Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան շաբաթավերջին այցելեցին Տիյարպաքըր:
Գերշ. Սրբազան Հայրը 3 Ապրիլ 2025, Հինգշաբթի մեկնեցաւ Տիյարպաքըր, ուր այցելութիւն տուաւ իր ընտանեկան պարագաներուն: Իսկ Արժ. Տէր Հայրը, ընկերակցութեամբ Տիյարպաքըրի Ծխական Խորհուրդէն Վարդգէս Էրկիւն Այըքի եւ Վոլքան Արատի, մեկնեցաւ Տիյարպաքըր: Խումբին միացաւ նաեւ Հաթայի Ս. Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ Գաւառի մեր համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանաց եւ խոր վիրապ մուտքի տօնին, 5 Ապրիլ 2025, Շաբաթ, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. տօնական Ս. Պատարագ մատոյց Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեց Բրկ. Պարգեւ Ուր. Դպ. Օհանեան: Քարոզեց Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. եւ խօսեցաւ պահքի իմաստին ու կարեւորութեան մասին:
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հաւաքական մկրտութիւն:
Ապա սարքուեցաւ պահքի սեղան:
Խորհրդակցական հանդիպում տեղի ունեցաւ Տիյարպաքըրի Ս. Սարգիս անխնամ մնացած եկեղեցւոյ վերականգնման ու բարեզարդման աշխատանքներու մասին եւ քննուեցան մինչ այդ կատարուածները:
Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. նոյն երեկոյ վերադարձաւ Ստանպուլ:
Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան 6 Ապրիլ 2025, Կիրակի անցան Էլազըղ: Այստեղ, մեր գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ.: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հայրական ողջոյնները հաղորդեց Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ.: Ապա կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն: Արարողութեանց մասնակցեցան Էլազըղի մեր համայնքի անդամները, ինչպէս նաեւ Տիյարպաքըրի Ծխական Խորհուրդի անդամներ:
Յաւարտ արարողութեանց, հոգեւոր հայրեր հիւրասիրուեցան Արման Եաղճըի բնակարանին մէջ:
Խումբը այցելեց Էլազըղի խոնարհած Ս. Աստուածածին եկեղեցին:
Քահանայ հայրերը 7 Ապրիլ 2025, Երկուշաբթի վերադարձան իրենց բնակարանները: