ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ
Մալաթիոյ Խոհանոցէն Նմոյշներ Մեծ Պահքի համար
Մինչեւ որ եկեղեցւոյ զանգակը չղօղանջէ, մինչեւ որ ժամերգութիւնը չաւարտի ծոմ կը պահուէր։ Իսկ եկեղեցի չունեցող վայրերու մէջ կը սպասուէր արեւամուտը։ Հապա եթէ եկեղեցին կայ, բայց ախոռի վերածուած է, աղբանոց է ու աւերակ, այդ քաղաքներու բնակիչներուն խիղճը բնաւ չի վիրաւորուի՞ր։
Մալաթիան այս տեսակ քաղաք մըն է, անցեալին բազում եկեղեցիներ ունէր։ Եկեղեցիները աւերուելէ ետք Մալաթիոյ հայերը փլատակներու քարերը այցելեցին աղօթելու համար։ Ահա կիսած ենք Մեծ Պահքի եօթը շաբաթները եւ հասած ենք Միջինքի։ Հին մարդիկ աւելի համեստ կ՚ապրէին։ Մէկ տեսակ բանջարեղէնը կ՚եռացնէին ջուրին մէջ ու այդպէս կ՚ուտէին։ Այսօր մեծ հոգ է «արդեօք ի՞նչ ուտեմ» ըսելով իրարու կը հարցնեն, «պահքի ժամանակ մեղր ուտել կարելի՞ է» Մատթէոսի աւետարանին մէջ յորդորուած է՝ «Մարդը կ՚եղտոտողը ոչ թէ բերնէն մտածն է, այլ ելածը»։
Թերթի խմբագրական ժողովին նիւթ դարձաւ որ Մեծ Պահքի ճաշատեսակէն օրինակներ ծանօթացնենք։ Եղիսաբեթ քեռկինս մտաբերեցի։ Մալաթիացի է եւ խոհանոցի վա
Հայերէնը օտար լեզու չէ որ յետոյ սորվինք
ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը ՈՒՆԵՍՔՕ 2008 տարեթիւը հռչակած էր «Լեզուներու Միջազգային Տարի»։ Նոյն թիւի 18 Փետրուարին հրատարակեց վտանգուած լեզուներու քարտէս մը։ Կը պարզուէր թէ ցարդ խօսուած 6 հազար 700 լեզուներէն 2 հազար 400-ը կորսուելու վտանգի հետ դէմ յանդիման են։ Այդ լեզուներէն 18 հատը կը խօսուէր Թուրքիոյ տարածքին վրայ, որոնցմէ մէկն էր նաեւ Արեւմտահայերէնը։ Արեւմտահայերէն խօսողներու նուազումը թրքահայութեան գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է։ Սակայն վերջերս յատկապէս հայ երիտասարդներու մօտ մայրենի լեզուի նկատմամբ հետաքրքրութեան աճը նոր յոյսեր կը թելադրէ։ 21 Փետրուար Մայրենի Լեզուի Համաշխարհային Օրուան առթիւ Արեւմտահայերէնի թրքահայոց համար նշանակած կարեւորութեան շուրջ զրուցեցինք «Ժամանակ» թերթի խմբագիր եւ Մխիթարեան Վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ, լեզուաբան, Սեւան Տէյիրմէնճեանի հետ։