Մտաւորաբար

«Հասարակութիւնը թովիչ է,

երբ հնարաւոր է միմեանց

հետ յարաբերուել»։

Շամֆորտ

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Կենդանական աշ­խարհին յայտնի է, որ երբ ոհ­մակ կը ձե­ւաւո­րուի, ըստ բնազ­դի ան­դամնե­րու՝ բո­լորէն ու­ժե­ղը կը դառ­նայ խումբի առաջ­նորդը, ոչ ընտրու­թիւնով՝ ու­ժով։ Նոյ­նը կը կա­տարո­ւէր նաեւ մարդկանց հետ՝ նա­խամարդ ժա­մանակ­նե­րէն ի վեր. որե­ւէ ցե­ղի կու­տա­կում կը դառ­նար հա­մայնք, գիւղ իր առաջ­նորդով կամ ար­դի բա­ռապա­շարով՝ գիւ­ղա­պետով։ Երե­ւոյ­թը աւե­լի զար­գա­նալով, բազ­մա­նալով՝ դա­րերու ըն­թացքին առա­ջացած են քա­ղաք, եր­կիր պե­տու­թիւն, առաջ­նորդ իշ­խա­նաւոր ար­ժէքնե­րը։

Հա­սարա­կու­թիւնը, որ կ՚ապ­րի որոշ մի տա­րած­քին, ու­նի իր յա­տուկ ինքնու­րոյն ղե­կավա­րու­թիւնը, կա­ռավա­րու­թիւնը, պե­տակա­նու­թիւնը։ Ար­դի պայ­մաննե­րուն անոնք կ՚ըլ­լան տար­բեր ի սփիւռս աշ­խարհի՝ թա­գաւո­րու­թիւն, սուլթա­նու­թիւն, հան­րա­պետու­թիւն՝ ժո­ղովրդա­վար կամ բռնա­տիրա­կան ըստ բնա­կիչ­նե­րի հնա­զան­դո­ւելու աս­տի­ճանին։ 1789-ին ֆրան­սա­կան յե­ղափո­խու­թիւնը մե­նաշ­նորհ տի­րակալ եւ յե­տագա­յին ստրկա­տիրա­կան հա­մակար­գէն ազա­տուե­լու հա­մար էր, ժո­ղովրդա­վարու­թիւն հաս­տա­տելու նպա­տակով, բայց տաս­նա­մեակ­ներ անց այն կորսնցուց իր նախ­նա­կան սկզբունքը։ Երբ մարդկա­յին արա­տաւոր գոր­ծօ­նի եւ հա­մակար­գի թե­րու­թիւննե­րու առ­կա­յու­թեամբ՝ դռնե­րը լայն բաց են ամէն տե­սակի խա­բեբայ եւ ար­կա­ծախնդիր ան­բա­րոյ ան­ձանց հա­մար ընտրու­թեան խախ­տումի մի­ջոցով իշ­խա­նու­թեան տի­րանա­լու, որե­ւէ ժո­ղովուրդ հնա­րաւո­րու­թիւն չու­նե­նալով իր ճա­շակին յար­մար հա­մակարգ ստեղ­ծե­լու, ստի­պուած կու­րօ­րէն կը հնա­զան­դին կա­յացած ժո­ղովրդա­վարու­թեան։ Բա­զում են այդ կար­գի երկրներ աշ­խարհին։

Մեր նախ­նի­ները եւս հա­զարա­մեակ­ներ դի­մակա­յած են տար­բեր տե­սակի մար­տահրա­ւէր­ներ՝ յաղ­թա­կան թէ պար­տո­ւողա­կան ելե­ւէջ­նե­րով՝ հուսկ ար­դի վի­ճակին հա­սած ենք։ Մոն­ղոլ թա­թարա­կան ար­շա­ւանքնե­րէն ի վեր մօտ հա­զարա­մեակ խար­խա­փելով փնտռած ենք մեր իրա­կան ինքնու­թիւնը, կորցրած պե­տակա­նու­թիւնը, դար­ձած ենք ան­ցանկա­լի մեր իսկ նո­ւիրա­կան հո­ղի վրայ, միշտ՝ կորցրա­ծը վե­րականգնե­լու անուրջով մին­չեւ 1918-ի երա­զած հան­րա­պետու­թեան ստեղ­ծումը։ Ցա­ւօք երա­զը իր դրա­կան ու բա­ցասա­կան կող­մե­րով տե­ւեց եր­կու տա­րի մեր ներ­քին տա­րաձայ­նութիւննե­րու եւ ար­տա­քին թշնա­մինե­րու առ­կա­յու­թեամբ1։ Եղաւ, ինչ պի­տի ըլ­լար, որ անհնար էր խու­սա­փիլ եւ յայտնի չէ, թէ ո՞ւր կը հաս­նէինք՝ մի ոտ­քը կաղ ըլ­լա­լու մեր վի­ճակով։ Ի վեր­ջոյ եօթ տաս­նա­մեակ՝ հա­մայ­նա­վար դրախ­տի մէջ նա­ւար­կե­լով, դժգոհ թէ գոհ, մեր նոր ճա­կատա­գիրը տնօ­րինե­լու հնա­րաւո­րու­թիւն, ու­նե­ցանք ի դէմս ար­դի ժո­ղովրդա­վար հան­րա­պետու­թեան ձե­ւաւո­րու­մին։

Ա՜ւաղ, մեր քա­ղաքա­կան այ­րե­րը չու­նե­ցան բա­ւարար հա­սու­նութիւն, յանդգնու­թիւն եւ իմաս­տութիւն բախ­տի անի­ւը պտտել յօ­գուտ երկրի եւ հան­րութեան շա­հերի եւ ընկնե­լով ժո­ղովրդա­վարու­թեան ոլո­րանի մէջ՝ թոյլ տո­ւեցին իշ­խա­նու­թեան ոլորտ մուտք գոր­ծել ամէն տե­սակի աճ­պա­րար, ապի­կար, թե­րուս աւա­զակա­բարոյ գոր­ծիչնե­րու, որուն աւե­րիչ հե­տեւանքնե­րը լաւ յայտնի են. ազ­գա­յին գա­ղափա­րախօ­սու­թեան դի­մաց քա­ջալե­րուեց կու­սակցա­կան եւ անձնա­կան շա­հերը, ար­տա­գաղ­թը, կա­շառ­քը, մօտ երեք տաս­նա­մեակ տե­ւած թա­լանը։

Այդ հի­ւան­դոտ հա­մակար­գը աս­պա­րէզէն դուրս մղեց ար­դար հա­յեցի կե­ցուած­քով մտա­ւորա­կանու­թեան՝ տեղ տա­լով որկրա­մոլ մտայ­նութեան սա­կաւա­պետ հա­մակար­գին։ Ազատ խօս­քի պատ­րո­ւակով տա­րածում ու­նե­ցաւ ան­պարկեշտ լպիրշ խօ­սելա­ձեւը նոյ­նիսկ ԱԺ-ի պա­տերէն ներս, իսկ քա­ղաքա­կան բա­նավէ­ճը կը դառ­նայ հայ­հո­յան­քի մի­ջավայր. ան­յայտ է, թէ մին­չեւ ո՞ւր կ’եր­թայ ծեծկռտու­քը զանց առ­նե­լով։

Ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը սկզբունքով հմա­յիչ է, խօս­քի եւ բո­լոր տե­սակի ազա­տու­թիւննե­րու ար­գե­լում չու­նի, միայն թէ ոմանք ան­տե­ղեակ են անոնց պատ­շա­ճու­թեան սահ­մաննե­րուն՝ յա­ճախ ատե­լու­թիւն տա­րածե­լով։ Այդ սկզբունքով ղե­կավա­րուող երկրներ շար­քին մենք պի­տի ջա­նանք անոնց նմա­նուիլ ռազ­մարդիւ­նա­բերու­թեան, զար­գա­ցած տնտե­սու­թեան, յա­տուկ ծա­ռայու­թեան ու այլ եւ այլ բնա­գաւառ­նե­րուն, որ թոյլ կու տայ բարձրաց­նել կրթա­կան հա­մակար­գը առաջ­նա­կարգ մա­կար­դա­կի, որ անհրա­ժեշտ մաս­նա­գէտ­ներ ու­նե­նալու լա­ւագոյն բա­նալին է, հզօ­րաց­նել բա­նակը դի­մակա­յելու ակա­մայ վտանգնե­րուն, գո­յաց­նել ռազ­մա­վարա­կան այլ եւ այլ ծրագ­րեր եւ այլն։

Ու­շադրու­թեան ար­ժա­նի են եր­կու պաշ­տօ­նական ազդ. ա) Լի­դիան ըն­կե­րու­թիւնը իր բաժ­նե­տոմ­սե­րուն 12,5%-ը կու տայ ՀՀ-ին, բ) Քա­ջարա­նի մո­լիբ­դե­նի հան­քի ար­տա­հանող­նե­րը մեծ գու­մա­րի տա­րեկան հարկ վճա­րած են։ Այց ծա­նու­ցումնե­րու իրա­ւական բա­ժինը չէ մեզ ան­հանգստաց­նո­ղը, թե­րեւս այն ան­թե­րի է, բայց կայ մի այլ տե­սան­կիւն.ոս­կիի պա­շար­նե­րը սկզբունքով երկրի, իմա՚ ժո­ղովրդի ժա­ռան­գութիւնն է եւ անոր միայն 12,5% է իրեն բա­ժին կը հաս­նի եւ մնա­ցածը օտա­րին է, մինչդեռ հնա­րաւոր չէ՞ր ար­դեօք փո­խառու­թեամբ ներդրման գու­մա­րը գտնել եւ շա­հագոր­ծումը սե­փական ու­ժե­րով իրա­գոր­ծել, աւել մեծ շա­հոյթ ակնկա­լելով։ Նոյնն է պա­րագան Քա­ջարա­նի մո­լիբ­դե­նի պա­րագա­յին. մե­րոնք կը բա­ւարա­րուին հումք ար­տա­հանե­լով ցածր գնե­րով, մինչ այն կա­րելի էր շատ փնտռո­ւած ու գնա­հատո­ւած ապ­րանք՝ մո­լիբ­դեն մե­տաղ բազ­մա­պատ­կե­լով մեր եկա­մու­տը այդ ճիւ­ղին։

Մեծ առա­քելու­թիւն է դրո­ւած մեր սե­րունդնե­րուն առ­ջեւ, այն է՝ ամէն գի­նով ըլ­լալ պա­հան­ջո­ւածէն աւել նո­ւիրո­ւած, իմաս­տուն, գուրգու­րալ ու պահ­պա­նել պա­պերէն եկած ժա­ռան­գութեան լոկ հրաշ­քով փրկո­ւած մաս­նի­կը։ Եր­կար ճա­նապարհ կայ անցնե­լու, մտա­ծելու եւ կարծրա­կեր­պար աւան­դոյթը այ­լա­փոխե­լու։

Բա­րի երթ։

1 Ոմանց պի­տի թո­ւի աւե­լորդ՝ հին վէր­քեր քրքրե­լը, բայց ան­ցեալի սխալ­նե­րը մոռ­նա­լը առա­ւել սխալ է, քան­զի նոյ­նը կը կրկնո­ւի ար­դի պայ­մաննե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ