28 Սեպտեմբերը ուսման տարեշրջանի բացումն է Թուրքիոյ տարածքին։ Այդ օր 18 միլիոն աշակերտներ մուտք գործեցին դպրոցներէ ներս, ամբողջ ինը ամիսներ ինչ-ինչ դժուարութիւններ յաղթահարելու միտումով։
28 Սեպտեմբերը ուսման տարեշրջանի բացումն է Թուրքիոյ տարածքին։ Այդ օր 18 միլիոն աշակերտներ մուտք գործեցին դպրոցներէ ներս, ամբողջ ինը ամիսներ ինչ-ինչ դժուարութիւններ յաղթահարելու միտումով։ Կրթական հարցը Թուրքիոյ ամենակնճռոտ խնդիրներէն մէկն է, քանի որ քաղաքականութիւնը միշտ կ՚ուզէ շահագործել ուսման ծրագիրը։ Շատերուն յիշողութեան մէջ թարմ է այժմու նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանի վարչապետութեան շրջանին արտասանած «հաւատացեալ սերունդ պիտի պատրաստենք» յայտարարութիւնը։ Արդարեւ ամէն կառավարութիւն եւ նոյնիսկ ամէն կրթութեան նախարար իր հասկացողութեան զուգահեռ փոփոխութիւններ կը մտցնէ ուսման ծրագրի մէջ, որմէ կը տուժեն աշակերտները։ Այս ամբողջութեան մէջ երկրիս հայ վարժարաններն ալ ունին իրենց յատուկ բազմաթիւ դժուարութիւններ։ Այս տարի Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն արձանագրուած աշակերտներու թիւը կը հասնի 2.947-ի։ Այս թիւով անգամ մը եւս կը պարզուի, թէ հայ վարժարան կը յաճախեն հայ աշակերտներու միայն մէկ երրորդը։ Աշակերտներու թիւի նուազումը դպրոցները կը դնէ նիւթական լուրջ դժուարութիւններու դիմաց։ Քաղաքի ամենաշատ բնակչութիւն ունեցող թաղի, Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը այս տարի միայն 200 աշակերտներ ունի։ Թաղականութեան անդամները այս նուազումը կը բացատրեն ձրի արձանագրութիւն կատարող մերձակայ դպրոցներու գոյութիւնով։ Այս համայնապատկերի մէջ քաղաքիս բոլոր հայ դպրոցները կը դժուարանան իրենց տարեկան ելմտական ցուցակը հաւասարակշռելու։ Բարեբախտութիւն է որ պետութիւնը վերջին երկու տարիներուն նիւթական նպաստ կը տրամադրէ բոլոր յատուկ վարժարաններուն, ներառեալ մեր համայնքային դպրոցներուն։ Սակայն այս նպաստը անբաւարար կը մնայ գոյացած բացը ապահովելու համար եւ խնամակալներ կամ թաղականներ կը հարկադրուին մատաղ օրհնութեան սեղաններուն շուրջ դրամահաւաք կազմակերպելու եւ բարերարներուն գթութեան ապաւինելու։ Շատեր ափսոսանքով կը նշեն որ ցարդ կարելի չէ եղած հայ ժողովուրդի բոլոր հաստատութիւններուն համար հաւաքական պիւտճէ կը գոյացնել եւ ազգային հաստատութիւններու տարեկան ելմտացոյցը այդ միջոցաւ ապահովել։
Վերամուտը նոր շէնքի մէջ
Իսթանպուլահայ կրթական կեանքի մէջ սովորական երեւոյթ է դպրոցներու շէնքերուն յաճախակի վերանորոգումը։ Սակայն ի հիմանէ նոր շէնքի կառուցումը բացառիկ երեւոյթ է, որ այս տարի կայացաւ Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանի օրինակով։ Պաքըրգիւղ Պոլսոյ հայաշատ թաղերէն մէկն է եւ դպրոցի հին շէնքը հետզհետէ անբաւարար կը մնար ուսման արդի պահանջներուն դիմաց։ Այս պատճառաւ ալ թաղական խորհուրդը արժեւորեց քաղաքապետարանի բարի տրամադրութիւնը եւ իսկոյն ձեռնարկեց նոր շէնքի մը կառուցման։
Նորակառոյց շէնքը 28 Սեպտեմբեր Երկուշաբթի օր հնչող առաջին զանգով իր դռները բացաւ թաղի 391 աշակերտներուն։ Այս առթիւ կատարուած հանդիսութեան ընթացքին տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ երախտապարտութեամբ յիշեց դպրոցի անցեալը։ «171 տարիներէ այս կողմ բազում սերունդներու ուսում ջամբած Տատեան վարժարանին պատմութեան մէջ այսօր նոր էջ մըն է որ կը բացուի։ Յովհաննէս Պէյ Տատեանին ջանքերով բացուած նախորդ դպրոցը սկզբնական շրջանին միայն երեք դասարան ունէր։ Իսկ մենք 2015-16 ուսման տարեշրջանին կը թեւակոխենք վեց յարկերու վրայ 21 դասարաններ, տարրալուծարան, գրադարան, մարզասրահ, ճաշասրահ, բանախօսութեան սրահ եւ զանազան աշխատանոցներու յարմար բաժիններ ունեցող այս առթի շէնքին մէջ»։ Ալիս Պայրամ ընդգծեց նաեւ, թէ նոր շէնքը պիտի նպաստէ ուսման մակարդակին բարձրացման։
Այս առթիւ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիր։ Ան իր ելոյթին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագծի համակարգողի պաշտօնը ստանձնած ճարտարապետ Նուպար Մանավեանին, Պաքըրգիւղի Քաղաքապետարանին եւ նախագծի իրականացման աջակցող բոլոր բարերարներուն։