ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
18Մարտ երկուշաբթի օր Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի սրահին մէջ կայացող ԷՐՎԱՊ-ի ժողովի գլխաւոր նիւթն էր «Իթիմաթ Պիւրօսու» ընկերութեան լուծարկումով գոյացած դրութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է վերոնշեալ ընկերութիւնը ստանձնած էր յուղարկաւորութիւններու պահուն համայնքային հաստատութիւններու հասցէին կատարուած նուիրատուութիւններու գանձումը եւ ապա հասցէատիրոջ փոխանցումը։
Ընկերութիւնը այս ծառայութեան համար ի պահ կը դնէր ստացուած գումարի 15 տոկոսը։ Զեղծարարութեան զանազան պնդումներէ ետք ընկերութեան սեփականատէր Նարօտ Միւրզօղլու յայտարարած էր թէ 14 Փետրուարին կը դադրեցնէ գործունէութիւնը։
Ներկայիս այդ առաքելութիւնը յանձն կ՚առնեն եկեղեցիներու թաղականութիւնները, բայց այս եղանակը վերջնական լուծում չի համարուիր, քանի որ օրինական հարցեր կը ծագին ո՛չ թէ նուիրատւութիւն ստանալու, այլ ստացուածը հասցէատիրոջ փոխանցելու պահուն։
ԷՐՎԱՊ-ի ժողովին նիւթը իր տարբեր երեսակներով քննարկելէ ետք որոշում կայացաւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան հետ խորհրդակցական հանդիպում մը կազմակերպելու մասին։
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցաւ կալուածոյ յանձնախումբի մը կազմութեան նիւթը, որու մասին ԷՐՎԱՊ-ի բամբեր Պերճ Քուզիքօղլու յայտնեց թէ այս նիւթը աւելի մանրամասն պիտի քննարկուի յառաջիկայ ժողովներու ընթացքին։