Կան իրողութիւններ, որոնք յանուն պատշաճութեան չեն խօսուիր։ Բանիմաց մարդը գիտէ թէ բոլոր ծիսակատարութիւնները, ներառեալ մկրտութիւնը բեմադրութիւններ են, որոնց ակունքները կ՚երկարին քրիստոնէութենէ շատ աւելի վաղ ժամանակներու։ Գիտէ, բայց կը խուսափի հաւատացեալի մը արժանապատուութիւնը վիրաւորելէ, չի գործածեր «բեմադրութիւն», «թատրոն» կամ «շօվ» բառերը։ Ան չի գործածէր բայց եկեղեցւոյ անունով խօսող վարդապետը անվարան կը յայտարարէ թէ մկրտութիւնը շօվ չէ։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Անշուշտ որ Յովհաննէս Մկրտիչի Յորդանան գետին մէջ կատարածը շօվ չէր։ Ան Յորդանան գետին մէջ կը լուար, կը մաքրեր նոր վարդապետութեան ուխտաւորները, իբրեւ պայծառակերպութիւն իրենց առաքելութեան ուղեւորութեան սկիզբին։ Բայց ի՞նչ նմանութիւն այդ կատարուածին եւ ձեր գործադրածին միջեւ։ Թողունք բուրվառները, քշոցները, գաւազանները, միայն ձեր տարազներուն, վեղարներուն, շուրջառներուն, փիլոնին, թագին նայելով պարզամիտ հասարակ մարդը պիտի ըսէ՝ «բեմի շոր»։ Հայ եկեղեցւոյ ճարտարապետական ոճը, գրաբար գրականութիւնը, հոգեպարար շարականները, հանդերձանքը, խունկի բուրմունքը հարազատ են մեզի համար։ Բայց դուրսէն դիտողի մը աչքով այս բոլորը ի՞նչ տարբերութիւն ունին ոեւէ Ափրիկեան ցեղախումբի մը աճպարար քահանային մատուցած ծիսակատարութենէն։
Անգամ մը եւս կրկնենք որ բոլոր ծիսակատարութիւնները բեմադրութիւն են եւ ունին շօվի բնոյթ։
Բացառութիւններ կան սակայն։ Այդ բացառութիւններէն մէկը կը տեսնենք որոշ գիտակցութեան մը շնորհիւ իր նախնեանց ազգային պատկանելութիւնը որդեգրելու համար մկրտուիլ ցանկացողի կերպարով։ Այս գրութեան համար դրդապատճառ եղաւ 12 Օգոստոս թուակիր «Ժամանակ» թերթի մէջ լոյս տեսնող «Մկրտութիւնը շօվ չէ» խորագրեալ լրատուութիւնը։ Կը պատմուէր 6. Համահայկական խաղերու առթիւ Հայաստան ժամանած երեք ծպտեալ հայերու մկրտութեան դիմումով ծագած տարակարծութիւնները։
Մենք զանազան օրինակներով գիտենք թէ այդ պայմաններու մատնուած հայերուն համար մկրտութեան խորհուրդը քրիստոնէութենէ աւելի հայանալու նշանակութիւն ունի։ Անոնք քրիստոնեայ ըլլալնուն համար չէ որ մկրտուիլ կ՚ուզեն, այլ հայանալու կամքը զիրենք կը տանի այդ ուղղութեան։ Ոեւէ քրիստոնեայի համար դժուար հասկնալի այս իրողութիւնը կը սպասուի որ դիւրին հասկնալի ըլլայ հայ հոգեւորականի համար։ Բաւ է յիշել թէ մենք քրիստոսէ առաջ ալ հայ էինք, ուստի հայ վարդապետի պատասխանատուութիւնը սահմանուած չի կրնար ըլլալ Քրիստոնէութեան հրամայականով։ Ան պարտաւոր է երկու արժանիքները իրարու մէջ ընդելուզելու։ Ծանր մեղք է քրիստոնէական սկզբունքներուն համար ազգայինը զոհել։ Հակառակը արդէն պահանջող չկայ։