ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ
Ի պատիւ աւագ խմբագրին
«Ակօս»ի հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեան 11 Սեպտեմբեր Ուրբաթ երեկոյ յիշատակուեցաւ Գնալը Կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Տէրսիմահայ երկու կիներու մասին
Ասլըհան Օլկար Իսթանպուլի, Ասլըհան Քիրէմիթճեան ալ Զմիւռնիոյ մէջ նոյն շաբթու մէջ մահացան։ Մէկը քրիստոնեայ էր, միւսը իսլամ։ Թաղումներն ալ այդպէս եղաւ։ Մէկը Հայոց գերեզմանատունը թաղուեցաւ, միւսը իսլամներու։ Ես երկուքին ալ թաղումին ներկայ գտնուեցայ։ Նախ 7 Սեպտեմբերին Իսթանպուլ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ Ասլըհան Օլկարը, ապա 11 Սեպտեմբերին Զմիւռնիա, Կիւզէլեալը թաղի Հաքիմ Էֆէնտի մզկիթէն ալ Ասլըհան Քիրէմիթճեանը յուղարկաւորեցինք։
Գղի գաւառի Սուրբ Գէորգ պատմական եկեղեցին կը վերկառուցուի
Երբեմնի հայաբնակ Բիւրակնի, կամ այժմու թրքերէն կոչումով Պինկէօլ քաղաքի Գղի գաւառի Չանաքչը գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին պիտի վերակառուցուի Էրզրումի մշակութային արժէքներու պահպանութեան շրջանային խորհուրդի որոշումով։