«Աշխարհի լաւագոյն երկիրն է, բայց ինչ ընես որ բնակիչները մարդ չեն»։
Մեր մեծերը յաճախ այս նախադասութիւնով կը բնութագրէին իրենց ապրած երկիրը՝ Թուրքիան։ Կասկած չկայ որ այս հաստատումը արդարացնելու բազմաթիւ փաստեր ունէին։ Մեզ շրջապատող հասարակութիւնը կը դատէինք դարերու ընթացքին կուտակուած կանխակարծիքներով։ Երեւոյթները կը բացատրէինք այդ կաղապարուած միտքերով։ Եւ կ՚արժէ խոստովանիլ, որ շատ անգամ ալ մակերեսային էին այդ միտքերու տեղի տուող դիտումները։ Այն ատեն չէինք մտաբերած մարդը իր պայմաններուն մէջ գնահատելու փափկութիւնը։ Կը հետեւէինք մեծամասնութեան ընկալումին եւ դատողութեան։ Դիւրաւ կը դիմէինք դիմացինը, նախ պիտակաւորելու, ապա այդ պիտակի չափանիշով դատելու (չըսելու համար դատապարտելու) միջոցին։
Բաւական ուշ անդրադարձանք «Էմփաթի» կոչուած ինքզինք դիմացինին տեղ դնող հասկացողութեան։ Փորձեցինք ենթակային պայմաններն ալ հասկնալ։ Իր ընկերութեան մէջ ունեցած դիրքը, դասակարգը, ուսման մակարդակը, զինք շրջապատող կրօնաբարոյական համոզումները եւ դեռ բազմաթիւ գործօններ կը ձեւաւորէին մարդոց գործելակերպը, վարուելակերպը կամ խօսելակերպը։
Կրկին բաւական ուշ անդրադարձանք, որ մենք հայելի գործածելու սովորութեան մէջ ալ կը թերանանք։ Դիւրաւ կը քննադատենք ուրիշը, կը դասաւորենք, կը պիտակաւորենք, բայց չենք գիտեր թէ արդեօք ուրիշը մեզ ինչպէս կը տեսնէ։ Կամ մենք ինչի՞ կը նմանինք առհասարակ։ Չէինք հարցներ թէ մեր մեծերուն «բայց ինչ ընես որ բնակիչները մարդ չեն» հաստատումին մէջ մենք զմեզ ինչպիսի գործօններով դուրս կը համարենք այդ «բնակիչները» ընդհանրացումէն։ Եթէ մենք զմեզ բացառութիւն համարելու պատճառաբանութիւններ կը գտնենք, միթէ օտարներն ալ կը հաստատե՞ն մեր բացառութիւնը։ Թէ ո՛չ, անոնց աչքով մենք ալ այդ ընդհանուրին մէջ կը դասաւորուինք։
Այս բոլորը միտքս կը տանջեն, երբ օր ըստ օրէ կը համոզուիմ թէ «աշխարհի լաւագոյն երկիրն է որ կ՚ապրիմ, շնորհիւ աշխարհի լաւագոյն բնակչութեան»։ Ահա այս ալ հաստատում մըն է, զոր արդարացնելու համար ես ալ բազմաթիւ փաստեր կրնամ ներկայացնել։
Հետզհետէ կը համոզուիմ թէ այս աշխարհի բոլոր երկիրներէ ներս նման տուայտումները ի զորու են համայն մարդկութեան համար։ Արդարեւ երկրագունդի երկիրներուն կամ հողամասերուն ժողովուրդներու միջեւ բաժանման նիւթով անհամար պատումներ, անեկտոթներ կը լսուին զանազան լեզուներով։ Բոլոր այդ առակները կու գան վկայել մարդու յատուկ թերութիւնը։ Միշտ հարեւանին հաւը աւելի պարարտ է, քան մերը։ Ուրիշի կինը աւելի հմայիչ է, քան մերը։ Բախտը ուրիշի նկատմամբ աւելի առատաձեռն է, քան մեզ։
Իսկ եկէք պահ մը խորհինք, մարդ արարածի մարդու դէմ գործած չարիքներու իմաստով ո՞ր երկիրը աւելի անմեղ է միւսներուն նկատմամբ։ Պատմութիւնը կը վկայէ թէ հինգ ցամաքամասերէն ոչ մէկը աւելի խաղաղ եղած էն։ Ի վերջոյ արդի գիտութիւնը դեռ գիւտը չէ ըրած բարոյական արժանիքները սահմանող չափանիշի մը։ Ոչ մեթրով եւ ոչ ալ քիլոկրամով կը ճշդուին ժողովուրդներու չար կամ բարի յատկութիւնները։ Ուրեմն մեզի կը մնայ մեր անհատական դատողութիւնը, որ միայն մեր շփուած անհատները բնութագրելու կը ծառայէ, այլ ոչ թէ ազգերը կամ ժողովուրդները։
Եկէք համոզուինք համաշխարհային չափանիշով, համայն մարդկութեան հաշւոյն՝ «Աշխարհի լաւագոյն երկիրն է, բայց ինչ ընես որ բնակիչները մարդ չեն» կամ ալ «Աշխարհի լաւագոյն երկիրն է, շնորհիւ աշխարհի լաւագոյն բնակչութեան»։