ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
Ապրիլին այցելեցի Թէսաղոնիկէ։ Տեսայ 1908-ին, Օսմանեան սահմանադրութեան յայտարարուած հրապարակը։ Նացիներու գրաւման օրերուն, քաղաքի հրեաները այս հրապարակէն հալածանքներով, արհամարանքով ղրկուած էին Աշուիթցի ողջակիզման ճամբար։ Այդ դէպքը Սաֆարատ հրեաներու մեծագոյն կեդրոնը հանդիսացող Թէսաղոնիկէի վերջակէտն է։ Հրէից թանգարանին մէջ Թէսաղոնիկէին քայլ առ քայլ «ազգային» քաղաքի մը վերածուիլը տեսանք։ Զմիւռնիոյ հրդեհին նման փորձանք մըն ալ, 1917-ին, Վարտարէն դէպի ներքեւ յարող ուժեղ հիւսիսային քամիին ալ ազդեցութեամբ հրոճարակ դարձուցած էր Թէսաղոնիկէն։ Ա. Աշխարհամարտի այդ օրերուն Թէսաղոնիկէ խարսխուած Ֆրանսական զինագունդին հրդեհը մարելու համար ոչ մի ջանք վատնելը, նոյնիսկ հրդեհին ծաւալման համար աշխատիլն ալ քաղաքի առասպելներէն է։
Ինչպէս բազմազգի Թէսաղոնիկէն, «Կէաւուր» Զմիւռնիան ալ անվերադարձ կերպով կորսնցուցած են իրենց յատկութիւնը։
2007-ին Սարայեւոյի մէջ այցելած էի հրէից սրբավայրը՝ որ թանգարանի վերածուած էր։ Տարեց Սաֆարատ պահակին հետ փորձած էի իմ խեղճուկ սպաներէնով զրուցել։ Անցեալին 20 հազար հրեայ բնակիչ ունէր Սարայեւոյն։ Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուէր հակաֆաշիստական դիմադրութիւնը։ Սաֆարատներ 500 տարի է, որ կը պահեն Լատինօ կոչուած հին սպաներէնը։ Թուրքիոյ հրեաներուն հրատարակած թրքերէն «Շալոմ» թերթի երկու էջերը այս լեզուով լոյս կը տեսնէ։
Երեւոյթը նման է Հոլոգոստի զոհ գացած արեւելեան Եւրոպայի հրեաներուն, որոնք հին գերմաներէնով՝ եիտիշերէնով կը խօսէին։
Նախորդ շաբաթ Սպանական Խորհրդարանը նոր օրինագիծ մը վաւերացնելով երկքաղաքացիութեան հնարաւորութիւն տուաւ Սաֆարատ հրեաներուն։
Նման բնոյթով օրէնք մը արդէն ի զօրու էր, բայց ան կը մերժէր երկքաղաքացիութիւնը։
Սպանիոյ Ալֆոնսօ ԺԳ. արքան համաշխարհային մամուլին ուշադրութիւնը իր վրայ կը պահէր մինչեւ Ի. դարու կէսերը։ Թէեւ սպանական գաղութատիրութեան վերջին երկու երկիրները՝ Փիլիպեան կղզիները եւ Գուպան իր օրով ձեռքէ ելան, բայց ան շարունակեց ժողովրդականութիւն վայելէլ։ Գահի այժմու աթոռակալներն ալ իր տոհմէն սերած են։ Սպանիոյ Հանրապետութիւնը, թէեւ 1931-ին վերջ դրաւ անոր իշխանութեան, բայց զօրավար Ֆրանքոյի մահէն ետք դարձեալ իր թոռն է որ պիտի գահակալէր սպանական թագաւորութիւնը։
Պալատի մասին երբ կը խօսուի, անխուսափելի է հասարակութիւնը հետաքրքրող սիրոյ հէքեաթները։ ԺԹ. դարու վերջերուն Եւրոպական մամուլի էջերը Անգլիոյ Վիգթորիա թագուհիի թոռնուհիին սիրահարուելուն, այս վերջինին կաթողիկէ դաւանանքին անցնելուն եւ այսպէսով ալ ամուսնանալնուն նիւթերով լեցուն էր։
Իսկ երբ գահի, թագաւորի մասին կը խօսուի, դարձեալ անխուսափելի է անիշխանականներու դերակատարութիւնը։ Գաթալան կին անիշխանական մըն ալ ազնուական հարսնեւորներու կարասիւնին վրայ ռումբը արձակեց։ Ախ այս անջատողական գաթալանները, մինչեւ օրս կը շարունակեն անկարգութիւնը եւ կը ոտնակոխեն Սպանիոյ սահմանադրութիւնը։
Իսկ մեր այս չես գիտեր քանիերորդ Ալֆոնսօն բնաւ բարի գործ մը չունի՞։ Անշուշտ ունի, ան Չինաստանը այցելող Սպանիոյ առաջին թագաւորն է։ Տակաւին Համիտի իշխանութեան օրերուն դէպի Կոստանդնուպոլիս իր այցելութիւնը այս առումով սկզբնակէտի մը հանգամանք ունի։
Սպանական-Օսմանեան յարաբերութիւններու պատմութիւնը Միջերկրականի տիրապետելու պատմութիւն մըն է միաժամանակ։ Պատմութեան մէջ «Ինէպահթը» անունով ծանօթ Լափանթոյի ծովային պատերազմին ոչնչացուցած էր Օսմանեան նաւատորմը։ Այսպէսով երբ արեւմուտքի դռները փակուեցան Լեւանդի դիմաց, նոր աշխարհի յայտնաբերումով Սպանիա եւ Փորթուկալ գաղութատիրական հսկայ կայսրութիւններու վերածուեցան։
Օսմանեան-Սպանական առաջին խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ առեւտուրի համաձայնութիւնը կնգուեցաւ 1782-ի Սեպտեմբերին, բարեկարգումներով ծանօթ Սէլիմ Գ-ի օրով։ Տարի մը անց ալ բացուեցաւ Սպանիոյ առաջին դեսպանատունը։
Այս յարաբերութիւններու ձեւաւորման եւ հաստատման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Սպանիայէն վտարուած, բայց սպանախօսութիւնը շարունակող Սաֆարատ հրեաները։
Ահա մեր Ալֆոնսօ թագաւորն ալ Իսթանպուլի այցելութեան ընթացքին 400 տարի անց հանդիպեցաւ իր համաերկրացիներուն հետ եւ ձեւով մը ներողութիւն խնդրելով զիրենք Սպանիա հրաւիրեց։
Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին Թուրքիա երկկողմ քաղաքականութիւն որդեգրեց։ Անգարայի դեսպանատան մէջ Ֆաշիստ Ֆրանգոյի կողմնակիցները, Իսթանպուլի հիւպատոսարանի մէջ ալ հանրապետականները կը գործէին։
ԺԴ. դարուն Սպանիա 300.000 բնակիչներով աշխարհի մեծագոյն հրեայ համայնքը կը կազմէին։ Այսօր այդ թիւը նուազած է 40-50 հազարի։ 1478-ին հիմնուեցաւ կաթողիկէ արմատականութեան խորհրդանիշը համարուող կրօնական ատեանը։ Իսկ 1492-ին Արակոնի արքայ Ֆերտինանտ Բ. եւ Քաստիլիոյ թագուհի Իզապէլլա Ա. պարտադրեցին որ երկրի բոլոր բնակիչները իւրացնեն կաթողիկէ դաւանանքը։ Հրեաներ կամ կրօնափոխ պիտի ըլլային, կամ ալ լքէին երկիրը։ Անդալոչիոյ մահմետականներն ալ ենթարկուեցան նոյն պարտադրանքին։ 1609-ին, երբ տեսնուեցաւ թէ ակնկալուածէն շատ աւելի մեծ թիւով Իսլամադաւներ կրօնափոխ եղած են, նոր հրովարտակով մը երկրէն վտարուեցան «Մորիսգոս» կոչեալ կրօնափոխ իսլամներն ալ։
Սպանիոյ Արդարադատութեան Նախարարը նոր օրինագիծը կը ներկայացնէր հետեւեալ բացատրութիւնով։ «Սպանիոյ իր պատմութեան որոշ մէկ հատուածը յստակացնելու համար բաւական երկար ճանապարհ մը անցանք»
1998-ին CRDA-ի Փարիզեան երկխօսութեան ժողովին, երբ կը քննարկուէր 1915-ի նիւթը, յայտնած էի, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջնակարգ պարտականութիւնն է աքսորուած կամ բնակչութեան փոխանակումով տեղահան եղած իր նախկին քաղաքացիներուն հայրենակցական իրաւունքը ապահովել եւ անցագիր տալ շնորհել։ Այս առաջարկի ներշնչումը կ՚առնէի Սպանիոյ արքայ Ալֆոնսոյի, դեռ ԺԹ. դարու վերջերուն Սաֆարատ հրեաներու ուղղեալ հրաւէրէն։
Մեր Թայյօն ալ հետեւեցաւ Ալֆոնսօի օրինակին եւ քանի մը տարի առաջ կատարած Աթէնքեան այցելութեան, ետ հրաւիրեց Իսմէտի կողմէ վտարուած յոյները։ Ապարդիւն մնաց այդ փորձը, հակառակ որ անոնք դեռ կը կրեն Թուրքիոյ Հանրապետութեան անցագիրները։
Ան չէ յարգած նաեւ Հէյպէլի Կղզիի հոգեւոր ճեմարանը բանալու մասին խոստումը։ Յամառած է՝ «Աթէնքի մէջ մզկիթ կ՚ուզեմ» ըսելով։
Սպանիոյ Ալֆոնսօ ԺԳ. կայսրը
Սէլիմ Գ. Սուլթան
Թէսաղոնիկէ Ի. դարու սկիզբներուն