ֆըրատ այտընքայա
Զանգուածային բռնութիւններու առումով Ի. դարը մարդկային պատմութեան ամենաերկար 100 ամեակը կը համարուի։ Աւելի քան վեց միլիոն հրեայ եւ 1,5 միլիոն հայեր ցեղասպանութիւնով բնաչնչուեցան։ Իբրեւ բռնութեան միջոց ցեղասպանութիւնը զանազան գործօններով աննախադէպ երեւոյթ մըն է հետեւաբար կարելի չէ զայն միայն «բնաչնչում» բառով սահմանել։ Այս տեսակի բռնութիւնը չի բաւարարուիր ոչնչացնելով։ Ոչնչացումը փաստող հետքեր, նշաններ ալ կը թողու իր յետին։ Այդ հետքը ցեղասպանութեան սաստկութիւնը յարատեւ դարձնող խորհրդանշական բռնութիւն մըն է։ Թերեւս ալ այս պատճառաւ ցեղասպանութեան բռնութիւնը անցեալէ աւելի ապագային կը վերաբերի։ Գործադրուած ժողովուրդին ապագան կը կաշկանդէ։ Բռնութիւնը ընդհանրապէս պահի յատուկ երեւոյթ մըն է։ Բայց քաղաքական բռնութեան ծայրայեղ երեւոյթը եղող ցեղասպանութիւնը իւրայատուկ գործադրութեան եղանակներ ունի։ Ան իսկոյն չաւարտիր։ Բռնութիւնը ընդմիշտ արտադրելու կարողութիւն կը պարունակէ իր մէջ։
Յուշագրութիւններով ծանօթ ենք հայկական բարձաւանդակէն դէպի Սուրիոյ անապատները հետիոտն թափառող կարավաններու ճանապարհի ընթացքին սովամահ ըլլալու երեւոյթին։ Այդ վկայութիւններով գիտենք կարավանի մաս կազմող նորածիններու ճարահատութեան մէջ գետ նետուելու օրինակներ։ Նոյնիսկ լսած ենք անօթութեան վերջին աստիճանին հասածներուն այդ մանուկներու միսին ալ աչք տնկելու պատմութիւններ։ Նմանապէս ծանօթ իրողութիւն է, Հոլոքոստի ժամանակ կարգ մը հրեաներուն իրենց ցեղակիցները դէպի հրկիզման ճամբաներ առաջնորդելու դատապարտութիւնը։ Հետեւաբար բացի ցեղասպանութեան բռնութենէ, ստիպուած ենք «ներցեղասպանութեան բռնութեան» հետ առերեսուելու։ Տուեալ պայմաններու մէջ բռնութիւնը զայն կիրարկողներէն անկախաբար ինքնավար եւ ինքնիշխան երեւոյթ մը կը ստանայ։ Այս երեւոյթին մէջ բոլորովին կամայական, բոլորովին զանգուածային եւ երբեմն ալ տուժողներն ալ բռնութեան մասնիկը դարձնող անսահման քաոսի մը կը վերածուի։
Զանգուածային բռնութիւնը ցեղասպանութիւն գործելով ժողովուրդները կրնայ անհետացնել։ Աւելին, «Մարդու Պաշար» անուն գիրքը կ՚ապացուցէ թէ ցեղասպանութեան բռնութիւնով ժողովուրդի մը ապագան ալ նոյն բռնութեան կողմէ կը ձեւաւորուի։ Ան ոչ միայն ժողովուրդ մը ֆիզիքապէս կը ոչնչացնէ, այլ սերնդափոխութեան միջոցաւ խորհրդանշական բռնութիւնն ալ կը փոխանցէ ապագային։ Հեղինակը պրուսացի հայ ընտանիքի մը անդամ որպէս, ցեղասպանութեան բռնութիւնը սերունդներու հոլովոյթով ստանձնած է։ Ան հետզհետէ խորհրդանշական դարձած ցեղասպանութեան բռնութեան հետքերը կ՚ապրի թէ իր սեփական կեանքին եւ թէ Արկէնթինա հայոց առօրեայ ապրումին մէջ։ Հեղինակը կը փորձէ անվերադարձ հեռացողին եւ վերապրողին միջեւ իրաւական հանդիպում մը ապահովելու ծառայող կամուրջ մը կերտել։ Իր անձնական պատմութեան միջոցաւ սփիւռքէն վերապրողներուն կամ ալ ցեղասպանութիւնը իմանալ ուզողներուն կը ձայնէ «զիս տե՛ս» կանչելով։ Այս աղաղակը զանգուածային բռնութեան գործած աւերին ալ ազդանշանն է։
Գիրքին ուշագրաւ յատկութիւններէն մէկն ալ «ներցեղասպանական բռնութիւն» կոչեալ այս իւրօրինակ բռնութեան տեսակին անդադարձն է։ Սակայն այս կարեւոր եղելիութիւնը միայն մէկ երկու տեսարանով փոխանցելը կարելի է բացթողում մը համարել։ Զանգուածային բռնութիւնը նախ ֆիզիքական ազդեցութիւն ունի։ Իրաւ եւ ցաւեցնող ազդեցութիւն։ Բռնութեան տարբեր բնոյթի բեմադրութիւններուն մասին բաղդատական վերլուծումի մը չերթալով գիրքի տեսական արժէքը կը նուազի։ Սակայն այս բացթողումներով հանդերձ գիրքը իր արժէքը կը գտնէ սփիւռքահայութեան ցեղասպանութեան իրողութեան հետ ապրելու պարտադրութեան պատումներով։ «Սփիւռք» բառը մեր երկրին մէջ ատելութեան խորհրդանշանի մը վերածուած է։ Այս իրողութիւնը տեսնելով սփիւռքեան պառակտումները կարթալը ալ աւելի ողբերկական է։ Գրողը այս երեսակը իրաւացի եւ ազդեցիկ եղանակով կը փոխանցէ ընթերցողին։ Սփիւռքը վիրաւոր մարդկանց հեքեաթներով կազմուած երեւակայական քարտէս մը ըլլալով կը բացուի մեր դիմաց։ Մանաւանդ ալ «Աուշւիտցէն ետք բանաստեղծութիւն չի կրնար հիւսուիլ» ըսող Ատորնոյական հրեաներէ ի տարբերութիւն արկէնթինահայերը ցեղասպանութեան աւերը բանաստեղծութիւնով յաղթահարել փորձեցին։ Ինչպէս որ բանաստեղծը կ՚ըսէ. «գրականութիւնը հայերը ջուրի երեսին բռնելու ծառայեց»։
Վերջապէս այս գիրքը կարեւոր է իր պարզած դիմադրութեան օրինակներով։ Եթէ իշխանութիւնները ունին զանգուածային բռնութեան միջոցներ ժողովուրդներն ալ ունին դիմադրութեան ամուր աւանդոյթ։
Մարդու Պաշար
Անա Արզումանեան
Թարգմանութիւն՝ Պիւլէնթ Քալէ
Արաս Հրատարակչութիւն
Իսթանպուլ, 2016
176 էջ