Նախնիներու, մանկապատանեկան յուշերու, մասնագիտական ընտրութեան, հեռուստատեսութեան ու ռատիոյի դերի, նշանակութեան, հետաքրքիր յիշողություններու, գիրք գրելու եւ այլ թեմաներու շուրջ «Ակօս»ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է հայ անուանի հաղորդավար, ռեժիսոր, Հանրային Ռատիոյի նախկին տնօրէն, ՀՀ Մշակոյթի նախկին նախարար Արմէն Ամիրեանի հետ
ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Մ.Յ.-Սկսինք չարենցեան խօսքերով: Մանկութիւնս յիշելուս... շարունակութիւնը ինչպէ՞ս կը ձեւակերպէք։
Իմ մանկութեան ու պատանեկութեան անցնող տարիներու լաւագոյն յուշերը ու ժամանակաշրջանը կապուած է հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի հետ: 12-13 տարեկան երեխայ էի, երբ եկայ հեռուստատեսութիւն: Գիտէ՞ք՝ ես ապրեցայ ժամանակաշրջան մը, որտեղ հնարաւորութիւն ունեցայ տեսնելու մի քանի տնտեսակարգ: Նախ սովետական երկիրը, այնուհետեւ ազգային ինքնութեան, գիտակցութեան յեղափոխութիւնը, ապա մի քանի պատերազմներ եւ անկախ Հայաստանի կայացման այդ դժուարին տարիները, որու ընթացքին կարողացայ որպէս մարդ, որպէս քաղաքացի ձեւաւորուիլ, եւ անոր համար շատ ուրախ եմ, որովհետեւ ես առիթ եւ հնարաւորութիւն ունեցայ իմ պատկերացումները, իմ գիտակցութիւնը, ներսումս իմ ծնողներէն ու նախնիներէն ամբարուած հայրենասիրութիւնը օգտակար կերպով օգտագործել իմ հայրենիքի կայացման գործին: Գուցէ այդ տեսանելի չէր, բայց ամէն անձի համար իր ըրածը աւելի տեսանելի է եւ անոր համար շատ ուրախ եմ, նոյնիսկ՝ հպարտ: Սովետական միութեան մէջ կար մէկ- երկու հրաշալի բան՝ մշակոյթի հանդէպ պետութեան հոգածութիւն եւ կրթութեան, գիտութեան հանդէպ անոր անսահմանափակ ուշադրութիւն: Մնացեալ ամէն ինչ աղաւաղուած էր եւ մարդու դէմ էր: Իմ ընտանիքը, ըլլալով մայրական կողմը Իգդիրէն, հայրական կողմը Պարսկաստանէն Հայաստան գաղթած ընտանիք, տեսաւ սովետական երկրի ամենադառն եւ ամենադաժան բարքերն ու վարքերը, որոնք ուղղակիօրէն առնչուեցան մեզ հետ: Մասնաւորապէս հայրս, ըլլալով բաւականին նախաձեռնող մարդ, անհեթեթ պատճառներով դատապարտուեցաւ ազատազրկման: Եւ մեր ընտանիքը ունեցաւ շատ դժուարին տարիներ: Այդ պատմութիւնը ազդեց նաեւ անոր երախաներուն հետագայ ճակատագրին վրայ: Սակայն մեր դաստիարակութեամբ, հայրենասիրութեամբ, նուիրումով փորձեցինք այդ տրամաբանութիւնը կոտրել ու առաջ շարժուիլ: Ի դէպ՝ կարողացանք այդ ընել:
Մ.Յ.- Իսկ ինչո՞ւ ընտրեցիք ռեժիսորի մասնագիտութիւնը։
Այդ երջանիկ պատահականութիւն էր, որովհետեւ ես կ՚ուզէի թատերական ինստիտուտ ընդունուիլ: Կատակով կը յիշեմ, թէ ինչպէս մայրս կ՚ըսէր, թէ ուրիշի կնոջը համբուրելով՝ ընտանիք չես պահեր: Այդ ժամանակ շատ նորաձեւ էր ինժեների մասնագիտութիւնը: Կը պայքարէի ընդունուիլ Փոլիթեքնիքական ինստիտուտ: Ընդունուեցի, սակայն չգացի, որովհետեւ այդ ժամանակ արդէն կ՚աշխատէի հեռուստատեսութեան մէջ: Եւ որոշեցի յաջորդ տարի, մայրիկիս չնեղացնելու համար, ընտրել ռեժիսորի մասնագիտութիւնը: Տեսայ, որ Յուրի Երզնկեանը կինօռեժիսորներու խումբ կը հաւաքէ, եկայ, ընդունուեցի այդ մեծ ու տաղանդաւոր վարպետի խումբը: Ահա այսպիսի երջանիկ պատահականութեամբ եղաւ իմ ընտրութիւնը:
Մ.Յ.- Պարոն Ամիրեան, եթէ ետ նայինք մի պահ՝ հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի դերը առհասարակ ինչպէ՞ս կը բնորոշէք։
Թէ՛ հեռուստատեսութիւնը, թէ՛ ռատիօն կ՚առաջնորդէին հասարակութեան դէպի ազգային ինքութեան ու գիտակցութեան ձեւաւորում: Որովհետեւ որքան ալ հիմա կ՚ըսեն՝ ժամանակը եկած էր Սովետական միութեան փլուզման, ես կը կարծեմ, որ այդ ժամանակը հասունացուցին նաեւ Հայաստանի հեռուստատեսութիւնը ու ռատիօն, անշուշտ, նաեւ կրթական բարձր աստիճանը: Հասարակութիւնը այնքան բարձր կրթական մակարդակ ունէր, որ գիտակցեց ազատ, անկախ ապրելու իր իրաւունքը եւ ոտքի ելաւ այն պահանջելու: Այս ամէնուն մէջ հսկայական դեր ունէր հեռուստատեսութիւնը: Յիշենք այդ ժամանակները ինչպիսի հաղորդումներ կը հեռարձակուէր եթերուն՝ օրինակ՝ «Մեր լեզուն, մեր խօսքը», նաեւ հայոց պատմութեան մասին տարատեսակ հաղորդումներ կային, ազգագրական խումբեր կը ստեղծէին հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի կազմին մէջ: Այսինքն՝ հսկայական աշխատանք կը կատարուէր ազգային գիտակցութեան արթնացման գործին: Այդ ժամանակուայ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան Քոմիթէի նախագահ, ի դէպ, ծագումով սասունէն Ստեփան Պօղոսեանի ներդրումը անկախութեան կայացման գործին անգնահատելի մեծ եղած է: Ինչ կ՚ընէր ան, ես կը կարծեմ, որ այսօր ալ շատ մարդիկ չեն կարողանար նոյնը ընել: Ան փառահեղ ու հայրենասէր մարդ էր, եւ սիրելով իր հայրենիքը ու ժողովուրդը, կարողացաւ իր գործունէութեամբ հսկայական ազդեցութիւն ունենալ հասարակութեան վրայ: Եւ բախտի բերումով, որուն համար շատ ուրախ եմ, ինձ բաժին ինկան յեղափոխական այդ տարիները, որտեղ եւ՛ եթերն կը փոխուէր, եւ՛ մտածողութիւնը կը փոխուէր: Հեռուստատեսային յեղափոխութեան տարիներուն ես բարեբախտութիւն ունեցայ առնչուելու այնպիսի մարդկանց հետ, ինչպիսիք էին Արմէն Յովհաննիսեանը, Ռոբերտ Մավիսաքալեանը, Արտակ Արզումանեանը, Նառա Շլեպչեանը, որուն ես ջերմօրէն իմ «հեռուստատեսային մայրիկ» կը կոչեմ եւ այլոք: Մարդիկ, որոնք այդ տարիներու հեռուստատեսային մտածողութեան մէջ յեղափոխութիւն ըրին: Խորհրդային ոչ մի հեռուստաալիք այդքան առաջադէմ չէր, որքան Հայաստանի հեռուստատեսութիւնը: Կ՚ուզեմ նաեւ յիշել՝ այդ տարիներու Հանրային Ռատիօն օրական 18 ժամ հաղորդումներ կը հեռարձակէր դէպի Մերձաւոր Արեւելքի երկրներ: Թեմաները բազմազան էին՝ լեզու, գրականութիւն, մշակոյթ, համերգներ եւ այլն: Օֆելիա Համբարձումեանի, Ռուբէն Մաթէոսեանի, Յովհաննէս Պատալեանի ձայները, Հրաչուհի Ջինանեանի, Վերա Յակոբեանի մեկնաբանութիւնները Սփիւռքի գաղթօճախներուն ապրող մեր հայրենակիցներուն համար հայրենիքի կարօտը սփոփող մի բան էին: Հետագային արդէն ես առիթներ ունեցայ Արամ Մերանգուլեանի անսամբլի հետ համերգային այցելութիւններ ունենալ Լիպանան, Հալէպ, Դամասկոս: Դուք չէք պատկերացներ՝ ինչ հիացական բացականչութիւններով ու ծափողջոյններով, ինչ լեփ-լեցուն դահլիճներով կ՚ընդունէին մեզ: Անոնք հայրենապաշտութեան իւրօրինակ հունդեր էին, որ սերմանած էր Հայաստանեան ռատիօն: Եթէ ժամանակի մէջ կը նայինք՝ նոյն Արցախեան ազատամարտին քանի-քանի սփիւռքահայ երիտասարդներ եկան պատերազմին մասնակցեցան, որովհետեւ անոնք տարիներ շարունակ սնուած էին մեր ռատիոյի հեռարձակած հայրենասիրական հաղորդումներով: Այդ հայրենիքի հետ կապը պահելու միակ օղակն էր եւ անոր մասին տեղեկատուութիւն ստանալու միակ հնարաւորութիւնը:
Մ.Յ.- Տեւական ժամանակ եղած էք Հանրային Ռատիոյի տնօրէնը: Ի՞նչ կը յիշէք այդ տարիներէն։
Մի հետաքրքիր ու կարեւոր պատմութիւն կը ցանկանամ պատմել: Հանրային Ռատիոյի տնօրէն ըլլալու վերջին տարիներն էին՝ 2015 կամ 2016 թթ., երբ ինձ զանգահարեցին ու ըսին, որ Տիյարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրը Հայաստան կը գտնուի եւ կը ցանկանայ այցելել Հանրային Ռատիօ: Մեծ սիրով համաձայնեցայ ընդունիլ: Պայմանաւորուած օրը կը սպասէի հիւրին: Տարածքը տեսանկարահանող խցիկներու էկրանին նայելով՝ կը տեսնեմ մարդ մը, պատերը համբուրելով, կը բարձրանայ վերեւ: Ակնյայտօրէն հասկցայ, որ մեր հիւրն է եւ շտապեցի անոր դիմաւորել: Դիմաւորեցի ինչպէս հարկն է: Նստեցինք, զրուցեցինք: Եւ ըսաւ, թէ Հայաստանի Ռատիօն քրդերի համար միակն եղած է, որ քրդերէն լեզուով հաղորդումներ հեռարձակած: Ըսաւ նաեւ շատ հետաքրքիր բան, որ ունի երկու մայր: Մէկն իր կենսաբանական մայրն է, որ իրեն ծնել ու մեծացրել է, իսկ երկրորդ մայրը հայկական ռատիօն է, որ պահել, պահպանել է իր լեզուն ու մշակոյթը: Իսկ Հայաստանի Ռատիօն տարիներ շարունակ՝ ամէն օր 4-5 ժամ քրդերէն լեզուով հաղորդումներ, համերգներ ու ներկայացումներ հեռարձակած է: Եւ այդ միակ պետական ռատիօն էր ամբողջ աշխարհին, որ քրդերուն կու տար իրենց մշակոյթն ու ինքնութիւնը պահպանելու մեծագոյն հնարաւորութիւն: Տիյարպեքիրի քաղաքապետը ի շնորհակալութիւն հարցուց, թէ ի՞նչ կը կամենամ, որ կատարէ: Եւ ես ցանկացայ՝ հնարաւորութեան դէպքին վերանորոգուի Տիյարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Հայկական Եկեղեցին: Իմ հիւրը խոստացաւ ու գնաց: Ժամանակներ անց լսեցի, որ Տիյարպեքիրի Հայկական Եկեղեցին սկսած են նորոգել նախկին քաղաքապետի եւ իր եղբօր միջոցներով: Գիտէք՝ հիմա ալ կը յիշեմ ու մարմնովս սարսուռ կ՚անցնի:
Մ.Յ.- Դուք նաեւ գիրքեր կը գրէք: Իսկ ի՞նչի մասին կը գրէ Արմէն Ամիրեանը։
Իմ (որպէս ՀՀ Մշակոյթի նախարար) հրաժարականէն ետք որոշեցի՝ ամէն տարի իմ ծննդեան տարեդարձին՝ Յուլիսի 29-ին, պէտք է մի ստեղծագործութիւն հրատարակեմ: Առաջին գործը «Կեներալի երազը» փիէսն էր, որ ռեժիոսոր Վահէ Խաչատրեանի հետ փորձեցինք բեմադրել ԱՄՆ: Շատ հետաքրքիր ներկայացում էր, սակայն եկաւ 2020 թուականի համավարակը՝ եւ ամէն բան փակուեցաւ: Դժբախտաբար, համավարակի պատճառով կորսնցուցինք մեր երեք գլխաւոր դերակատարներուն: Քանի որ փիյէսի 25-30 տոկոսը նկարահանուած էր՝ ես որոշեցի չանդրադառնալ անոր եւ հրատարակեցի գրքի տեսքով՝ ներառելով նաեւ տեսակտորները: Այսինքն, գիրքը կարդալով՝ կրնաս միաժամանակ դիտել, նաեւ ռեժիսորի երեւակայութիւնը համեմատել քու երեւակայութեան հետ: Յաջորդը «Նոյէ»-ն եղաւ: Վերջինս շարունակուող ցեղասպանութեան մասին, ինչոր տեղ, իրական պատմութիւն է, իմ մայրական ընտանիքի պատմութիւնն է՝ որոշակի փոփոխուած գեղարուեստական ձեւով: Այնուհետեւ տպագրուեցաւ «Պանգեա, կամ թռչող տնակը» գիրքը, որ արդէն ֆանտաստիկ պատմութիւն է համաշխարհային կոլապսի մասին: Հետաքրքիր ու կարեւոր է, որ վերջը այդ կոլապսէն մարդկութեանը կը փրկէ հայոց այբուբենը: 2024-ին հրատարակեցի «Այն, ինչ տեսայ եւ լսեցի» պատմութիւններու շարքը: Վերջինս իմ անցած ուղիի վերաբերեալ պատումներ են: Իսկ հիմա կը պատրաստեմ 1935 թուականէն մինչեւ մեր օրեր Կիւմրիէն Լոս Անճելես իրական մի կինօ պատմութիւն: Ես իմ մէջ ապրող պատկերները կը տեքստաւորեմ. Ես այդպէս կը գրեմ:
Մ.Յ.- Մինչ այսօր ունեցած էք բազմաթիւ ձեռքբերումներ՝ եղած եք Հանրային Ռատիոյի տնօրէն, ՀՀ Մշակոյթի նախարար: Որպէս անհատ, ամուսին, հայր, տնօրէն-ղեկավար՝ ո՞րը կը համարէք ձեր ամենամեծ ձեռքբերումը։
Ընտանիքս: Ամենամեծ ձեռքբերումը իմ կնոջ հետ 36 տարուայ միասնութիւնն է, իմ երեք զաւակներն են եւ նաեւ իմ չորս թոռնիկները: Այն ինչ հիմա կ՚ընեմ՝ կը ստեղծեմ, անոնք անշուշտ կ՚եփուին, միս ու արիւն կը ստանան իմ ընտանեկան յարաբերութիւններուն մէջ:
Մ.Յ.- Հիմա մեր աւանդական հարցը: Ի՞նչ կը բարեմաղթէք «Ակօս»-ի ընթերցողին։
Այս անհանգիստ աշխարհին կը մաղթեմ նախ համբերութիւն, կը մաղթեմ որ «Ակօս»-ի միջոցաւ հայրենիքի մասին աւելի շատ տեղեկութիւններ ստանան: Անչափ ուրախ եմ, որ «Ակօս»-ը կը շարունակէ հրատարակուիլ: Իսկ այդ կը նշանակէ՝ «Ակօս»-ի ընթերցողները երջանիկ մարդիկ են: