ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը ՈՒՆԵՍՔՕ 2008 տարեթիւը հռչակած էր «Լեզուներու Միջազգային Տարի»։ Նոյն թիւի 18 Փետրուարին հրատարակեց վտանգուած լեզուներու քարտէս մը։ Կը պարզուէր թէ ցարդ խօսուած 6 հազար 700 լեզուներէն 2 հազար 400-ը կորսուելու վտանգի հետ դէմ յանդիման են։ Այդ լեզուներէն 18 հատը կը խօսուէր Թուրքիոյ տարածքին վրայ, որոնցմէ մէկն էր նաեւ Արեւմտահայերէնը։ Արեւմտահայերէն խօսողներու նուազումը թրքահայութեան գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է։ Սակայն վերջերս յատկապէս հայ երիտասարդներու մօտ մայրենի լեզուի նկատմամբ հետաքրքրութեան աճը նոր յոյսեր կը թելադրէ։ 21 Փետրուար Մայրենի Լեզուի Համաշխարհային Օրուան առթիւ Արեւմտահայերէնի թրքահայոց համար նշանակած կարեւորութեան շուրջ զրուցեցինք «Ժամանակ» թերթի խմբագիր եւ Մխիթարեան Վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ, լեզուաբան, Սեւան Տէյիրմէնճեանի հետ։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Վարդան Էսդուգեան- Արեւմտահայերէնի վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ յայտնուելէն ետք այս տեղ եւ սփիւռքի տարածքին ի՞նչ աշխատութիւններ կը տարուին։
Սեւան Տէյիրմէնճեան- Սփիւռքի մէջ աչքառու է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի ջանքերը։ Բազմաթիւ ժողովներ գումարուեցան, որոնցմէ վերջին երկուքին ես ալ մասնակցեցայ։ Կը տեսնենք, որ հայերը բոլոր երկիրներու մէջ նման հարցեր եւ մտահոգութիւններ կը բաժնեն։ Ուրեմն ոչ ոք առանձին է եւ այս աշխատութիւնները համագործակցութեան ոգի կը ստեղծեն։ Նման աշխատութիւնները պէտք է Իսթանպուլի մէջ ալ կատարուին։ Խնդիրը միայն դպրոցներով սահմանուած չէ, հասարակութեան տարբեր շերտերն ալ նման հոգեր կը բաժնեն։
Վ.Է.- Իրա՞ւ է որ Արեւմտահայերէնը իսկապէս վտանգուած է։
Ս.Տ.- Վերջերս զանազան աշխատութիւններ, ժողովներ եւ շարժումներ եղաւ, որոնց առանցքը արեւմտահայերէնն էր։ Այս աշխուժութիւնը փաստացի ապացոյց մըն է նիւթի շուրջ գոյացած մտահոգութեան։ Այդ մտահոգութիւնն ալ կ՚ապացուցէ վտանգի առկայութիւնը։ Կ՚ընդունինք որ ՈՒՆԵՍՔՕ-ի հաստատումն ալ գիտական տուեալ մըն է։
Վ.Է.- Թուրքիայէն դիտելով ի՞նչ է այս վտանգին ծաւալը։
Ս.Տ.- Թրքահայոց համար հայերէնի առօրեայ կեանքին մէջ գործածութիւնը հարցական է։ Դպրոցներէ ներս անգամ աշակերտները միայն դասապահերուն հայերէն կը խօսին եւ դպրոցէ դուրս կ՚իշխէ տեղական լեզուն։ Նշեմ որ հայերէնը սովորելիք լեզու մը նկատելով արդէն դուրս հանած կ՚ըլլանք անմիջական եւ գործածուող լեզու մը ըլլալէ։ Երախան կ՚անդրադառնայ թէ հայերէնը սովորելիք լեզու մըն է, բայց այդ ուսումը կեանքին մէջ բնաւ շահեկան չէ։ Այս ընկալումին մէջ մենք ալ բաժին ունինք։ Հետեւեալ կերպով ալ կրնանք խորհիլ, բոլոր թրքախօսները տեղեա՞կ են Սապահատտին Ալիի գրականութեան։ Մարդը 500 կամ 1000 բառերով կը տիրապետէ լեզուին։ Մենք աւելին կը սպասենք՝ կը սպասենք որ հայերէն խօսողը ընթերցէ նաեւ Գրիգոր Զոհրապի գրականութիւնը։ Ո՛չ, երախան պէտք է հայերէնը խինդ ու խաղով, ապրելով խօսի։
Վ.Է.-Թրքահայոց համար հայերէնը ե՞րբ ոչ գործածելի այլ սովորելի լեզուի մը վերածուեցաւ։
Ս.Տ.- Այս խնդիրը առնչուած է նաեւ թրքերէնի զարգացումով։ Մինչեւ որոշ ժամանակ մրցակցելու կարողութիւն ունէինք, բայց երբ Թուրքիոյ մէջ մշակոյթի մակարդակը մեր մրցակցութեան կարողութենէն վեր մնաց, մենք ալ հետեւաբար նահանջեցինք։ Շատ ցաւալի է «հայերէնը ինչի՞ կը ծառայէ» հարցումը լսել։ Մենք հայերէնը ազգային ինքնութեան փոխանցման համար միջոց մը ըլլալով կը տեսնենք։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ մէջ հայերէն սորվելու մարմաջ ունեցող զանգուած մըն ալ կայ։ Հայերէնը Թուրքիոյ պատմութիւնը ընկակելու համար շատ կարեւոր լեզու մըն է։ Մենք ի ծնէ հայախօս ըլլալով բախտաւորութիւն մը կ՚ապրինք։ Հայերէնի իմացութիւնը գրականութեան կամ պատմաբանութեան նման գիտելիքներու համար անգլերէնի իմացութենէ շատ աւելի կարեւոր յատկութիւն մըն է։
Վ.Է.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Պոլսահայոց հայերէնի կարեւորութեան մասին գիտակցութիւնը։
Ս.Տ.- Անպէտք համարող շատեր կան, ինչ կրնամ ըսել, իրենց սխալն է։ Շատ անգամ ծնողներ իրենց զաւակները համալսարան կը մղեն յատկապէս ալ բժշկական գիտութիւններու եւ ճարտարագիտութեան ուսման ցանկութեամբ։ Այն որ շատ է անարժէք է։ Անթիւ, անհամար բժիշկներ, ճարտարագէտներ կամ տնտեսագէտներ ունինք։ Իսկ այն որ քիչ է արժէքաւոր է։ Մենք արդէն տէր ենք այդ քիչ գտնուածին։ Երիտասարդներ թող շրջահայեաց ըլլան եւ տեսնեն թէ հայերէն գիտնալով ինչեր ընել կարելի է։ Անշուշտ դպրոցներն ալ այս մասին պէտք է գիտակցութիւն գոյացնեն։
Վ.Է.- Իսկ ի՞նչ է նախակրթարանի ուսման հայերէնի իմացութեան համար կարեւորութիւնը։
Ս.Տ.- Ես ծնողքիս հետ միշտ հայերէն խօսեցայ։ Բանակի ծառայութեան ժամանակ դժուարացայ, քանի որ պարտաւոր էի թրքերէն խօսելու։ Կը նախընտրէի չխօսիլ։ Նման վարժութիւն մը պէտք է հաստատել ընկերային միջավայրին մէջ, որուն համար կը կարեւորեմ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդական վարժարանի ուսումը։ Մեր խնդիրը մանկապարտէզէ, նախակրթարանէ աւելի երկրորդական վարժարանի մէջ կը շեշտուի։ Տղան այդ դասարաններուն է որ կը հրաժարի հայախօսութենէ։ Այդ հանգրուանին յանկարծ հայերէնը կը սկսկի անբաւարար թուիլ։ Անշուշտ որ սխալ համոզում մըն է, որուն ետին կայ հայերէնը դպրոցին մէջ սորված ըլլալու իրողութիւնը։ Մինչդեռ հայերէնը միայն դպրոցի լեզուն չէ, այլ փողոցի լեզուն, սիրոյ լեզուն։ Աշակերտներ այս իրողութեան համապատասխան փորձը չունենալով ակամայ կը հեռանան հայերէնէն։
Վ.Է.- Այս իրավիճակը ինչպէ՞ս կը բարելաւուի։
Ս.Տ.- Պէտք է խուսափիլ խրատելէ եւ նախընտրել խրախուսելու ճամբան։ Քաջալերելու ենք երիտասարդները հայախօսութեան եւ հայերէն գրելու համար։ Շատ անգամ անոնք կրնան ինքնավստահութեան պակաս ունենալ։ Մենք յօժարելու ենք սխալները մի առ մի սրբագրելու, բաւ է որ անոնք գրեն։
Սփիւռքի համար նշանականութիւնը տարբեր կրնայ ըլլալ, բայց Թուրքիոյ համար հայերէնը դիմադրութեան միջոց մըն է նաեւ։ Երբ շրջապատուած ես ազգայնական ճնշումի մը մէջ, հայախօսութիւնը, հայավարի ապրումը ինքնին դիմադրութիւն են։ «Կէզի» զբօսայգիի դէպքերուն կամ «Քամփ Արմէն»ի դիմադրութեան օրերուն երիտասարդները հայերէն վերտառութիւններ պատրաստեցին։ Քուրթուլուշի փողոցները շրջելով կը հանդիպիք հայերէնով պատի գրութիւններու։ Այս օրինակները կ՚ապացուցեն, որ Թուրքիոյ մէջ հայերէնի նկատմամբ գիտակցութիւն մը, կենսունակութիւն մը կայ։ Շուրջ բոլորս հայերէն խօսելու ջանացող երիտասարդներ կը տեսնեմ։ Այս երեւոյթը կը յուսադրէ զիս։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ մենք անցեալը քիչ մը չափազանց կ՚արժեւորենք։ Կ՚անտեսենք թէ անցեալին ալ կարգ մը քաղաքներու հայ բնակիչներ նախընտրած են թրքախօս ըլլալ։ Միւս կողմէ հայերէնի վերատիրապետելով շատ հարուստ մշակոյթի թափանցած պիտի ըլլանք։ Միայն այս գործօնը անգամ բաւարար է, որ հայերէն սորվինք եւ գործածենք։
Վ.Է.- Ինչպէ՞ս պէտք է խրախուսել թուրքիացի հայերը, որպէսզի հայերէնով արտադրեն։
Ս.Տ.- Արտադրութիւնը երկրորդ հանգրուանն է։ Նախ հայը պէտք է հայերէնով ապրի։ Պատմութեան մէջ կը տեսնենք բազմաթիւ գրողներ, որոնք գրականութիւն մուտք գործած են տեղական լեզուով։ Օրինակի համար Ռոպէր Հատտէճեան նախ թրքերէն ապա հայերէն գրած է։ Շատ կարեւոր վիպագիր մը ըլլալով ծանօթ Կոստան Զարեան իր գործերը նախ իտալերէն եւ ֆրանսերէնով գրած, ապա գրիչը ուղղած է դէպի հայերէն։ Կարգ մը Թուրքիացի հայ հեղինակներու լեզուն շատ պարզ է։ Զաւէն Պիպէռեան, Կարպիս Ճանճիկեան կամ Զահրատի նման շատ կարեւոր գրողներ, հայերէնը խիստ մատչելի գործածած են։ Երիտասարդներ այս օրինակներուն հետեւելով կրնան արտադրութիւն ալ փորձել։