ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄ
Նախ կ՚ուզեմ Հրանդ Տինք Հիմնարկին շնորհակալութիւն յայտնել այս յատուկ հրաւէրին համար։
Ինչպէս գիտէք այս տարի ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է եւ ինձմէ պահանջուեցաւ այս մասին ելոյթ ունենալ։
Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն մըն է, որ բնութագրուեցաւ 1948-ին։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ հրատապ նիւթ մըն է 1915-ին պատահածներուն ցեղասպանութիւն ըլլալով յիշուիլը։ Մինչդեռ այս տարակարծութիւնը վերացնողը նոյն ինքն ցեղասպանութիւն բառի հեղինակ Ռափայէլ Լեմքին եղած է։ Մնաց որ նախապէս ալ նման բնոյթի ոճիրները դատապարտող 1899 եւ 1907-ի Լահէյի համաձայնութիւնը, որ կը կոչուի «Մարթէնսի Վճիռ», ռուս իրաւագէտ Մարթէնսի Օսմանեան Կայսրութեան իր քրիստոնեայ հպատակներուն դէմ գործադրած կոտորածներէն ծագած է։ Կայ եւս մի համաշխարհային սահմանում, որ կը կոչուի «Մարդկութեան Դէմ Յանցանքներ», առաջին անգամ գործածուած է հայերու զանգուածային սպանութեան դէմ Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիոյ համատեղ յայտարարութեան մէջ։
Լեմքին իր «անպաշտօնական» կենսագրութեան մէջ այս նիւթին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կը ներկայացնէ Սողոմոն Թէհլէրեանի դատավարութիւնով։ «Դատավարութիւնը վերածուեցաւ յանցագործ թուրքերու հաշուետուութեան։ Համաշխարհային հասարակութիւնը այսպէսով տեսաւ Թուրքիոյ մէջ պատահած ողբերգութեան իրողութիւնը։ Իրենց շահերու հեռանկարով հայոց սպանութիւնը անտեսող եւ թուրք յանցագործերը ազատ արձակող արեւմտեան աշխարհը այս դատավարութիւնով կը հարկադրուէր սարսափելի իրողութիւնը լսելու։ Որքա՞ն իրաւացի է անհատի մը զէնքն ի ձեռին արդարութիւն բաշխելը։ Այս հարցումին պատասխանը չէի գիտեր, բայց համոզուեցայ որ ցեղի կամ կրօնական խմբակի մը ուղղեալ ոճիրներուն դատապարտման համար անհրաժեշտ է համաշխարհային օրինագիծ մը ստեղծել»։
Այս դատավարութենէն ազդուած Լեմքին կը թողու իր գրականութեան ուսումը եւ կ՚ուղղուի իրաւագիտութեան։ Իր յուշերուն մէջ կը փոխանցէ ուսուցիչին հետ ունեցած վէճը։ Կը հարցնէ թէ Թալիաթ ինչո՞ւ համար չէ ձերբակալուած եւ դատուած։ Ուսուցիչը կը պատասխանէ՝ «դատարանները այս մասին ոչ օրէնքի յօդուած մը եւ ոչ ալ իրաւասութիւն ունին»։ Ապա իր տեսութիւնը պարզելու համար օրինակ մը կը ներկայացնէ։ «Հաւեր ունեցող ագարակատէր մը ենթադրէ։ Ան եթէ որոշէ իր հաւերը սպաննել, այս իր գիտնալիք գործն է։ Եթէ միջամտես, անոր իրաւունքը ոտնակոխած կ՚ըլլաս»։ Առարկած էի ըսելով որ «մարդիկ հաւ չեն»։
Լեմքին կը դժուարանայ Թէհլէրեանին Թալիաթը սպաննելուն ոճրագործութիւն համարուելուն, բայց Թալիաթին միլիոններ սպաննելուն յանցանք չհամարուելուն տարօրինակ հակասութիւնը ընկալելու։
Այս բոլորը մեր երկրի մէջ այնքան ալ ծանօթ չեն քանի որ չենք առերեսուած մեր պատմութեան հետ։ Այդ պատճառաւ ալ մեր պետութիւնը տակաւին իր քաղաքացիները հաւեր ըլլալով կը տեսնէ։
Առերեսման համար չորս
պատճառներ
Ի՞նչ կը նշանակէ պատմութեան հետ առերեսուիլ կամ ինչո՞ւ ստիպուած ենք առերեսուելու։ Այս մասին չորս պատճառներ յստակացած են։ Առաջինը՝ ոչնչացուած մարդկանց արժանապատուութիւնը ապահովելու համար է։ Բոլոր մեծ զանգուածային սպանդներու մէջ զոհերը մանրէի, միջատի, ուռուցքի մը վերածող քարոզչութիւններ կը կատարուին։ Այդ առումով ալ մարդոց արժանապատուութիւնը վերահաստատելու համար առերեսման կը կարօտինք։ Երկրորդ պատճառը, կոտորածները հասարակութեան մօտ արդարութեան զգացումը եւ խիղճը կը խորտակեն։ Արդարութիւնը վերակերտելու համար անիրաւուածներուն կորուստը հատուցել պէտք է։ Եթէ այս առերեսումը չկատարէք արդար ապագայ մը չէք կրնար երազել։ Երրորդ պատճառը անցեալին իրարու հետ բախում ունեցած հասարակութիւնները, եթէ խաղաղ համակեցութիւն մը պիտի ապրին պարտաւոր են անցեալի դէպքերուն մասին իրարու հետ խօսելու եւ առերեսուելու։ Չորրորդ եւ ամենակարեւոր գործօնը, եթէ ուրանաք անցեալի պատահածները, նոյն յանցագործութիւնը կրկնելու ներուժը պահած կ՚ըլլաք ձեր մէջ։ Այսօր Թուրքիոյ Միջին Արեւելքի մէջ անյաջողութեան գլխաւոր պատճառն այս է։ Միջին Արեւելքի ժողովուրդները Թուրքիոյ այսօրուան կառավարութիւնները կը դիտեն իբրեւ օսմանեան թուրք վարիչներու շարունակութիւնը։ Եւ որքան ատեն որ այս վերջիններս չեն առերեսուած իրենց մեղքերուն հետ, նոյն յանցանքները դարձեալ կրնան գործել։
Վերջապէս կրնանք ըսել որ նոյնիսկ եթէ խուսափիք պատմութեան հետ առերեսուելէ, ան ընդմիշտ կը հետապնդէ ձեզ։
Բարեփոխումներու խնդիրը
Պատմութեան հետ առերեսուելու հրամայականը այժմէական պատճառ մըն ալ ունի։ Եթէ յաջողած ըլլայինք հայկական խնդրի մասին արդար առերեսում մը կատարել, քրտական հարցը այսպէս չէինք ապրեր։ Այսօր բոլորը զարմանքով հասկնալ կ՚ուզեն թէ բախումները ինչո՞ւ վերսկսան։ Եթէ լաւ սերտած ըլլայինք մեր պատմութիւնը, պիտի տեսնէինք որ այսօրուայ խնդիրը քրտական բարեփոխումներու խնդիր մըն է եւ շատ նման է հայոց հետ ապրուածներուն։ Հարիւր տարի առաջ խնդիրը հայոց, ընկերային կեանքի եւ արդարադատական համակարգի մէջ իսլամներուն հետ հաւասար համարուելուն մասին էր։ Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ հայոց այս ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրած շրջաններուն յաջորդած է կոտորածները։ Կ՚ուզեմ նշել կարգ մը օրինակներ։ Ապտիւլհամիտ 1895-ի Հոկտեմբերին յայտարարեց թէ հայերը իսլամներու հետ հաւասար իրաւունքներու պիտի տիրանան եւ իրենց բնակչութեան համեմատութեամբ պաշտօն պիտի ստանձնեն շրջանային վարչութիւններու մէջ։ Հայերը խիստ ոգեւորուած էին այս զարգացումով, երբ վրայ հասաւ արեւելեան քաղաքներէն եկող սպանդի լուրերը։ Բարեփոխումներու խոստումն ալ աւելի քան հարիւր հազար հայու հետ միասին առյաւէտ թաղուեցան։
Բարեփոխման փոխարէն
կոտորած
Հաւասարութեան, ազատութեան եւ եղբայրութեան խոստումներով աւետուած 1908-ի յեղափոխութենէն ետք հայեր դարձեալ բարեփոխման յոյսեր սնուցանեցին։ Մեր պատմաբանները չեն գիտեր, բայց յեղափոխութենէն ետք գումարուած Օսմանեան Խորհրդարանի օրակարգի առաջին նիւթերէն մէկն ալ հայկական բարեփոխումներու խնդիրն էր։ Բայց հայերուն յոյսերը անգամ մը եւս ցնդեցան, երբ Ատանայի եւ շրջակայքի մէջ քսան հազար հայեր անխնայ սպանուեցան։
1915-18-ի կոտորածներն ալ նման բնոյթ ունին։ Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Պետութեան վարչայիններուն 1914-ի Փետրուարին ստորագրած հայկական բարեփոխումներու համաձայնագրին դրած վերջակէտն է։ Հակառակ համատարած պնդումին, Ա. Աշխարհամարտը անուղղակի գործօն մըն է Հայոց ցեղասպանութեան։ Տարագրութիւնը պետութեան գլխուն փորձանք մը համարուած հայկական բարեփոխումներէ վերջնականապէս ազատուելու համար գործադրուեցաւ։ Այս շրջանին Իթթիհատականները հայոց բարեփոխումներու խնդիրը կը դիտէին օտար պետութիւններուն երկրին ներքին գործերուն միջամտելու առիթ մը ըլլալով։
Այս պնդումները իմ պնդումներս չեն, այլ այդ շրջանի ներքին գործոց նախարար Թալեաթ Փաշայի խօսքերը։ 26 Մայիս 1915 թուակիր վարչապետութեան ուղղեալ երկարաշունչ գրութեան մէջ ան կ՚ըսէ թէ աքսորի բուն նպատակը հայական բարեփոխումներու խնդիրը լուծել է։
Քրտական բարեփոխում
Իսկ այժմ կը խօսինք քրտական բարեփոխումներու մասին։ Պատմութիւնը թուրքերը պիտի դատէ քիւրտերուն վարչութեան հաւասար մասնակցութիւնը ապահոված ըլլալու, թէ չըլլալու հանգամանքով։ Քրտական բարեփոխումներու հիմքը քիւրտերուն ընկերային, քաղաքական, մշակութային բոլոր խաւերու մէջ թուրքերու հետ հաւասար քաղաքացիներ համարուելու երաշխիքն է։ Այս ապահովելու միջոցը սահմանադրական քաղաքացիութեան միջոցաւ երաշխաւորուած համաձայնութիւն մը եւ շրջանային վարչութիւններու գործադրութիւնն է։
Այս սկզբունքներուն գործադրութիւնը որեւէ կազմակերպութեան հետ սակարկութեան նիւթ չի կրնար ըլլալ։ Չեմ ուզեր աղէտներու լրաբերը դառնալ, բայց զարգացումներուն հաւանական հետեւանքներուն մասին պատկերացում մը կազմելու համար կ՚ուզեմ կառավարութեան մօտ թերթի մը մեկնաբանութիւնը բաժնել։ Թուրքիոյ թէ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատի մը կողմէ պաշարուած ըլլալը յայտնող թերթը այս կամքը կը բնութագրէ -Ա. Աշխարհամարտին Օսմանեան քաղաքական ուժը ցիրուցան ընող կամք- ըլլալով։ Այս հաստատումէն ետք սոյն ճակատին մաս կազմող ներքին կերպարներու դէմ ազգային պայքարի մը՝, մաքրագործման մը անհրաժեշտութիւնը կը նշէ։
Յիշենք որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացողները -Հայկական ցեղասպանութիւն մը չէ պատահած, եղածը երկրի պաշտպանութիւնն է- կ՚ըսեն։ Այս մտայնութեան համաձայն, եթէ ազգը եւ հայրենիքը վտանգուած է, այդ վտանգը չէզոքացնելու համար բոլոր միջոցները ընդունելի են։
Չեմ պնդեր, որ զարգացումները անպայման դէպի հոս կը հասնին, պարզապէս մտայնութեան մը յարատեւութիւնը ընդգծել կ՚ուզեմ։
Պատմութեան բեռը
Պատմութեան բեռը մեր ուսերուն վրայ է եւ պատմութիւնը մղձաւանջի մը նման մեզ կը հետապնդէ։ Կ՚ուրանանք, չենք գիտեր, չենք յիշեր կ՚ըսենք, բայց մեզ չի թողուր։ Նախորդ դարասկիզբին Օսմանեան Կայսրութեան պառակտման եւ ազգային պետութեան հիմնադրման շրջանին երկիրը արեան լիճ դարձած էր։ Այսօր նման գործընթաց մը կ՚ապրինք։ Միջին Արեւելքը արեան լիճ մը դարձած է եւ ըստ երեւոյթի այդ լիճը ալ աւելի պիտի ընդարձակուի։ Պիտի ընդարձակուի, որքան ատեն որ ոմանք 1920-ականներուն հիմնած ազգային պետութիւններուն կարծրատիպերը կը պարտադրեն։ Մինչ այդ ուրիշներ, թերեւս արտաքին գործօններն ալ օգտագործելով կը փափաքին իրենց ազգային պետութիւնները հիմնել։ Այս ակնկալութիւնները հիասթափութիւն ալ կրնան պատճառել, իրականութիւն ալ կրնան դառնալ։ Բայց միշտ ի գին բիւրաւորներու, նոյնիսկ միլիոններու արիւնով։ Մինչդեռ կայ աւելի համերաշխ միջոց մը, որն է քիւրտ, թուրք, արաբ, հայ, ասորի, ալէվի կամ սիւննի համակեցութիւնը ապահովել։
Հրանդին երազը
Հրանդ Տինք Տիյարպէքիրի մէջ ելոյթ մը ունեցած եւ քիւրտ բարեկամներուն խորհուրդ տուած էր հայոց պատմութիւնը լաւ ուսումնասիրել։ «Մեզի պատահածներէն դաս քաղեցէք» ըսած էր Հրանդ։ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը, ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ վերակառուցումը իր ամենամեծ երազն էր։ Հրանդ նման երազանք ունեցող հայ մը ըլլալուն համար սպանուեցաւ։ Ուրեմն կամ Հրանդ Տինքը ժողովուրդներու առաջնորդի մը պէս պիտի ընկալենք եւ իր երազանքը իրականացնենք, կամ ալ այս հողերուն վրայ դեռ երկար ժամանակ արիւնահոսութեան ականատես պիտի ըլլանք։
Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան համար։