Մահացաւ ֆութպոլիստ Յովհաննէս Զանազանեան

Հայաս­տա­նի Ֆութպո­լի պատ­մութեան մէջ ամե­նափայ­լուն էջե­րը կը պատ­մեն Արա­րատ ակումբին։ Իսկ Արա­րատի հա­ւաքա­կանի կա­րեւո­րագոյն անուննե­րէն էր կի­սապաշտպա­նու­թեան դիր­քին մէջ Յով­հաննէս Զա­նազա­նեանը։ 1973-ին նուաճե­լով ԽՍՀՄ ախո­յեանու­թեան բա­ժակը, Զա­նազա­նեանի խումբը Եւ­րո­պայի ախո­յեանու­թեան մրցա­շար­քին ներ­կա­յացուց Հա­յաս­տա­նը, մեծ ոգե­ւորու­թիւն պատ­ճա­ռելով բո­վան­դակ հայ ժո­ղովուրդին։

Զա­նազա­նեան ծնած էր 1946 թուին Աթէն­քի մէջ։ Ներ­գաղթած ըն­տա­նիքի զա­ւակ, ան ու­սա­նեցաւ հայ­կա­կան գիւ­ղատնտե­սական Ինստիտուտի ապա Երե­ւանի Պե­տական Հա­մալ­սա­րանին մէջ։

68 ամեայ մար­զի­կի մա­հուան կա­պակ­ցութեամբ ՀՖՖ նա­խագահ Ռու­բէն Հայ­րա­պետեան ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղերձ մը հրա­տարա­կած է, ուր կ՚ըսուի՝ «Հան­րա­յայտ ֆութպո­լիստ, ԽՍՀՄ եւ մի­ջազ­գա­յին կար­գի սփոր­թի վար­պետ, Արա­րատի լե­կեն­տար աւագ Յով­հաննէս Զա­նազա­նեանի մա­հը մեծ կո­րուստ է հայ­կա­կան ֆութպո­լի հա­մար։

Մեծ է Յով­հաննէս Զա­նազա­նեանի աւան­դը մեր ֆութպո­լի փա­ռահեղ յաղ­թա­նակ­նե­րուն, մեր ժո­ղովուրդի սի­րելի Արա­րատի վե­րելքնե­րում եւ պա­տահա­կան չէ, որ Յով­հաննէս Զա­նազա­նեանի անուան հետ է զու­գակցւում Արա­րատի լե­կեն­տեր աւագ տիտ­ղո­սը՝ շնոր­հուած ժո­ղովուրդի կող­մից։ Նրա ֆութպո­լը ոգե­ւորու­թեան, եր­ջանկու­թեան եւ հպար­տութեան բա­զում պա­հեր է պար­գե­ւել մեր երկրին եւ ժո­ղովուրդին։ Յով­հաննէս Զա­նազա­նեանը անու­րա­նալի աւանդ ու­նե­ցաւ նաեւ նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի ֆութպո­լի զար­գացման գոր­ծում՝ իր փորձն ու գի­տելիք­նե­րը, հմտու­թիւննե­ր

ը ու կա­րողու­թիւննե­րը, իր փրո­ֆէս­յո­նալ եւ մարդկա­յին որակ­նե­րը անմնա­ցորդ ծա­ռայեց­նե­լով նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի ֆութպո­լի զար­գացմա­նը, նոր ֆութպո­լային սե­րունդի դաս­տիարա­կու­թեանը։ Շա­տերի հա­մար էր մեծ բա­րեբախ­տութիւն մար­զուել եւ խա­ղալ իրենց եր­բեմնի կուռքի, հայ­կա­կան ֆութպո­լի լե­կեն­տի ղե­կավա­րու­թեան ներ­քոյ»։

Յով­հաննէս Զա­նազա­նեան երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ ետք 4 Հոկտեմբերին մահացաւ եւ 6 Հոկտեմբերին կատարուեցաւ յուղարկաւորութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ