Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդիրով հարցաքննութիւնը կը շարունակուի։ Դատախազ Կէօքալփ Քէօքչիւ վերջերս ինը ոստիկաններու բերումը պահանջեց։ Անոնց մէջ է նաեւ Իսթանպուլի Լրաքաղութեան Բաժնի նախկին տնօրէն՝ Ահմէտ Իլհան Կիւլէր եւ Տրապիզոնի Լրաքաղութեան Բաժնի տնօրէն Ֆարուք Սարը։ Հարցաքննութեան միջոցին նոր հայցեր ալ սկսան երեւան գալ։ Իսթանպուլի Նախկին Անվտանգութեան տնօրէն Ճէլալէտտին Ճէրրահ 15 Դեկտեմբեր 2014-ին, հարցաքննուեցաւ եւ յայտնեց թէ Հրանդ Տինքի ու առհասարակ հայ համայնքի ուղղեալ սպառնալիքները օրակարգի եկած են քաղաքի ապահովութեան եւ կարգապահութեան ժողովի ընթացքին։ Ճէրրահի այս յայտարարութիւնը կը ջրէ Ահմէտ Իլհան Կիւլէրի նախորդ հայցը։ Կիւլէր այդ ժամանակ պնդած էր որ միայն թրքութիւնը նախատելու դատին հետ առնչուած տեղեկութիւն ունի Տինքի մասին։
Ինչպէս ծանօթ է, Հրանդ Տինքի ոճրին ուղեալ դատավարութիւնը առաջին նիստէն սկսելով կասկածներ տածած էր արդարութիւն ակնկալող հասարակութեան մօտ։ Շարունակուող բոլոր նիստերուն դատակազմը յամառօրէն մերժեց իրաւապաշտպաններուն պահանջները։ Միւս կողմէ կառավարութիւնն ալ ընդմիշտ արգելք եղաւ պետական պաշտօնեաներու հարցաքննութեան։ Համատարած համոզում գոյացաւ, որ ոճիրը բեռցնել կ՚ուզեն արդէն առաջին պահէն յայտնաբերուած քանի մը անճարակ գործիչի ուսերուն։ Երբ Եւրոպային Մարդու Իրաւունքներու Ատեանը այս դատավարութեանը առնչութեամբ մեղադրեց Թուրքիան, Արդարութեան Նախարարութիւնը հարկադրուեցաւ դատավարութիւնը կրկնելու։ Այս պահուն վրայ հասաւ կառավարութեան եւ Կիւլէնի համայնքի միջեւ ծանօթ տարակարծութիւնը, որ հետզհետէ ստացաւ բացայայտ պատերազմի բնոյթ։ Այդ հանգրուանին Տինքի դատավարութիւնը կռուախնձոր մը դարձաւ կողմերուն միջեւ։ Այսպէս իշխանամէտ ոստիկաններ մեղադրանքներ տեղացուցած են կիւլէնամէտներու գլխուն, փոխադարձաբար այս վերջիններն ալ իշխանամէտներուն։ Տուեալ պայմաններու տակ միամտութիւն է արդար որոշումի մը ձեռքբերումը։