Դեռ ի՞նչ փորձանք կայ մեր գլխուն

Նախորդ Շա­­բաթ առա­­ւօտ Ան­­գա­­­րայի Կա­­յարա­­նին առ­­ջեւ պայ­­թող ռումբերուն տե­­ղի տուած ցնցումնե­­րը մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կուին։ Թեր­­թիս հրա­­տարա­­կութեան պատ­­րաստուած պա­­հուն Ան­­գա­­­րայի Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառը զո­­հուած­­նե­­­րուն թի­­ւը կը յայ­­տա­­­րարէր 106։

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Նախորդ Շա­­բաթ առա­­ւօտ Ան­­գա­­­րայի Կա­­յարա­­նին առ­­ջեւ պայ­­թող ռումբերուն տե­­ղի տուած ցնցումնե­­րը մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կուին։ Թեր­­թիս հրա­­տարա­­կութեան պատ­­րաստուած պա­­հուն Ան­­գա­­­րայի Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառը զո­­հուած­­նե­­­րուն թի­­ւը կը յայ­­տա­­­րարէր 106։

Խորհրդա­­րանի վա­­ղահաս ընտրու­­թիւննե­­րուն եր­­կու շա­­բաթ ըն­­դա­­­ռաջ խիստ մտա­­հոգիչ քա­­ղաքա­­կան մթնո­­լորտ մը կը տի­­րէ երկրէն ներս։ Դէպ­­քին յա­­ջոր­­դող քա­­նի մը օրե­­րու ըն­­թացքին ար­­դէն յստա­­կացած են այս յար­­ձա­­­կու­­մը իրա­­կանաց­­նող ահա­­բեկիչ­­նե­­­րը։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով ապա­­հովու­­թեան ու­­ժե­­­րու նախ­­կին ազ­­դա­­­րարու­­թիւննե­­րը, ար­­դէն բո­­լոր սլաք­­նե­­­րը ուղղուած էին ՏԱԻՇ կո­­չեալ ոճ­­րա­­­գործնե­­րու խմբա­­կին։ Ար­­դա­­­րեւ այժմ ծի­­նաբա­­նական ստու­­գումնե­­րով յայտնի կը դառ­­նայ թէ այս վեր­­ջին ահա­­բեկիչ­­ներն ալ 20 Յու­­լի­­­սին Ուրֆա­­յի Սու­­րուչ գա­­ւառին մէջ գոր­­ծուած յար­­ձա­­­կու­­մ հե­­ղինակ­­նե­­­րուն հետ նոյն խմբա­­կին կը պատ­­կա­­­նին։ Ճիշդ ալ այս կա­­պակ­­ցութեան ակ­­նարկե­­լով Սու­­րուչի զո­­հերուն ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու իրա­­ւապաշտպան Սէ­­զին Ու­­չար «Ակօս»ին յայտնեց, թէ եթէ դա­­տախա­­զու­­թիւնը ար­­դար հար­­ցաքննու­­թիւն մը կա­­տարէր, կա­­րելի կ՚ըլ­­լար այս վեր­­ջի­­­նը կան­­խել։ «Եր­­կու յար­­ձա­­­կումնե­­րու մի­­ջեւ շատ լուրջ նմա­­նու­­թիւններ կան։ Եր­­կու յար­­ձա­­­կումներն ալ ուղղուած են նոյն նպա­­տակ­­նե­­­րով մէկ­­տեղուած մարդկանց դէմ։ Իսկ յար­­ձա­­­կու­­մէն ետք պա­­տահած­­ներն ալ նմա­­նու­­թիւններ ու­­նին։ Շտա­­պօգ­­նութեան ինքնա­­շարժնե­­րէն առաջ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու ջուր սրսկող կառ­­քե­­­րը եկան։ Դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով ու­­շա­­­ցան վի­­րաւոր­­նե­­­րուն օգ­­նե­­­լու։ Կա­­յարա­­նը եւ Ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան շէն­­քը շատ մօտ են իրա­­րու, բայց դա­­տախա­­զը ժա­­մեր վերջ է, որ կրցաւ գալ։ Երբ յան­­ցա­­­գործնե­­րը չեն բռնուիր, նման յար­­ձա­­­կումնե­­րու հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը միշտ առ­­կայ կը մնայ» ըսաւ փաս­­տա­­­բան Սէ­­զին Ու­­չար։

Պայ­­թումի ան­­մի­­­ջական վկա­­ներէն մէկն ալ ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան Իս­­թանպու­­լի Պատ­­գա­­­մաւոր Ֆի­­լիզ Քէ­­րէս­­թէ­­­ճիօղ­­լուն է։ «Դէպ­­քէն ան­­մի­­­ջապէս ետք ինքնաշարժով կա­­յարան հա­­սանք։ Զար­­մա­­­նալով կը տես­­նէի հսկո­­ղու­­թեան կէ­­տերուն դա­­տարկ ըլ­­լա­­­լը։ Տե­­սարա­­նը ահ­­ռե­­­լի էր։ Այդ պա­­հուն ոչ շտա­­պօգ­­նութեան ինքնա­­շարժ կար, ոչ ալ ու­­րիշ բան։ Հանրա­­հաւա­­քի հա­­մար եկած բժիշկներն է, որ վի­­րաւո­­րեալ­­նե­­­րուն օգ­­նութեան կը փու­­թա­­­յին։ Քիչ ետք ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը եկան եւ այդ օգ­­նողնե­­րուն վրայ ջուր սրսկե­­ցին։ Խոր վէր­­քեր ստա­­նալով տա­­ռապող մար­­դիկ այս ան­­գամ ալ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու ար­­ձա­­­կած կա­­զով շնչա­­հեղձ եղան»։ Քէ­­րէս­­թէ­­­ճիօղ­­լու այս բո­­լորը կը բնու­­թագրէ «ամե­­նաճար­­տար մե­­ռել փո­­խադ­­րող պե­­տու­­թիւն» բնա­­բանով։ «Հան­­րա­­­հաւա­­քը օրեր առա­­ջու­­նէ կազ­­մա­­­կեր­­պուած էր։ Թուրքիոյ չորս կող­­մէն հա­­զարա­­ւոր մար­­դիկ հոն պի­­տի գան եւ դուք իբ­­րեւ պե­­տու­­թիւն «այդ վայ­­րը հան­­րա­­­հաւա­­քի վայր չէր» ըսե­­լով պի­­տի պատ­­րուակէք կա­­յարա­­նի առ­­ջե­­­ւի թե­­րացու­­մը։ Ըն­­դունե­­լի չէ այսպիսի պե­­տու­­թեան հաս­­կա­­­ցողու­­թիւնը» ըսաւ Ֆի­­լիզ Քէ­­րէս­­թէ­­­ճիօղ­­լու։

Կա­­րեւոր վկա­­յու­­թիւններ փո­­խան­­ցող անձնա­­ւորու­­թիւն մը եղաւ նաեւ Մի­­ջազ­­գա­­­յին Հրանդ Տինք Մրցա­­նակի նա­­խորդ տա­­րուան դափ­­նե­­­կիր, մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան, դա­­տական բժշկու­­թեան մաս­­նա­­­գէտ Փրոֆ. Շէպ­­նէմ Քո­­րուր Ֆին­­ճանճը, որուն հետ խօ­­սեցաւ թեր­­թիս աշ­­խա­­­տակազ­­մէն Կէօզ­­տէ Քա­­զազ։ «Նա­­խապէս ծրագ­­րուած բժշկա­­կան գի­­տաժո­­ղովի մը հա­­մար Ան­­գա­­­րայի Պալ­­կաթ թա­­ղամա­­սը կը գտնուէինք։ Պայ­­թումի լու­­րը առ­­նե­­­լով իս­­կոյն դէպ­­քին վայ­­րը ուղղուեցանք։ Ժա­­մը 10։30 էր եւ վի­­րաւոր­­նե­­­րուն մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը փո­­խադ­­րուած էին։ Իրա­­ւապաշտպան­­նե­­­րուն առա­­ջար­­կով մենք ալ իբ­­րեւ ան­­կախ դի­­տորդ մաս­­նակցե­­ցանք դէպ­­քի վայ­­րի քննար­­կումնե­­րուն։ Առա­­ջին դա­­տախա­­զը ժա­­մը 11։00-ին հա­­սաւ։ Նշեմ որ եր­­կու պայ­­թումնե­­րու հե­­տեւան­­քով, եր­­կու դէպ­­քի վայր ճշդուած էր։ Այս տե­­սակ դէպ­­քե­­­րու պա­­հուն զո­­հուած­­նե­­­րուն ինքնու­­թիւնը տեղ­­ւոյն վրայ ճշդել գրե­­թէ ան­­կա­­­րելի է։ Կ՚ու­­զեմ նշել որ նման դէպ­­քե­­­րուն ու­­շադրու­­թիւննե­­րը առա­­ջին հեր­­թին կ՚ուղղուին մարմնա­­կան վնա­­սուածքներ ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րուն։ Բայց անոնցմէ զատ, մար­­մնի վրայ որոշ վնաս մը չու­­նե­­­նալով հան­­դերձ հո­­գեկան կեր­­պով շատ ծանր վնա­­սուած մար­­դիկ կը գտնուին։ Բնա­­կանա­­բար շտապօգ­­նութեան միաւոր­­նե­­­րը կ՚ան­­տե­­­սէին այս մար­­դի­­­կը, որոնք եւս լուրջ բժշկա­­կան օգ­­նութեան կը կա­­րօտին։ Կ՚ու­­զեմ նշել որ դա­­տական բժիշկնե­­րը շատ արագ աշ­­խա­­­տեցան։ Դիազննու­­թիւնը լա­­ւագոյնս կա­­տարուեցաւ։ Ամէն մի դիազննու­­թիւն մօ­­տաւո­­րապէս մէ­­կու­­կէս ժամ կը տե­­ւէր։ Մարմնա­­կան ամ­­բողջու­­թիւնը պա­­հած դիակ­­նե­­­րը ստու­­գել, ինքնու­­թիւնը պար­­զել հա­­մեմա­­տաբար աւե­­լի դիւ­­րին էր, բայց կար նաեւ մեծ թի­­ւով մարմնա­­կան ամ­­բողջու­­թիւնը կորսնցու­­ցած, ան­­ճա­­­նաչե­­լի դար­­ձած մար­­միններ։ Այդ դէպ­­քե­­­րուն հարկ կ՚ըլ­­լար ծի­­նային յատ­­կութիւննե­­րու բաղ­­դա­­­տու­­մով քննու­­թիւն ընել։ Ան­­շուշտ այս վեր­­ջի­­­նը աւե­­լի եր­­կար ժա­­մանակ պա­­հան­­ջող աշ­­խա­­­տու­­թիւն մըն է։ Եթէ դա­­տական բժշկու­­թեան աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն հա­­մար դրա­­կան տպա­­ւորուած եմ, նոյ­­նը չեմ կրնար ըսել այդ հաս­­տա­­­տու­­թեան դրան առ­­ջեւ սպա­­սող հա­­րազատ­­նե­­­րու պա­­րագա­­յին։ Անոնք ալ շատ ծանր տա­­ռապանք մը կ՚ապ­­րէին դուրսը եւ իրենց հա­­մար պայ­­մաննե­­րը դիւ­­րացնող­­նե­­­րը զգա­­յուն ան­­հատներն էին միայն։ Մէ­­կը լու­­սա­­­ւորու­­թեան հա­­մար հո­­սան­­քի լար կը միաց­­նէր, ու­­րիշ մը տաք թէյ կը մա­­տու­­ցէր եւ դեռ շա­­տեր իրենց մի­­ջոց­­նե­­­րով կը փոր­­ձէին այդ ընկճուած մարդկանց օգ­­նա­­­կան ըլ­­լա­­­լ։ Այդ պա­­հուն պե­­տական ոչ մէկ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն, ոչ մէկ ծա­­ռայու­­թիւն»։

Այս վկա­­յու­­թիւննե­­րը կը վե­­րաբե­­րին դէպ­­քի պա­­տահ­­ման յա­­ջոր­­դող առա­­ջին ժա­­մերուն։ Ապա եր­­կի­­­րը ան­­գամ մըն ալ ցնցուեցաւ զո­­հուած­­նե­­­րու թա­­ղումնե­­րուն պատ­­ճա­­­ռաւ։ Կեանքով լե­­ցուն բազ­­մա­­­թիւ ան­­շունչ մար­­միններ Ան­­գա­­­րայէն ու­­ղարկուեցաւ երկրին չորս կող­­մը, սար­­սափն ու յուզմունքը, վրդո­­վու­­մը իրենց հետ փո­­խան­­ցե­­­լով բո­­վան­­դակ երկրին։ Այժմ բո­­լորին մտքին մէջ կը մնայ սա սար­­սա­­­փելի հար­­ցումը՝ «Ար­­դեօք դեռ ին­­չե՞ր պի­­տի պա­­տահին մին­­չեւ Նո­­յեմ­­բեր 1-ի ընտրութիւնները»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ