Հարցում՝ ի՞նչ եղաւ։
Պատասխան՝ հայերը ցեղասպանուեցան։
Հարցում՝ ինչո՞ւ։
Պատասխան՝ որովհետեւ թուրքերը վայրագ են։
Հարցում՝ ինչպէ՞ս եղաւ՝։
Պատասխան՝ մենք անզէն էինք, հնազանդեցանք մարդասպանին։
Եթէ վերեւ նշուած պատասխանները գոհացուցիչ են, յաջողած ես ՀՅԴ-ի առաջարկած հայու քննութենէն։ Եթէ յանդգնիս աւելի գոհացուցիչ, աւելի խորքային բացատրութիւններ որոնելու, կասկածի տակ կը դրուի քու հայութիւնը։ Մանաւանդ եթէ համարձակիս ազգի խիստ փոքրաթիւ բայց ազդեցիկ հարուստ խաւի եւ ջախջախիչ մեծամասնութիւն կազմող գեղջուկի միջեւ գոյացած անդունդին մասին խորհելու, դիւրաւ կրնաս ազգադաւ հռչակուիլ։
Մի խօսիր Արեւմտեան Հայաստանէն հնչած ահազանգին Պոլսոյ ընտրանիներու կողմէ անտեսման մասին։ Մի յիշեր կղերին պետութեան հնազանդութիւն քարոզելը։ Մի պատմեր ազգի համար զոհուելու նուիրումով լեռ բարձրացող ֆետայիներու մատնուած հալածանքը, նոյն իր ազգակից ընտրանիի կողմէ։ Քու գործը չէ գերտէրութիւններու, յատկապէս Գերմանիոյ դերակատարութիւնը պատմել։
Ինչո՞ւ չենք խօսիր քրիստոնէական հաւատքի մեր կողմէ սխալ ընկալման մասին։ Բացի մեզմէ, ո՞ր ժողովուրդը այսքան դիւրաւ մերժեց «երկաթէ շերեփ»ի տիրանալ։ Աւելի քան 2000 եկեղեցիներ կառուցած հաւաքականութիւնը զուրկ էր երկու հազար հրացան պահելէ։ Չըլլայ որ այս մասին խօսիս։ Չէ որ մերոնք Կարմիր Սուլթանը գահընկէց ընելու համար բանակցութիւն կը վարեն Երիտթուրքերու հետ։
Եկէք վերահաստատենք։ Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է։ Միայն յետին նպատակ սնուցողները կը փորձեն այդ իրողութիւնը ժխտել կամ ուրանալ։ Այս իրողութիւնը կը հաստատեն համաշխարհային ակադէմիան։ Սակայն ինչպէս բոլոր ոլորտներու, ակադէմիոյ շրջանակներէն ալ կարելի է հանդիպիլ մարդկանց, որոնք որոշ շահերու փոխարէն կը խօսին պատուիրատուի ցանկացած ոճով։
Պատահածը յայտնի է, բայց անոր գործադրման պայմանները տակաւ կը կարօտին նոր յայտնաբերումներու։ Այս առումով սակայն, խիստ սակաւ է հայ պատմաբաններու ներդրումը։ Նոյնիսկ նոր սերունդի թուրք պատմաբաններ հսկայ աշխատութիւն կը ծաւալեն այս նիւթի շուրջ, ետին թողելով իրենց հայազգի պաշտօնակիցները։
Ի՞նչ փոյթ։ Մենք վաղուց ճշդած ենք մեզի պիտանի պատասխանները։ «Ցեղասպանուեցանք, որովհետեւ թուրքերը վայրագ են եւ վերջ»։ Ուրեմն մեր յաջողութիւնը կախեալ է ոչ թէ Հայաստան երկրի ծաղկումէն, այլ թուրքի սայթաքումէն։
Երկրի մեծագոյն թալանիչը երբ պատահական կերպով դարձաւ նախագահ, արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր նպատակ ըլլալով յայտարարեց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը։
Իսկապէս ալ յաջողեցաւ թէ այդ նպատակը, եւ թէ ինք, անսանձ թալանելով բովանդակ երկիրը, թափ տալով արտագաղթի անդադար հոսանքին։
Կ՛արժէ կրկին մտածել Հրանդ Տինքի թրքատեացութեան դէմ զգուշացումներուն մասին։