Լազիստանի Գաղտնագիրը

բագրատ էսդուգեան

Հայոց պատմութեան, Հայաստանի պատմամ­շա­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գի կամ հա­­յերէն լե­­զուի մա­­սին մա­­կերե­­սային սահ­­մա­­­նով իսկ հե­­տաքրքրու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րուն հա­­մար ծա­­նօթ անուն մըն է Նի­­կողա­­յոս Մառ։ Ան ծնած է 1864-ին Սկով­­տիացի հօր եւ Վրա­­ցի մօր­­մէ Քու­­թա­­­յիզի քա­­ղաքի մէջ։ Ման­­կութիւ­­նը ան­­ցաւ Վրաս­­տա­­­նի Օզուրկէ­­թի գիւ­­ղա­­­քաղա­­քը։ 1884-ին ըն­­դունո­­ւեցաւ Ս. Փե­­թերսպուրկի Պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանի Արե­­ւելա­­գիտու­­թեան Բա­­ժինը։ Մաս­­նա­­­գիտա­­ցաւ հա­­յագի­­տու­­թեան, վրացագիտութեան, պարսկա­­գիտու­­թեան եւ դա­­սական լե­­զուա­­բանու­­թեան մէջ։

Նի­­կողա­­յոս Մառ իբ­­րեւ հնա­­գէտ Անի քա­­ղաքի մէջ պե­­ղումներ կա­­տարող առա­­ջին գիտ­­նա­­­կանն է։ 1910-ին լե­­զուա­­բանա­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու հա­­մար կը ճամ­­բորդէ Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան Լա­­զիս­­տա­­­նի տա­­րած­­քը։ Այդ ճամ­­բորդու­­թիւնը եւ գո­­յացած տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը կը հրա­­տարա­­կէ յօ­­դուած­­նե­­­րու ձե­­ւով։ Այդ յօ­­դուած­­նե­­­րը Եուլվա Նու­­հուրճի­­շիի թարգմա­­նու­­թեամբ լոյս տե­­սաւ «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան մա­­տենա­­շարէն «Ճամ­­բորդու­­թիւն Դէ­­պի Լա­­զիս­­տան» խո­­րագի­­րով։

Թեր­­թե­­­լով Մա­­ռի գրա­­ռումնե­­րը կը տես­­նենք թէ այնտեղ ըն­­թերցո­­ղին կը փո­­խան­­ցո­­­ւի լե­­զուա­­բանա­­կան գի­­տելիք­­նե­­­րէ աւե­­լի ըն­­կե­­­րաքա­­ղաքա­­կան հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կեր մը։ Մա­­նաւանդ մե­­րօրեայ ըն­­թերցո­­ղի հա­­մար բա­­ւական ցնցիչ է նկա­­տել որ տա­­րած­­քաշրջա­­նի ժո­­ղովուրդի, այս օրի­­նակէն մեկ­­նե­­­լով լա­­զերու օտար­­նե­­­րու նկատ­­մամբ կաս­­կածն ու վե­­րապա­­հու­­թիւնը որ­­քան հին ար­­մատներ ու­­նի։ Այդ կաս­­կածնե­­րու բեր­­մամբ գիտ­­նա­­­կանը բա­­ւական դժո­­ւարա­­ցած է իր առա­­քելու­­թեան մէջ։ Նախ եւ առաջ տե­­ղացի­­ները իմաստ մը չեն տո­­ւած գիտ­­նա­­­կանի մը լա­­զերէ­­նի նման նշա­­նակու­­թիւն չու­­նե­­­ցող լե­­զուի մը նկատ­­մամբ հե­­տաքրքրու­­թեան։ «Իրենք կ՚ամչնա­­յին մայ­­րե­­­նին գոր­­ծա­­­ծելէ։ Մա­­նաւանդ տղա­­մար­­դիկ կը նա­­խընտրէին թրքե­­րէնը։ Միայն կա­­նայք իրենց բնա­­կանոն ըն­­թացքին մէջ լա­­զերէն կը խօ­­սէին, բայց շատ դժո­­ւար էր օտա­­րի մը իրենց հետ զրու­­ցե­­­լը։ Ես միայն բա­­ցառիկ օրի­­նակ­­ներ ապ­­րե­­­ցայ, ուր իրենց վստա­­հու­­թիւնը շա­­հած կարգ մը լա­­զեր ար­­տօ­­­նեցին որ խօ­­սիմ անոնց կի­­ներուն հետ»։

Նի­­կողա­­յոս Մա­­ռի «Ճամ­­բորդու­­թիւն Դէ­­պի Լա­­զիս­­տան» գիր­­քը կար­­դա­­­լով կը տես­­նենք այս յե­­տադի­­մական մեր­­ձե­­­ցու­­մին ետին կանգնած կրօ­­նական գոր­­ծօ­­­նը։ «Մոլ­­լա­­­ներ յա­­ջողած են հա­­ւատաց­­նել, թէ լա­­զերը ըն­­դա­­­մէնը երեք հա­­րիւր տա­­րուայ ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող ժո­­ղովուրդ են»։ Մենք պատ­­մա­­­կան այլ վկա­­յու­­թիւննե­­րով գի­­տենք թէ այստեղ մոլ­­լա­­­ներուն նշա­­ծը իրա­­կանու­­թեան մէջ լա­­զերուն իս­­լա­­­մաց­­ման թո­­ւականն է։ Այդ նոյն տա­­րինե­­րուն բա­­ցի լա­­զերէն հայ­­կա­­­կան ծա­­գում ու­­նե­­­ցող համ­­շէնցի­­ներն ալ հար­­կա­­­յին ճնշումնե­­րէ զերծ մնա­­լու հա­­մար իս­­լա­­­մացած էին։ Նշենք որ այս եր­­կու ժո­­ղովուրդն ալ իշ­­խա­­­նական հա­­մակար­­գով ձե­­ւաւո­­րուած ըն­­կե­­­րային կեանք ու­­նէր եւ իշ­­խաննե­­րու ու սե­­պուհնե­­րու կողմնո­­րոշու­­մին կ՚են­­թարկո­­ւէին նաեւ իրենց ժո­­ղովուրդնե­­րը։ Այս երե­­ւոյ­­թը ի զօ­­րու է նաեւ Հիւ­­սի­­­սային Կով­­կա­­­սի ժո­­ղովուրդնե­­րուն հա­­մար ալ։ Անոնք ալ իրենց իշ­­խաննե­­րուն շուրջ մէկ­­տե­­­ղուե­­լով պա­­տերազ­­մե­­­ցան ցա­­րական Ռու­­սաստա­­նի դէմ եւ ի վեր­­ջոյ այդ իշ­­խաննե­­րուն որո­­շու­­մով ալ գաղ­­թե­­­ցին դէպի Օս­­մա­­­նեան Եր­­կիր կամ իրենց խոս­­տա­­­ցուած եղա­­նակով Խա­­լիֆա­­յի դրախ­­տը։ Դար­­ձեալ պատ­­մա­­­կան վկա­­յու­­թիւննե­­րը կը պար­­զեն, թէ այդ իշ­­խաննե­­րը եւ իրենց ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը վա­­յելե­­ցին Խա­­լիֆա­­յի եւ Սուլթա­­նի հո­­գածու­­թիւնը, իսկ ան­­դին իրենց ժո­­ղովուրդի բիւ­­րա­­­ւոր զա­­ւակ­­ներ զան­­գո­­­ւածա­­յին կեր­­պով բնաջնջո­­ւեցան հա­­մաճա­­րակ­­նե­­­րու եւ սո­­վի հե­­տեւան­­քով։

Հա­­րիւր տա­­րի առաջ գրո­­ւած այս տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը թրքե­­րէնով ըն­­թերցող­­նե­­­րուն հա­­մար բո­­լորո­­վին նոր հո­­րիզոն­­ներ կը թե­­լադ­­րէ։ Թուրքիա եր­­կի­­­րը ձե­­ւաւո­­րուած է դէ­­պի Արեւ­­մուտք ձգտու­­մով մը։ Ան­­տե­­­սուած է Արե­­ւել­­քի յա­­տուկ բո­­լոր ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րը, յատ­­կա­­­պէս ալ զա­­նազա­­նու­­թիւննե­­րը։ Ըն­­կե­­­րաքա­­ղաքա­­կան այդ ուղղո­­ւածու­­թիւնը ու­­նե­­­ցած է իր բնա­­կան անդրա­­դար­­ձը, որուն հե­­տեւան­­քով երկրի ամ­­բողջու­­թիւնը կազ­­մող աւե­­լի քան 35 տոհ­­միկ կամ կրօ­­նական ինքնու­­թիւննե­­րու մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը ձու­­լո­­­ւած են «թուրք» եւ «իս­­լամ» ինքնու­­թեան մէջ։ Սա­­կայն ներ­­կայ ժա­­մանակ­­նե­­­րու հրա­­մայա­­կանը բո­­լորո­­վին ու­­րիշ հո­­սան­­քի մը կը մատ­­նանշէ։ Այդ հո­­սանքն ալ իր կար­­գին, բո­­լորին, այս գիր­­քին օրի­­նակէն մեկ­­նե­­­լով լա­­զերուն կը թե­­լադ­­րէ աւե­­լի շատ գի­­տելիք իր էդ­­նո­­­սի ծագ­­ման եւ ձե­­ւաւոր­­ման մա­­սին։ Թէեւ այ­­սօր բա­­ցար­­ձակ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն կը կազ­­մեն, բայց կան որոշ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րուն մէջ մէկ­­տե­­­ղուած տար­­րեր, որոնք ական­­ջա­­­լուրջ են իրենց տոհ­­մի ծագ­­ման եւ ձե­­ւաւոր­­ման նիւ­­թե­­­րուն։

Կաս­­կած չկայ որ «Արաս»ի հրա­­տարա­­կու­­թիւնը այս շրջա­­նակէն շա­­տերուն հա­­մար պի­­տի ըլ­­լայ թրքե­­րէնով լու­­սա­­­ւորո­­ւելու առա­­ջին եւ բա­­ցառիկ առիթ։ Մնա­­ցեալ ջախ­ջա­խիչ մե­ծամաս­նութեան հա­մար ալ նոյն գիր­քը կասկածներու եւ վարանումներու նոր աղբիւր մը ըլլալով պիտի դիմաւորուի լուրջ վերապահութեամբ։

«Ճամբորդութիւն Դէպի Լազիստան»
Նիկողայոս Մառ «Արաս» Հրատարակչատուն
Ապրիլ 2016, 128 էջ
Իսթանպուլ