«Միտք եւ արուեստ»՝ կողքի մը տակ

ՍԵւԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Արեւմտահայ յայտնի լրագրող ու հասարակական գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ 1925 թուականին Փարիզ հիմնադրուած ∩Յառաջ∪ օրաթերթը անկասկած Սփիւռքի յառաջատար թերթերէն մէկն էր մինչեւ իր փակուիլը 2009−ին՝ հիմնադրին դստեր՝ Արփիկ Միսաքեանին կողմէ, որ թերթը երկար տարիներ հրատարակած էր անձնուիրաբար։

Յառաջատար թերթ ըլլալ հանրութեան լուր մատակարարելու նպատակ հետապնդելով չ՚ըլլար միայն −ինքնին հասկնալի առաքելութիւնը մամուլին−, այլ կը կարօտի այլ բաղադրիչներու ալ, որոնց թերեւս առաջիններէն մէկն է քաղաքական, հասարակական ինչ−ինչ նիւթերու մասին վերլուծական յօդուածներու առկայութիւնը, մատուցուած լրատուութեան լոյսին ներքոյ տուեալ տեղեկութիւնը այլ գործիքներով հանրային մատչելիութեան բերող նիւթերու, զոր օրինակ հարցազրոյցներու ներկայութիւնը էջերու վրայ, որոնք կը յստակեցնեն ալ թերթին ուղղութիւնը։ Սխալ պիտի չըլլար օրաթերթը նմանցնել թիթեռնիկի մը, եթէ ոչ իր գեղեցկութեամբ (թերթ մը երբեք թիթեռնիկի մը չափ գունագեղ պիտի չկարենայ ըլլալ), բայց իր կեանքի տեւողութեամբ։ Վարպետ թիթեռնորս մը սակայն կրնայ յետմահու քիչ մը աւելի մնայուն դարձնել թիթեռնիկի մը գեղեցկութիւնը եւ զայն մատչելի ընծայել հետաքրքիրներուն, այնպէս ալ օրաթերթերու կամ առհասարակ մամուլի հաւաքածոներուն մէջ խրած պրպտող մը գիրքի կողքի մը տակ կրնայ ի մի բերել անցեալի հրատարակութիւնները՝ որպէսզի անցեալը չվերածուի մոռցուկի եւ աւելի յստակ տեսնուի այն տեղը, ուր էր այդ թերթը ժամանակին, եւ այն դերը, զոր ան կատարած է անցեալին։

Մեր սեղանին է նման հաւաքածոյ մը՝ ∩Յառաջ. Միտք եւ արուեստ 1976−1987∪ խորագրով ու ∩Գրական ու վերլուծական էջեր∪ ենթախորագրով, դեռ վերջերս տպուած Երեւան, ∩Սարգիս Խաչենց∪, ∩Փրինթինֆօ∪, ∩Անտարես∪ հրատարակչական երրորդութեան կողմէ։ Հատորը կազմած է ∩Յառաջ∪ի խմբագիրներէն, հրապարակագիր, փարիզաբնակ պոլսահայ Արփի Թոթոյեան, որու անունը վերջերս որպէս թարգմանիչ տեսանք Գրիգոր Պըլտեանի ∩Ֆրանսահայ գրականութիւն∪ (∩Ս. Խաչենց∪, Երեւան) եւ Թագուհի Թովմասեանի ∩Մեր շէն սեղանէն∪ (∩Արաս∪, Պոլիս) գիրքերու կողքին վրայ ալ։ Հատորին խմբագիրն է փարիզաբնակ լիբանահայ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան։ Հրատարակութիւնը, որ տպագրուած է Լիզպոնի ∩Գալուստ Կիւլպէնկեան∪ հաստատութեան հովանաւորութեամբ, ձօնուած է ∩Յառաջ∪ի բազմամեայ խմբագիր Արփիկ Միսաքեանի (1926−2015) յիշատակին։

Կարճ մը ∩Միտք եւ արուեստ∪ի մասին։

5 դեկտեմբեր 1976−ին Արփիկ Միսաքեան կը ձեռնարկէ որպէս ∩Յառաջ∪ի յաւելուած հրատարակելու ∩Միտք եւ արուեստ∪ը, որ առաջին իսկ օրէն կը դառնայ մտաւորական ընտրանիի մը հաւաքավայրը, պահանջուած, կարդացուած, նաեւ կազմուած ու պահուած անձնական թէ հանրային գրադարաններու մէջ։ Յաւելուածը լոյս տեսած է իւրաքանչիւր ամսուան առաջին կիրակին, 351 թիւ, մինչեւ 5 ապրիլ 2005 թուականը, երբ պիտի դադրէր հրատարակութենէ նաեւ զինք ծնող ∩Յառաջ∪։

Ինչպէս նշուած է Արփի Թոթոյեանի գրառած նախաբանին մէջ, յաւելուածին մէջ տեղ կը տրուէր հայերէն ու երբեմն նաեւ ֆրանսերէն ստեղծագործական անտիպ էջերու (արձակ, չափածոյ, գրադատական, յուշագրական եւլն.), ինչպէս նաեւ հարցազրոյցներու, թարգմանութիւններու, մշակութային ու սփիւռքեան հարցերու վերլուծումներու, կարեւոր նախաձեռնութիւններու վերաբերող արձագանգներու, արուեստի կամ արուեստագէտներու մասին գրութիւններու եւլն.։ Յաւելուածը ունեցած է նաեւ բացառիկներ՝ նուիրուած Շահան Շահնուրի, Եղիշէ Չարենցի, Ռուբէն Սեւակի, Մեծ Եղեռնի 70−ամեակին եւլն.։ Փարիզ տպուելով հանդերձ, ∩Միտք եւ արուեստ∪ յաւելուածը ունէր սահմանազանց աշխարհագրութիւն մը։ Երեւանէն, Մոսկուայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Արժանթին, Միջին Արեւելք, Պոլիս եւ դեռ հեռու−մօտիկ քաղաքներէն աշխատակիցներ, 33 տարուան ընթացքին, շուրջ հազար հինգ հարիւր գրութիւն ստորագրեցին ∩Միտք եւ արուեստ∪ի էջերուն վրայ։

Նորատիպ հատորը կը խմբէ 1976−էն մինչեւ Հոկտ. 1987 տպագրուած նիւթերէն ընտրանի մը, շուրջ իննսուն յօդուած, ստորագրուած 21 հեղինակէ, որոնց շարքին են Գրիգոր Պըլտեան, Արփիկ Միսաքեան, Խաչիկ Թէօլէօլեան, Մարկ Նշանեան, Վահէ Օշական, Զարեհ Մ. Որբունի, Վահրամ Մավեան, Զուլալ Գազանճեան, Ուիլիըմ Սարոյեան, Վարուժան Գազանճեան, Գրիգոր Շահինեան, Հրաչ Զարդարեան, Յարութ Կոստանդեան, Հ. Լեւոն Զէքիեան, Արփի Թոթոյեան, Անի Կարմիրեան, Նորվան եպսկ. Զաքարեան, Հիլտա Գալֆաեան−Փանոսեան, Զարեհ Խրախունի եւլն.։

Նախաբանին մէջ նշուած է, որ հրատարակելի է նաեւ երկրորդ հատոր մը, որ ի մի պիտի բերէ Հոկտ. 1987−էն մինչեւ ապրիլ 2009−ը եղածներէն քաղուածք մը։

Ընթերցանութեան անստգիւտ աղբիւր մըն է այս գիրքը, մանաւանդ երբ կարելի կը դարձնէ ընդհանրապէս սկսիլ որեւէ յօդուածէ։ Յօդուածները չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը եւ մեծ մասամբ կ՚առնչուին ներկային՝ ի յայտ բերելով իմացական այն պաշարը, զոր ունեցած է ու դեռ ունի հայ սփիւռքը, −այս հատորով անգամ մը եւս կը համոզուինք։

∩Յառաջ. Միտք եւ արուեստ, 1976−1987,

Գրական ու վերլուծական էջեր∪

պատրաստեց՝ Արփի Թոթոյեան,

խմբագիր՝ Գրիգոր Պըլտեան

Սարգիս Խաչենց−Փրինթինֆո−Անտարես

Երեւան, 2018, 680 էջ