Դէպի Թոմարզա երթ ու դարձ

Բնաւ մտե­­րիմ չեմ եղած մեծ հօրս, Իս­­մա­­­յիլին հետ։ Ինք մա­­հացած էր, երբ տա­­կաւին միջ­­նա­­­կարգ վար­­ժա­­­րան կը յա­­ճախէի։ Ինք իս­­կա­­­կան իս­­լամ մըն էր Մեր­­սի­­­նէն եւ խիստ հայր մը։ Ան­­կեղծօ­­րէն, չէի սի­­րեր զինք մեծ­­նա­­­լու ըն­­թացքիս, քա­­նի որ կա­­րեկ­­ցութեան եւ զո­­ւար­­ճութեան պա­­կաս կը տես­­նէի իր մէջ։ Հայրս տա­­րիներ ետք ին­­ծի պատ­­մեց ամէն ինչ որ գի­­տէր մեծ հօրս մա­­սին, յատ­­կա­­­պէս որ ծնած էր Թո­­մար­­զա­­­յի մէջ, Կե­­սարիոյ մօտ, եւ երբ իր մայ­­րը վերստին ամուսնա­­ցած է, հե­­ռացած է Թո­­մար­­զա­­­յի իր տու­­նէն եւ եկած Մեր­­սին, երբ տա­­կաւին երա­­խայ էր։ Հայրս չէր թաքցներ իր կաս­­կա­­­ծը թէ Իս­­մա­­­յիլը հայ է ար­­մատնե­­րով –իր կեան­­քին պատ­­մութիւ­­նը պար­­զա­­­պէս տրա­­մաբա­­նական չէր։ Չեմ հե­­տեւած Իս­­մա­­­յիլի կեան­­քի պատ­­մութեան, լաւ յի­­շատակ­­ներ չու­­նիմ իր­­մէ, եւ նա­­խընտրած եմ հե­­տաքրքրու­­թիւնս եւ զգա­­ցական ներդրումս կեդ­­րո­­­նաց­­նել ըն­­տա­­­նիքիս աւե­­լի մտեր­­միկ մա­­սերուն վրայ։ Չէի գի­­տեր որ Հրանդ Տինք հիմ­­նարկի Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան նա­­խ

ԶԷՅՆԷՓ ՕՂՈՒԶ

Բնաւ մտե­­րիմ չեմ եղած մեծ հօրս, Իս­­մա­­­յիլին հետ։ Ինք մա­­հացած էր, երբ տա­­կաւին միջ­­նա­­­կարգ վար­­ժա­­­րան կը յա­­ճախէի։ Ինք իս­­կա­­­կան իս­­լամ մըն էր Մեր­­սի­­­նէն եւ խիստ հայր մը։ Ան­­կեղծօ­­րէն, չէի սի­­րեր զինք մեծ­­նա­­­լու ըն­­թացքիս, քա­­նի որ կա­­րեկ­­ցութեան եւ զո­­ւար­­ճութեան պա­­կաս կը տես­­նէի իր մէջ։ Հայրս տա­­րիներ ետք ին­­ծի պատ­­մեց ամէն ինչ որ գի­­տէր մեծ հօրս մա­­սին, յատ­­կա­­­պէս որ ծնած էր Թո­­մար­­զա­­­յի մէջ, Կե­­սարիոյ մօտ, եւ երբ իր մայ­­րը վերստին ամուսնա­­ցած է, հե­­ռացած է Թո­­մար­­զա­­­յի իր տու­­նէն եւ եկած Մեր­­սին, երբ տա­­կաւին երա­­խայ էր։ Հայրս չէր թաքցներ իր կաս­­կա­­­ծը թէ Իս­­մա­­­յիլը հայ է ար­­մատնե­­րով –իր կեան­­քին պատ­­մութիւ­­նը պար­­զա­­­պէս տրա­­մաբա­­նական չէր։ Չեմ հե­­տեւած Իս­­մա­­­յիլի կեան­­քի պատ­­մութեան, լաւ յի­­շատակ­­ներ չու­­նիմ իր­­մէ, եւ նա­­խընտրած եմ հե­­տաքրքրու­­թիւնս եւ զգա­­ցական ներդրումս կեդ­­րո­­­նաց­­նել ըն­­տա­­­նիքիս աւե­­լի մտեր­­միկ մա­­սերուն վրայ։ Չէի գի­­տեր որ Հրանդ Տինք հիմ­­նարկի Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան նա­­խագի­­ծը, ուր այժմ կ՚աշ­­խա­­­տակ­­ցիմ որ­­պէս գի­­տաշ­­խա­­­տող, զիս պի­­տի տա­­նէր Իս­­մա­­­յիլին գիւ­­ղը... Չէի ալ գի­­տեր որ այսքան պի­­տի խան­­դա­­­վառո­­ւիմ տես­­նե­­­լու հա­­մար այդ գիւ­­ղը, խօ­­սելու այնտե­­ղի մար­­դոց հետ։ Կը խոս­­տո­­­վանիմ, որ չէի պատ­­կե­­­րաց­­ներ որ պի­­տի ու­­զէի գտնել կոր­­սո­­­ւած առի­­թը վե­­րամ­­շա­­­կելու յա­­րաբե­­րու­­թիւնս մա­­հացած մեծ հօրս հետ, իր բա­­ցակա­­յու­­թեան կեր­­տե­­­լով իր կեան­­քի երե­­ւակա­­յական պատ­­մութիւ­­նը։

Մեր մշա­­կու­­թա­­­յին ցան­­կագրման նա­­խագի­­ծին հա­­մար, Քայ­­սէ­­­րին ընտրո­­ւած էր որ­­պէս նախ­­նա­­­կան հե­­տազօ­­տու­­թեան շրջան։ Այնտեղ մենք ու­­սումնա­­սիրե­­ցինք Կե­­սարիա քա­­ղաքին եւ անոր շրջա­­կայ­­քին մեծ մա­­սը, փնտռե­­լով եկե­­ղեցի­­ներ, վան­­քեր, դպրոց­­ներ եւ գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­ներ։ Անոնցմէ միայն մի քա­­նին կան­­գուն կրցանք գտնել, որոնցմէ մեծ մա­­սը ար­­դէն իսկ կը գոր­­ծա­­­ծուին ոչ իրենց բուն նպա­­տակին հա­­մար։ Մեծ մա­­սը գետ­­նին հա­­ւասա­­րուած են, ռմբա­­կոծուած, ձգո­­ւած իրենց ճա­­կատագ­­րին եւ կամ դար­­ձած թի­­րախը գանձ փնտռող­­նե­­­րու։ Ամ­­բողջա­­կան գիւ­­ղեր լքո­­ւած են, ուր ժա­­մանա­­կին բնակչութեան փո­­խանա­­կու­­մի ար­­դիւնքով տե­­ղակա­­յուած պալ­­քա­­­նեան ժո­­ղովուրդնե­­րը բնա­­կեցո­­ւած են հա­­յերուն եւ յոյ­­նե­­­րուն տու­­նե­­­րուն մէջ, վեր­­ջիննե­­րուս բռնի գաղ­­թէն ետք։ Ան­­յայտ պատ­­ճառնե­­րով, վե­­րա­­բնա­­­կեցո­­ւած մար­­դիկն ալ լքած են գիւ­­ղե­­­րը, բայց կրնանք գու­­շա­­­կել, թէ քա­­նի որ բան մը չկար որ զի­­րենք կը կա­­պէր այս քարքրոտ հե­­ռու գիւ­­ղե­­­րուն։

Թո­­մար­­զան իր իւ­­րա­­­յատուկ տե­­ղը ու­­նի Կե­­սարիոյ պատ­­մութեան մէջ։ Կը զա­­տորոշուի ոչ թէ որ­­պէս հեր­­թա­­­կան գիւղ մը, այլ որ­­պէս այլ կեդ­­րոն մը մշա­­կոյ­­թի, ու­­սումի եւ կրօն­­քի։ Վեց կա­­րեւոր հան­­րա­­­յին կա­­ռոյցնե­­րէն որոնք ժա­­մանա­­կին կը մարմնա­­ւորէին Թո­­մար­­զա­­­յին մշա­­կոյ­­թը, այժմ միայն չբա­­նող եկե­­ղեցի մը եւ վան­­քի մը աւե­­րակ­­նե­­­րը կը գո­­յատե­­ւեն։ Մեր Թո­­մար­­զա առա­­ջին այ­­ցի ըն­­թացքին, մե­­զի ըսո­­ւած էր թէ միայն Սուրբ Պօ­­ղոս Պետ­­րոսն է որ կը գո­­յատե­­ւէ։ Երկրորդ այ­­ցի մը կա­­րիք ու­­նէինք յա­­ւելեալ տե­­ղեկու­­թիւն հա­­ւաքե­­լու, եւ յայտնա­­բերե­­լու եր­­բեմնի փա­­ռաւոր Սուրբ Աս­­տո­­­ւածա­­ծին վան­­քին հետ­­քե­­­րը, որոնք որ­­պէս աւե­­րակ կը մնան այժմու կեդ­­րո­­­նին արո­­ւար­­ձա­­­նը։ Այս ան­­գամ առանց ու­­ղե­­­կիցի էինք, եւ հասկցած էինք, որ երբ ինքնու­­րոյն ենք, աւե­­լի մատ­­չե­­­լի է մե­­զի հա­­մար հա­­ղոր­­դակցիլ տեղ­­ւոյն բնակ­­չութեան հետ, ու աւե­­լի ար­­դիւնա­­ւէտ մեր աշ­­խա­­­տան­­քին հա­­մար։ Մեզ օգ­­նո­­­ղը տե­­ղացի կեն­­դա­­­նաբու­­ծութեամբ զբա­­ղուող Ատէմն էր, ան մեզ ցոյց տո­­ւաւ մեր փնտռա­­ծը, եւ փո­­խան­­ցեց կա­­պի տո­­ւեալ­­նե­­­րը յա­­ջորդ այ­­ցե­­­լու­­թեան հա­­մար։ Մեր եր­­րորդ այ­­ցե­­­լու­­թիւնը Թո­­մար­­զա կա­­յացաւ մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու խումբին հետ, որոնք մեզ միացան մեր ու­­սումնա­­սիրու­­թեան երկրորդ շաբ­­թո­­­ւան ըն­­թացքին։ Պա­­րոն Ատէ­­մը ոչ միայն պա­­տաս­­խա­­­նեց մեր դար­­ձեալ հան­­դի­­­պելու խնդրան­­քին, այլ մեր ժա­­մանու­­մէն առաջ պատ­­րաստած էր պաշ­­տօ­­­նական հայց Սուրբ Պօ­­ղոս Պետ­­րո­­­սի փակ դռնե­­րը բա­­նալու, բան մը որ մեր հա­­մար շատ դժո­­ւար պի­­տի ըլ­­լար ընել։ Երբ հա­­սանք Թո­­մար­­զա, զինք գտանք մեզ սպա­­սելէն, եկե­­ղեցիին դրան առ­­ջեւ։ Մինչ մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րը ան­­յա­­­գօրէն կը լու­­սանկա­­րէին ու կը չա­­փագ­­րէին կա­­ռոյ­­ցը, Պա­­րոն Ատէ­­մը մեզ պատ­­մեց իրենց «Թո­­մար­­զա­­­յի զար­­գացման միու­­թեան եւ իրենց տե­­ղական օրա­­թեր­­թին մա­­սին։ Մեր հա­­մաձայ­­նութիւ­­նը խնդրեց որ օրա­­թեր­­թին լրագ­­րողնե­­րը մեզ լու­­սանկա­­րեն ու մեր մա­­սին լրագ­­րութիւն մը պատ­­րաստեն։

Մենք այդ օր Թո­­մար­­զա­­­յին լու­­սարձակ­­նե­­­րուն տակ էինք։ Պա­­րոն Ատէ­­մը պատ­­մեց իր հնա­­գիտա­­կան վայ­­րե­­­րու հե­­տաքրքրա­­սիրու­­թեան մա­­սին, եւ իր մեծ հօր մա­­սին, որ հայ ըն­­տա­­­նիքի մը կող­­մէ որ­­դեգրո­­ւած է «պա­­տերազ­­մի ժա­­մանակ», ինչպէս որ ինք կ՚անո­­ւանէ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծը։ Թո­­մար­­զա­­­յին բուն բնա­­կիչ­­նե­­­րը, նե­­րառեալ իմ մեծ հայրս, կրնայ ըլ­­լալ որ մեկ­­նած են շա­­տոնց ի վեր։ Թո­­մար­­զա­­­յի բնոյ­­թը որ­­պէս կա­­րեւոր հայ­­կա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին կեդ­­րոն, թե­­րեւս կա­­րելի չըլ­­լայ նշմա­­րել այ­­սօր, բայց ան կը մնայ կեն­­դա­­­նի իրեն յա­­տուկ ձե­­ւով մը։ Մշա­­կոյ­­թը եւ յի­­շողու­­թիւնը կը շա­­րու­­նա­­­կեն ողջ մնալ քա­­րերուն ընդմէ­­ջէն, ստի­­պելով տե­­ղացի­­ներուն մտա­­ծել, գրել, եւ ներ­­կա­­­յաց­­նել այնտե­­ղի մշա­­կոյ­­թը։ Միայն հի­­մա որ կրնամ ես ինծի խոս­­տո­­­վանիլ, որ ձե­­ւով մը, կը փնտռէի բան մը որ խա­­փանէ մեծ հօրս դա­­ժան յի­­շատա­­կը միտ­­քիս մէջ։ Չեմ կրնար ըսել որ գտայ փնտռածս, բայց Թոմարզայի մէջ յայտնաբերեցի մարդկա­­յինին դի­մադ­րող կա­րողա­կանու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ