Անկում կայ, օգնեցէ՚ք
Շաբաթ մը առաջ «սքանչելի» բառի գրական պատմութիւնը տեսանք։ Հոգեկան վերելք մը չէ՞ր անիկա։ Անոր դրական տրամադրութիւնը ներգործեց մեր մէջ։ Ան ոգեւորիչ եւ բարձր էր։ Ապա, մէկուսացած, կարդացի հայրենի մամուլի էջերը։ Փափաքս էր հասկնալ, թէ ի՚նչ է հայրենիքի տրամադրութիւնը նոր տարուայ առաջին օրերուն։ Ափսոսանքով կարդացի. «Հայաստանի ՏՏ ոլորտը անկում է ապրում», «Տուրիզմի անկում կայ», «5 նիշով անկում է ապրել հայկական ֆուտբոլը»։ Մտածեցի, թէ «անկում» բառն է այդ ցաւալի վիճակի հիմնական պատճառը։ Ուստի, յարգելի ընթերցող, այս շաբաթ որոշեցի ուսումնասիրել «անկում» բառի գրական վերելքները եւ անկումները։ Մտածեցի, թէ եթէ մենք լաւ մը ուսումնասիրենք «անկում»ի արմատը, ապա կարելի է կանխել յաջորդ անկումները՝ բարոյական, տնտեսական, յատկապէս՝ մարզական, որպէսզի հայկական ֆուտբոլը այսուհետեւ հինգ աստիճան անկում չունենայ։
Առաջին անկումը
Հայը առաջին անգամ ե՞րբ անկում ունեցաւ։ Մեր հեթանոս նախահայրերու սովորութիւնները մեզի ծանօթ չեն, քանզի գրական փաստեր չկան։ Բայց, յստակ գիտենք, թէ 405 թուականին Մեսրոպ Մաշտոցը, նախ ստեղծեց այբուբեն, ապա գրի առաւ ապաշխարութեան շարական մը, զոր մինչեւ այսօր կ’երգենք պահոց օրերուն։ Սուրբը խոնարհեցաւ եւ աղօթեց այսպէս. «Անկանիմ Առաջի Քո եւ խնդրեմ զթողութիւն յանցանաց իմոց»։ Հայոց առաջին գրական «անկումն» էր ան։
Ինկած տաղասացը
Շարունակեցի թերթել հայկական միջնադարեան գրականութեան էջերը, եւ զարմանալով տեսայ, թէ բազմաթիւ տաղասացներու համար ներշնչում եղեր են Մաշտոցի խօսքերը։ Գրիգոր Նարեկացին իր Մատեանի մէջ Աստուծոյ յայտնեց իր սրտի փափաքը. «Ի յոտս քո անկանիմ»։ Ղազար Թոխաթցին ըսաւ. «Իմ տէր, առ քեզ խոնարհիմ / Եւ առաջի քո ես ծունկս անկանիմ»։ Վարդան Կաֆացին, որ ինքզինք կոչած էր «սրտաբեկ, անառակ, մոլորեալ»՝ ծունկի եկաւ, աչքերը երկինք յառեց եւ աղօթեց. «Խոնարհեալ անկանիմ գարշապարիդ ես»։
Մեծամեծներու անկումը
Յարգելի ընթերցող, կարդացէք հայկական հին մատենագրութեան էջերը, եւ դուք կը տեսնէք, թէ հայ պատմիչները խօսեր են մեծ անկումներու մասին։ Զգայացունց արտայայտութիւններ են անոնք։ Սարսափեցնող։ Ահաբեկող։ Ոմանք ալ՝ տխրեցնող։ Կազմեցի փոքրիկ համադրութիւն մը, որպէսզի մենք ճաշակենք հիներու խօսքը. «Անկանիմք ի ձեռս անօրէն իշխանացդ», Եղիշէ, «Անկանին բազումք ի պատերազմին», Սեբէոս, «Անձամբ անկանիք դուք ի ծառայութիւն հեթանոս տերանց», Բիւզանդ, «Անկումն ամենայնի երկրի», Ագաթանգեղոս։ Ա՜խ, ինչպէ՞ս չյիշել Եդեսիա քաղաքը, որ 1144 թուականին ինկաւ նենգ թշնամիի ոտքին տակ։ Ներսէս Շնորհալին «Ողբ Եդեսիոյ» երկի մէջ շունչ տուաւ քաղաքին եւ Եդեսիան պատմեց այդ ողբալի օրը. «Ի բարձրութեանցն վայր անկայ / Պէսպէս ցաւօք հիւանդացայ, յախտս մահու ծիւրեալ անկայ»։ Ոսկեդարու վերջին վկայութիւնն է Խօրէնացիի պատմութեան այն հատուածը, ուր թէպէտ Տրդատ թագաւորը յաղթանակով կը վերադառնայ ճակատէն, սակայն տեղի ունեցեր է՝ «անկումն մեծամեծաց», ինչպէս Արտաւազդ Մանդակունի սպարապետի։ Նկատեցի՞ք. «անկում» բառը արդէն ընդունած է փոխաբերական իմաստ՝ «մահ կամ նահատակութիւն»։
Ազատ անկում
«Անկանիմ» բայը եւ «-ումն» մասնիկը քով քովի եկան եւ յառաջացաւ «անկում» գոյականը։ Ապա, գոյացան անկումի տեսակները, ինչպէս՝ «Ազատ անկում», մարմինի շարժումը անօդ տարածութեան մէջ՝ ծանրութեան ուժի ազդեցութեամբ։ Ժամանակի ընթացքին բառս ունեցաւ զանազան փոխաբերական իմաստներ. Երբ Աւետիք Իսահակեանը հաւատաց, թէ «Մարդկութեան փրկութիւնը կապիտալիզմի անկման մէջն է», բանաստեղծը նկատի ունէր դրամատիրութեան ոչնչացումը, կամ՝ կործանումը։ «Անկում» բառը նաեւ քաղաքի մը թշնամիի կողմէ գրաւումն է, ինչպէս Եդեսիոյ անկումը, Անի քաղաքի անկումը։ Օրեր եղան, թագաւորներ եւ իշխաններ ունեցան «անկում»։ Այս մէկը յարմար եկաւ վիպագիր Դերենիկ Դեմիրճեանին, որպէսզի «Վարդանանք» պատմավէպի մէջ ան գրէ. «Վասակը ընկաւ թէ չէ՝ Վարազվաղանին կը բարձրացնեն»։ Մերօրեայ զրոյցներու մէջ կը գործածենք բազմաթիւ այլ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Տրամադրութեան անկում», «Առողջական վիճակի անկում» եւ ընկերութեան մեծագոյն թշնամին՝ «Բարոյական անկում»։
Կնոջ անկումը
«Անկում» բառը 20-րդ դարուն վերելք մը ապրեցաւ։ Փայլուն շրջան մըն էր ան, պայմանաւորուած գրատպութեան հետ։ Բազմաթիւ հեղինակներ իրենց երկասիրութեան անունի մէջ ցանկացան «անկում» բառը տեսնել՝ զայն ընթերցողի համար գրաւիչ եւ ցնցիչ դարձնելու նպատակով։ Պատմական եւ քաղաքական այդ գիրքերը կը կազմեն կոկիկ հաւաքածոյ մը։ Ահա 1904-էն մինչեւ 2017 լոյս տեսած քանի մը խորագիր. «Տաճիկները Կովկասում եւ Բագուի անկումը», Բագու, «Հաճընի անկումը կամ ցեղին յարութիւնը», Աթէնք, «Կարսի անկումը», Երեւան, «Անկում Արտաշէսեան հարստութեան», Պէյրութ, «Թալաաթի անկումը», Պէյրութ, «Իզմիրի անկումը», Նիւ Ճըրզի, «Օսմանեան կայսրութեան անկումը», Երեւան…։ Մենք կարդացինք նաեւ կատակերգութիւն մը «Ազգայինճի-ն կամ մեծութիւն եւ անկում պարոն Իգնատիոս Ռուբինեանի»։ Կարդացինք նաեւ ընկերային ողբերգական հարցեր քննարկող երկու գիրք. «Անկումը հարստութեան ճամբուն վրայ», Պուքրէշ, «Կնոջ անկումը անօթութեան պատճառով», Պոլիս։
Պայքար, անկում, յաղթանակ
20-րդ դարու սկիզբին «անկում»ը փաստեց, որ ինքը քնարական բառ ըլլալու տաղանդ ունի։
Հայ բանաստեղծը անոր մէջ տեսաւ սիրոյ, հայրենիքի, կեանքի խոր իմաստի գրական պատկերներ։ Այդ իմաստասէր այրերէն մէկը Պարոյր Սեւակն էր։ Բանաստեղծը երկտողի մէջ նկարագրեց իր կեանքի թռիչքները. «Ես թուրման կոչուած աղաւնու նման / Անկումներով եմ բարձրանում վերեւ»։ Չարենցը գիր մը ձօնեց իր սիրելի ընկեր Ակսել Բակունցին. «Երբ առար գրիչ։ Եւ այդպէս՝ այդ օրը սկսուեց անկումդ»։ Ռուբէն Սեւակը «անկում» բառի մէջ գտաւ սէր։ Ան մեզի բացատրեց, թէ իր սրտին մէջ կային խաւարներ, վիհեր, որոնք իր սիրածի տրտում եւ դիւթական նայուածքով կ’ոսկեզօծուէին եւ կ’օրհնուէին։ Այդ տողերու մէջ մենք տեսանք կեանքի նպատակը. «Իմ կեանքս թող մո՜ւթ ջրվէժին պէս ըլլայ, / Ու դէպի քեզ անկում մ’ըլլայ գահավէ՜ժ»։ Համօ Սահեանը խոր յուզումով դիտեց իր քարքարոտ երկիրը։ Այդ օր ծնունդ առաւ «Ուր որ նայում եմ» քերթուածը. «…Ուր որ նայում եմ, քարէ բարձունք է… / Քարէ թռիչք է, քարէ անկում»։ Իսկ Դանիէլ Վարուժանը բացատրեց իր դարաշրջանի մեծ ոգին. «Ո՚վ Դար, ո՚վ Դար, դե՚հ անցիր, եւ թող քու մէջ միշտ ապրին / Ջղաձիգ մարտ, ողջակէզ, պայքար, անկում, յաղթանակ»։ Այդ սերունդը համոզուած էր, թէ անկումին պիտի հետեւէր յաղթանակ մը անպայման։ Նոյն Վարուժանն էր, որ 12 Մարտ, 1912 թուականին Թոգաթ քաղաքէն ուղարկած նամակի մէջ նաեւ գրեց. «Ո՜վ Ցեխաքաղաք, ո՞վ պիտի ողբայ քու անկումդ»։ Ես, յարգելի ընթերցող, ձեր իմաստութեան եւ մէկնաբանութեան կը թողում, թէ ո՚ր քաղաքի մասին կը խօսէր Վարուժանը։
Ո՞վ հրեց զիս
Հայը, կը յիշէ՞ք, «անկում» բառը առաջին անգամ տեսեր էր հոգեւոր երգի մէջ։ 1500 տարի առաջ էր ան։ Իսկ այսօր, գեղեցիկ է տեսնել, թէ բառս կը յայտնուի նաեւ սիրոյ մեղեդիներու մէջ։ Տասնամեակ մը առաջ երգիչ, երգահան, պատմաբան, հնագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Արմինէ Հայրապետեանը ապրեցաւ կեանքի թռիչք եւ անկում։ Սիրային երգ մը հիւսեց ան, որ հարուստ էր բանաստեղծական պատկերներով. «Հորիզոնի բարակ լարին, / Ես կը կախեմ երազը իմ… / Բաց մնացած պատուհանից, / Դուրս եմ թռչում նորից, / Ու լինի թող ինչ լինում է… / Մի թռիչք ու մի անկում ազատ»։ Իսկ հայրենի մէկ այլ երգահան եւ երգչուհի Սիւզի Սիրակը վերջերս հրապարակեց իր նորագոյն ստեղծագործութիւնը։ Սիրոյ դառն պատմութիւն էր այդ երգը։ Սիւզին զայն կոչեց՝ «Անկում»։ Այդ երգի խօսքերը լսելէ առաջ, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժշտ կու տամ, մաղթելով, որ ձեր կեանքի մէջ դուք ունենաք բազմաթիւ անկումներ՝ դէպի ձեր սիրածի թեւերը, ինչպէս երազեր էր Ռուբէն Սեւակը։
«Թողեցիր ձեռքս
Ու ես ընկայ։
Ո՞վ հրեց ինձ ներքեւ,
Ու քո պատկերը
Սկսեց փոքրանալ։
Ճիչդ խլացաւ,
Մնաց մառախուղը վերեւում»։