PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - BİZ VE BİZİMKİLER

Լինել-չլինելու պահը

Մի ոմն Յակոբի մասին է այս շաբթուայ մեր խօսքը։ Քամակը բաւական ծռած 80-ամեայ ծերունիի մը, որ երկու շաբաթ առաջ հրատարակուած թրքերէն թերթի մը մէջ ձեռքին քալաշնիքոֆով մը կը ներկայանար «Քոպանիի տարեց հայ ռազմիկը» խորագրի ներքեւ։ Ափսոս որ լրատուութեան մէջ կը պակսէին իր մասին տեղեկութիւնները։ Ո՞վ էր այս ծերուկը, որ կողք կողքի կը պատերազմէր ԵՓԿ եւ ԵՓԺ-ի երիտասարդ հայդուկներուն հետ։

Հազիւ իր համաքաղաքացիին հանդիպելով գտանք մեր մտքէն անցած հարցումներուն պատասխանները։ «Ալմաս Պետոյի որդին է», ըսաւ մեր բարեկամը, «Հին Արաբփունարցի է։ Մենք այդպէս կ՚ըսենք։ Ջուրի ակ մը կայ մեր քաղաքի մօտակայքը, ուր քոչուոր արաբներ իրենց հօտերը կը բերեն ջուր խմցնելու։ Աւելի ետք արաբերէն անուանումով-Այն Էլ Արաբ- կոչուեցաւ։ Քոպանի անունը շատ նոր է, հազիւ քանի մը տարուայ անցեալ ունի։ Բայց մենք հիներս կը յարգենք մեր նախնիներու տուած կոչումը։ Ինչպէս չե՞ս յարգեր, անձագիրերու մէջ որպէս տեղանուն Արաբփունար գրուած է։ Գալով Յակոբին, ան ձեր ըսածին պէս ռազմիկ մը չէ անշուշտ, բայց պատերազմի շատ կարեւոր գործիչներէն մէկը։ Ինքնաշարժներ կը նորոգէ ան եւ եթէ անոր արհեստի շնորհը չըլլայ, քաղաքի մէջ ո՛չ շտապ օգնութեան մեքենաները պիտի բանին, ո՛չ ալ մեր միակ հացափուռի պատրաստած հացերը պիտի առաքուին քաղաքի տարբեր թաղերուն։ Չորս անիւ ունեցող ամէն ինքնաշարժ կարօտ է Յակոբ Վարպետի խնամքին։ Ահաւասիկ ռազմաճակատի ետին առաքելութիւն մը, որ երբեք չի զիջիր քալաշնիքոֆ վերցնելէ»։

Այսպէս կը նկարագրէ մեր բարեկամը, որ ինք ալ եկած է Քոպանիէն, պատերազմի սարսափը իր մէջ պահելով։ Ճիշդ է որ ան այժմ դուրս ելած է այդ սարսափի անմիջական գօտիէն։ Սա պահուս ռումբ մը պիտի չսլանայ իր գլխուն վերեւ։ Ապահով է մեզ հետ զրուցելու պահուն։ Հոգ չէ թէ օտար քաղաքի մէջ, բայց գոնէ հարազատ երդիքի մը տակ է։ Բայց ինչ ընես իր յուզումները։ Պատերազմի անմիջական դաշտէն դուրս գալ չի նշանակեր պատերազմի սարսափն ալ ետին թողուլ։ «Իմ նախնիներս Արաբփունարի առաջին բնակիչներէն կը համարուին։ Ես հոն ծնած եմ։ Թէեւ որոշ ժամանակ բաժնուած եմ Արաբփունարէն, բայց տունս, ընտանիքս, աշխատանքս բոլորն ալ հոն են։ Տուն որ կ՚ըսեմ, չորս պատ կամ սենեակներ, դռներ, տախտակամածէն աւելին կ՚ըսեմ։ Մեր ընտանիքի լուսանկարներու ալպոմը կ՚ըսեմ օրինակի համար։ Այնտեղ հին ժամանակներէ մնացած սեւ ու սպիտակ լուսանկարներու կողքին մեր ընտանիքի ամբողջ անցեալը կայ։ Մանկապարտէզ գացած առաջին օրս նկարուած էի մեր տան առջեւ։ Հայրս նկարած էր։ Մօրս ու հօրս հարսնիքին նկարները կան։ Իմ մկրտութեանս, պսակադրութեանս նկարները։ Յետոյ եկանք թուայնացած դրութեան, այս անգամ ալ եթէ ոչ քարտերու վրայ տպուած, բայց խտասալիկներով որդւոյս մկտրութեան յիշատակները…։ Այս բոլորն ալ տուն են ինծի համար։ Եւ ես տունը կղպեցի ու դուրս եկայ։ Չեմ գիտեր թէ արդեօք պիտի կրնա՞մ անգամ մը եւս բանալ։ Եւ եթէ նոյնիսկ յաջողիմ, ի՞նչ պիտի գտնեմ իմ թողած տունէս»։

«Հայու ճակատագիր» կ՚ըսէին մեր մեծերը, երբ լսէին նման կսկիծ։ Դար մը անց մեր սերունդը հաստատ համոզուած է որ հայ ժողովուրդը դեռ չէ աւարտած դէպի Գողգոթա իր երթը։ Բայց պահը կը պարտադրէ որ մենք՝ մեր սերունդը վերջ տայ այդ երթին, քանի որ ոչ մէկերնիս պիտի յօժարինք մեր զաւակներուն ալ նոյն ճանապարհէն քալելու հեռանկարի մը։