Ես առոյգ եմ այդ հողերուն վրայ

74 ամեայ Ստեփան Պոտուեան լիոնաբնակ ֆրանսահայ մըն է։ Երիտասարդութեան տարիներէն ի վեր կը ճամբորդէ աշխարհի զանազան վայրերը։ Դէպի Թուրքիա իր առաջին ճամբորդութիւնը կը կատարէ 1968-ին, Կապատովկիա։ 1969-ին երկրորդ այցելութիւնը ուղղուած է Արեւմտեան Հայաստան։ Պատահաբար կը ծանօթանայ քիւրտ երիտասարդի մը, որուն հետ բարեկամութիւնը կը շարունակուի մինչեւ քանի մը տարի առաջ, երբ ան ոճիրի մը զոհ կ՚ըլլայ Փարիզի մէջ։ «Զաւակները իմ զաւկիս նման կը սիրեմ։ Երբ որ Թուրքիա գամ, անպայման կ՚այցելեմ իրենց ընտանիքը» կ՚ըսէ Պոտուեան։

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

74 ամեայ Ստեփան Պոտուեան լիոնաբնակ ֆրանսահայ մըն է։ Երիտասարդութեան տարիներէն ի վեր կը ճամբորդէ աշխարհի զանազան վայրերը։ Դէպի Թուրքիա իր առաջին ճամբորդութիւնը կը կատարէ 1968-ին, Կապատովկիա։ 1969-ին երկրորդ այցելութիւնը ուղղուած է Արեւմտեան Հայաստան։ Պատահաբար կը ծանօթանայ քիւրտ երիտասարդի մը, որուն հետ բարեկամութիւնը կը շարունակուի մինչեւ քանի մը տարի առաջ, երբ ան ոճիրի մը զոհ կ՚ըլլայ Փարիզի մէջ։ «Զաւակները իմ զաւկիս նման կը սիրեմ։ Երբ որ Թուրքիա գամ, անպայման կ՚այցելեմ իրենց ընտանիքը» կ՚ըսէ Պոտուեան։

Չի յիշեր դէպի Թուրքիա կատարած ճամբորդութիւններուն թիւը։ Վերջին այցելութիւնը կայացաւ Իսթանպուլի Ֆրանսական Մշակոյթի Կեդրոնին հրաւէրով, ուր ան բանախօսութիւնով մը ներկաներուն հետ կիսեց 45 տարուան այս ոդիսականը, իր լուսանկարներուն ընկերակցութեամբ։

Սոյն միջոցառումէն օգտուելով հանդիպում մը ունեցանք Ստեփան Պոտուեանի հետ։

Վարդան Էսդուգեան- Կրնա՞ք համառօտ կերպով ծա­նօթաց­­նել դուք ձեզ։

Ստե­­­փան Պո­­­տուեան- Հա­­­մարեայ 74 տա­­­րեկան եմ։ Ու­­­սեալ չեմ, դպրոց չեմ յա­­­ճախած։ Աս­­­պա­­­­­­­րէզով սպոր­­­դի մար­­­զիչ եմ։ Դուստր մը ու­­­նիմ, որ իմ կիր­­­քը կը բաժ­­­նէ, այ­­­սինքն աշ­­­խարհ կը շրջի։ Բայց իր նա­­­խապա­­­տուու­­­թիւնը Սու­­­րիա, Լի­­­բանան, Եգիպ­­­տո­­­­­­­սի նման Մի­­­ջինա­­­րեւել­­­քի եր­­­կիրներն են։ Ծնող­­­ներս, բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հայ ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րու նման 1922-23 թուական­­­նե­­­­­­­րուն նախ Զմիւռնիա, ապա Յու­­­նաստա­­­նի Քոր­­­ֆու կղզին, Աթենք, ու վեր­­­ջա­­­­­­­պէս Մար­­­սէյլ հա­­­սած են։ Ես Լիոն ծնած եմ։ Հա­­­զիւ քսաններուս գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­ցայ հայ ինքնու­­­թեանս։ Տան մէջ ֆրան­­­սա­­­­­­­խօս էինք եւ մեր թա­­­ղը հա­­­յաբ­­­նակ չէր։

Վ.Է.- Ձեր քսաններուն ի՞նչը ձեզի դրդեց, որ Թուրքիա այ­­­ցե­­­­­­­լէք։

Ս.Պ.- Հայրս 1965-ին թո­­­շակա­­­ռու դառ­­­նա­­­­­­­լէ ետք Եոզ­­­ղատ գնաց ու գտաւ իր ծնած տու­­­նը։ Կին մը բա­­­ցած է դու­­­ռը, որուն հայրս ըսած է «այս իմ տունս է»։ Կի­­­նը առա­­­րկած է ըսե­­­լով որ աւե­­­լի քան յի­­­սուն տա­­­րի է հոս կը բնա­­­կին։ Հայրս հաս­­­տա­­­­­­­տած է ըսե­­­լով որ ճիշդ է, ինք ան­­­կէ ալ առաջ է որ հոս բնա­­­կած է։ Կի­­­նը այս խօս­­­քը լսե­­­լով հայրս ներս կ՚առ­­­նէ եւ եր­­­կու օր կը հիւ­­­րա­­­­­­­սիրէ իր տան մէջ։ Վե­­­րադար­­­ձին, երբ այս դէպ­­­քը պատ­­­մեց, որո­­­շեցի Թուրքիա այ­­­ցե­­­­­­­լել։ Առա­­­ջին ան­­­գամ Կա­­­պատով­­­կիոյ շրջա­­­նը, ան­­­մի­­­­­­­ջապէս յա­­­ջորդ տա­­­րի ալ դէ­­­պի Արե­­­ւելք ճամ­­­բորդե­­­ցի կնոջս հետ։ Ան հի­­­մա ձանձրա­­­ցած է այս պտոյտնե­­­րէն, ուստի վեր­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն առան­­­ձին կը շրջիմ։

Վ.Է.- Իսկ ի՞նչ էր առա­­­ջին տպա­­­ւորու­­­թիւնը։ Կը վախ­­­նա­­­­­­­յի՞ք։

Ս.Պ.- Ան­­­շուշտ, այդ տա­­­րինե­­­րուն եթէ մէ­­­կը ին­­­ծի տա­­­սը երկվայրկեանէն աւե­­­լի նա­­­յէր կը վախ­­­նա­­­­­­­յի ու իս­­­կոյն կը հե­­­ռանա­­­յի։ Իսկ այժմ ինքնա­­­շար­­­ժիս ետե­­­ւի ապա­­­կիին վրայ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի դրօ­­­շով կը մտնեմ Թուրքիա։ Առա­­­ջին ան­­­գամ Վան եր­­­թա­­­­­­­լով ես ինձ շատ լաւ զգա­­­ցի։ Դժուար բա­­­ցատ­­­րե­­­­­­­լի զգա­­­ցում է, բո­­­վան­­­դակ Թուրքիան չէ, որ հա­­­րազատ է ին­­­ծի հա­­­մար, այլ Արեւմտեան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը, յատ­­­կա­­­­­­­պէս ալ Վա­­­նը, հա­­­կառակ որ մեր ըն­­­տա­­­­­­­նիքի մէջ Վա­­­նի հետ առնչու­­­թիւն մը չկայ։ Սկիզբնե­­­րը միայն կնոջս հետ կը ճամ­­­բորդէի, յե­­­տոյ աղ­­­ջիկս ծնաւ եւ մէկ տա­­­րեկա­­­նէն սկսեալ ան ալ հե­­­տեր­­­նիս տա­­­րինք։ Թուրքիոյ մէջ այնքան շատ պտը­­­տեցայ որ վստահ եմ իմ տե­­­սած տե­­­ղերը ոչ մէկ թուրք չէ տե­­­սած։ Վեր­­­ջին եր­­­կու տա­­­րինե­­­րուն, առող­­­ջութեան պատ­­­ճառնե­­­րով չէի եկած, բայց այս տա­­­րի ալ Ապ­­­րիլ 24-ի մի­­­ջոցա­­­ռումնե­­­րուն ներ­­­կայ ըլ­­­լա­­­­­­­լու հա­­­մար եկայ։ Այս մի­­­ջոցին քա­­­նի մը ան­­­գամ Հա­­­յաս­­­տան այ­­­ցե­­­­­­­լած եմ։ Այդ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւննե­­­րուն առա­­­ջինը իմ որ­­­պէս քա­­­ղաքա­­­պետ ծա­­­ռայած աւա­­­նի Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն ու­­­րիշ աւա­­­նի մը հետ «Քոյր քա­­­ղաք­­­ներ» հռչա­­­կուե­­­լուն առ­­­թիւ էր։ Կրնայ ձե­­­զի խո­­­տոր թուիլ, բայց Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը ին­­­ծի հա­­­մար այնքան ալ հա­­­րազատ չէ։ Ան­­­շուշտ այս զգա­­­ցու­­­մը չէի բաժ­­­նած ին­­­ծի ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցող պա­­­տուի­­­րակու­­­թեան ան­­­դամնե­­­րուն հետ։ Կրնա­­­յին սխալ հասկնալ։

Վ.Է.- Իսկ ֆրան­­­սա­­­­­­­հայե­­­րը ի՞նչ հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն կ՚ու­­­նե­­­­­­­նային։

Ս.Պ.- Առա­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն «խենդ ե՞ս» կը հարցնէին։ Հա­­­մոզուած էին որ կեանքս կը վտան­­­գեմ Թուրքիա եր­­­թա­­­­­­­լով։ Թէեւ բա­­­ւական նուազած ըլ­­­լա­­­­­­­լով մին­­­չեւ այ­­­սօր ալ այդպէս մտա­­­ծող ֆրան­­­սա­­­­­­­հայեր կան։ Նոյ­­­նիսկ գտնուեցան մար­­­դիկ, որոնք զիս լրտե­­­սու­­­թեամբ ամ­­­բաստա­­­նեցին։ Իսկ այ­­­սօր բո­­­լորն ալ հո­­­գի կու տան Թուրքիա գա­­­լու հա­­­մար։ Շատ կը ցա­­­ւիմ, որ թէ հա­­­յերէ­­­նին եւ թէ թուրքե­­­րէնին լաւ չեմ տի­­­րապե­­­տեր։

Վ.Է.- Իսկ այս այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան մա­­­սին ին­­­չե՞ր կը պատ­­­մէք։

Ս.Պ.- Ֆրան­­­սա­­­­­­­կան Մշա­­­կոյ­­­թի Կեդ­­­րո­­­­­­­նին մէջ «Արե­­­ւելեան Անա­­­տոլուի մէջ քա­­­ռասուն տա­­­րուայ ճամ­­­բորդու­­­թիւն մը» խո­­­րագի­­­րով մի­­­ջոցա­­­ռում մը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պուած էր։ 7 Հոկ­­­տեմբե­­­րին կա­­­յացող այդ բա­­­նախօ­­­սու­­­թեան ըն­­­թացքին ցու­­­ցադրե­­­ցի նաեւ նա­­­խորդ ճամ­­­բորդու­­­թիւննե­­­րէն լու­­­սանկար­­­ներ։ Այդ օր հան­­­դի­­­­­­­սատես­­­նե­­­­­­­րուն հե­­­տեւեալը ըսի՝ «Վա­­­նա Լճի եւ շրջա­­­կայ­­­քի, նե­­­րառեալ Աղ­­­թա­­­­­­­մար կղզիի վրայ պատ­­­մութիւ­­­նը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի։ Ես այդ պատ­­­մութեան հետ­­­քե­­­­­­­րուն վրայ քա­­­լելէն մեծ հա­­­ճոյք կ՚առ­­­նեմ։ Արե­­­ւելեան Անա­­­տոլու իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեանս, ես ինձմէ մաս­­­նիկ մը եւս կը յայտնա­­­բերեմ։ Կը խօ­­­սիմ եկե­­­ղեցի­­­ներու աւե­­­րակ­­­նե­­­­­­­րուն հետ, -յա­­­ջորդ տա­­­րի կրկին կը հան­­­դի­­­­­­­պինք- ըսե­­­լով հրա­­­ժեշտ կ՚առ­­­նեմ այդ քա­­­րերէն։ Ես զիս միշտ առոյգ զգա­­ցած եմ այդ հո­­ղերուն վրայ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ