պա­հանջնե­րը։ Կը հաս­տա­տենք թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ամե­նամեծ եւ յա­րատեւ աւե­րը կը յայտնուի հայ­րե­նազրկու­թեամբ։ Բնօր­րաննէն զրկուելով է որ հայ ան­հա­տը կը դժուարա­նայ իր ազ­գա­յին ինքնու­թիւնը անա­ղարտ պա­հել օտար եր­կինքնե­րու տակ։ Բայց երբ կը խօ­սինք ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող չոր­րորդ սե­րունդի զրկանքնե­րուն մա­սին, որ­քա­նո՞վ իրա­ւացի է հայ ազ­գէն յափշտա­կուած հայ­րե­նիքի վե­րադար­ձը պա­հան­ջել։ Գի­տենք որ եր­կիր ըսուած բա­նը պա­հան­ջե­լու, առ­նե­լու-տա­լու յա­րաբե­րու­թիւնով լու­ծե­լի խնդիր մը չէ։ Կամ կը դի­մադ­րես, կը պաշտպա­նես հայ­րե­նի եր­կի­րը, կամ ալ կամքդ կը պար­տադրես յափշտա­կուա­ծը ետ նուաճե­լու հա­մար։ Նոյ­նիսկ պահ մը են­թադրենք որ սե­փական հայ­րե­նիքը խլող­նե­րը գի­տակ­ցին գոր­ծուած անար­դա­րու­թեան եւ ոս­կեայ ափ­սէի մը մէջ վե­րադարձնեն մեր գե­րավա­րուած հայ­րե­նիքը։ Հա­պա մենք ի՞նչ հե­ռան­կար ու­նինք այդ սուրբ երկրի նկատ­մամբ։ Ո՞ր լե­զուով կը պա­տաս­խա­նենք մեր երկրի բնա­կիչ­նե­րուն հետ։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլ­լայ, երբ մենք յայտնուինք իբ­րեւ երկրի տէրն ու իշ­խա­նը եւ ու­նե­նանք մեզ­մէ տաս­նա­պատիկ աւե­լի մեծ թի­ւով փոք­րա­մաս­նութիւն մը։ Թե­րեւս ալ կա­րելի է պա­հան­ջել որ մենք եր­կի­րը մա­քուր կ՚ու­զենք։ Այդ պա­րագա­յին ի՞նչ պէտք է տնօ­րինենք վեր­ջին հա­րիւր տա­րուայ ըն­թացքին այդ եր­կի­րը ապ­րող ժո­ղովուրդնե­րուն հա­մար։ Եթէ անոնք հե­ռանան մեր ձեռ­քը կը մնայ ան­մարդաբ­նակ վայր մը։ Կամ ալ թե­րեւս մենք կը սխա­լինք։ Կա­րելի է կար­ծել որ այժմու Լոս Ան­ճէ­լըսաբ­նակ, Փա­րիզաբ­նակ, Պոլ­սաբնակ, Մոն­րէալաբ­նակ, Սիտ­նիաբ­նակ մեր քոյ­րերն ու եղ­բայրնե­րը կա­րօտով կը սպա­սեն այդ պա­հուն որ­պէսզի վե­րահաս­տա­տուին իրենց նախ­նեաց ապ­րած գիւ­ղերն ու քա­ղաք­նե­րը։ Առանց այս հար­ցումնե­րուն տրա­մաբա­նական եւ հա­մոզիչ պա­տաս­խան մը գտնե­լու ի՞նչ նշա­նակու­թիւն ու­նի հայ­րե­նի եր­կի­րը ետ պա­հան­ջել։

Բո­լոր այս վար­կածնե­րով շա­րու­նակուող բա­նախօ­սու­թիւնը բնա­կանա­բար տե­ղի տուաւ հար­ցումնե­րու տա­րափի։ Ի վեր­ջոյ, երբ կազ­մա­կեր­պիչնե­րը նկա­տի ու­նե­ցան ժա­մանա­կը խնա­յելու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը, վեր­ջա­կէտ մը դրին զրոյ­ցին առա­ջար­կե­լով որ խօ­սակ­ցութիւննե­րը շա­րու­նա­կուին ճա­շասե­ղան­նե­րու շուրջ։

Բա­րեբախ­տա­բար այս հա­ճելի հան­դի­պու­մէն ետք առի­թը ու­նե­ցանք փոքր խումբով մը շրջա­գայե­լու Զիւ­րիխ քա­ղաքը, որ ինչպէս Եւ­րո­պայի նմա­նաբ­նոյթ այլ բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րու, հմա­յեց մեզ իր կարգ ու կա­նոնով, խնա­մուած դի­մագի­ծով եւ պար­զունակ, բայց այդ պար­զունա­կու­թեան մէջ գու­նա­գեղ առաս­պե­լական պատ­մութիւ­նով։

Հանգրուան մըն էր որ աւար­տե­ցաւ ըն­թացք տա­լու հա­մար նոր ու­ղե­ւորու­թիւննե­րու եւ նոր հան­դի­պումնե­րու մերթ հա­րազատ երկրի մէջ, մերթ ալ օտար ամա­յի ճամբեքի վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ