ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ
Խորհրդածութիւններ «Ցեղասպանութեան Ինստուտուտ»ի շուրջ
Հանրածանօթ մտաւորական Իսմայիլ Պէշիքճի ընկերակցութեամբ Տիյարպէքիրի նախքին քաղաքապետ՝ Օսման Պայտէմիրի եւ խումբ մը քիւրտ քաղաքական գործիչներու ու ակադեմականներու, այցելեց Երեւան։ Պէշիքճի վերադարձին ցեղասպանութեան նիւթով ստորագրեց յօդուած մը, զոր յապաւումներով կը ներկայացնենք ստորեւ։
Փառաւոր դարադարձի մը աւարտը
Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքը աւարտին հասաւ Պոլսահայ համայնքի վերնախաւին կողմէ երկար տարիներէ ի վեր մոռցուած ազգային պարահանդէսով մը, իսկ շարքին վերջակէտը դրուեցաւ փոփ երաժշտութեան փառաւոր համերգով մը, մասնակցութեամբ Հայաստանէն ժամանած եւ երիտասարդութեան կողմէ պաշտուած երգիչ Թաթայի, որուն կ՚ընկերակցէին իր երաժիշտներն ու պարախումբը։