Հրանդ Տինք հիմնարկի Մշակութային ժառանգութեան նախագիծը կը շարունակուի 2014-ի սկիզբէն ի վեր։ Այս տարի նորոգուած ծրագիրով մը իր գործունէութիւնը շարունակող նախագիծը, Յունիս ամսուան ընթացքին կատարած է այց մը Կեսարիոյ նահանգ, որուն նպատակն էր տեղւոյն վրայ սերտել, տեղագրել ու լուսանկարել յունական եւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։
Հրանդ Տինք հիմնարկի Մշակութային ժառանգութեան նախագիծը կը շարունակուի 2014-ի սկիզբէն ի վեր։ Այս տարի նորոգուած ծրագիրով մը իր գործունէութիւնը շարունակող նախագիծը, Յունիս ամսուան ընթացքին կատարած է այց մը Կեսարիոյ նահանգ, որուն նպատակն էր տեղւոյն վրայ սերտել, տեղագրել ու լուսանկարել յունական եւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։
Նախագիծը կը միտի ցանկագրել ու քարտէսագրել ոչ-իսլամ ժողովուրդներուն պատկանող մշակութային ժառանգութիւնը, կեդրոնանալով յոյներու, հրեաներու, ասորիներու եւ հայերու կառուցած մշակութային ժառանգութեան վրայ։ Ցանկերուն մէջ տեղ կը գտնեն, եկեղեցիներ, վանքեր, մատուռներ, դպրոցներ, որբանոցներ, գերեզմանատուներ եւ այլ հանրային բնոյթ կրող կառոյցներ։
Նախագիծը կ՚ընդգրէ ցանկագրման աշխատանք համայն Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին, ուր արդէն իսկ հազարաւոր միաւոր ի մի բերուած են, զանազան սկզբնական աղբիւրներու՝ պատրիարքական ցանկերու, հայրենակցական յուշամատեաններու, օսմանեան արխիւներու, եկեղեցական տոմարներու, եւ երկրորդական աղբիւրներու վրայ հիմնուելով։ Կեսարիոյ պարագային ցանկագրումը եւ քարտէսագրութիւնը կ՚ամբողջանայ դաշտային սերտողութեամբ, որուն ընթացքին կը համեմատուին աղբիւրներէ հաւաքուած տեղեկութիւնները գետնի վրայ իրականութեան հետ։ Համեմատութեան խնդիրները ըլլալով յայտնաբերել, թէ հարիւրաւոր հանրային կառոյցներէն այժմ որքա՞նն է որ կանգուն է, որքանը՞ կը բանի այլ նպատակներով, որքանը՞ անյայտ կորած է եւ որո՞նց վերաբերեալ կարելի է փրկելու աշխատանք տանիլ։
Կեսարիոյ դաշտային աշխատանքը բաղկացած էր երկու հանգրուանէ։ Առաջինը Մշակութային ժառանգութեան նախագիծի աշխատակիցներուն կողմէ ինը օրերու վրայ երկարող արագ այցելութիւններն էին կառոյցներուն հաւանական վայրերը, նախագիծի ցանկերուն վրայ հիմնուած։ Առաջին հանգրուանը սահմանափակուած էր նախնական սերտողութեամբ, տեղագրութեամբ եւ լուսանկարելով, նպատակ ունենալով կարելի եղածին չափ ամբողջական հետախուզական աշխատանք տանիլ։ Երկրորդ հանգրուանը հիմնուած էր առաջին հանգըրւանին վրայ, որուն ընթացքին առաջին հանգըրւանին յայտնաբերուած մշակութային ժառանգութեան կառոյցներէն ընտրանի մը կազմուելով, մասնագէտներու խումբ մը կը տանի աւելի համապարփակ սերտողութիւն կառոյցներուն վերաբերեալ։ Երկրորդ հանգրուանին համար, Հրանդ Տինք հիմնարկը կը համագործակցի Մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու կազմակերպութեան հետ (KMKD)։
Կեսարիոյ աշխատանքին վերաբերեալ պիտի հրատարակուի տեղեկագիր մը, որուն մէջ տեղ պիտի գտնեն դաշտային աշխատանքի արդիւնքները եւ մասնագէտներու խումբին կողմէ պատրաստուած կորուստի ու վտանգի հաւանականութեան գնահատումը։ Հինգ կառոյցի վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ տեղ պիտի գտնեն, ի միտի ունենալով քարոզչական եւ պաշտպանողական աշխատանք տանիլ, տեղեկագիրը հասցնելով պատկան մարմիններու։