Այս ընդհանուր պատկերի մէջ կը ձեւաւորուին կարգ մը հարցումներ։ Նախ նշենք վերջերս հայ համայնքէ ներս շրջանառութեան դրուած «Անգարան Թորոս Ալճանը չուզէր» բամբասանքին։ Ովքե՞ր են այս պնդումի հեղինակները։ Անգարա ըսելով որո՞ւ կ՚ակնարկուի։ Եթէ այս լսումները ճիշդ են հապա Անգարա ինչո՞ւ համար չուզէր Թորոս Ալճանը։
Տակաւին չէ կատարուած փոքրամասնութեանց հիւանդանոցներու ընտրութիւնները։ 2022-ին, Պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուեցաւ փոքրամասնութիւններու պատկանող հաստատութիւններու ընտրութեան մասին կանոնագիրը։ Այնտեղ կը նշուէր, որ հիւանդանոցներու ընտրութիւններն ալ պիտի կայանան 2023-ին։ 2023-ը անցաւ, 2024-ը անցաւ ու հասանք 2025-ին։ Թրքահայոց համար ամենակարեւոր խնդիրը Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւնն է։ Թէեւ տակաւին չէ հրապարակուած ընտրութեան մասին կանոնագիրը, ոմանք արդէն սկսած են նախապատրաստութիւններու։
Անցեալին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ փրոֆ. Թորոս Ալճան յայտարարած է իր թեկնածութիւնը եւ աշխատակազմն ալ ծանօթացուցած է հանրութեան։ Գարակէօզեանի խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմեզկիլ եւս պաշտօնապէս առաջադրեց իր թեկնածութիւնը։ Պաքըրգիւղի թաղականութեան նախկին ատենապետ՝ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Կետիկփաշայի թաղականութեան ատենապետ, Մանուկ Քալայճը, թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը չեն ըրած, բայց անոնք ալ կ՚աշխատին այս ուղղութեամբ։
Պէյօղլույի թաղականութեան ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան 6 Յունուարին, Սուրք Ծննդեան շնորհաւորութեան ընթացքին ելոյթ մը ունենալով առաջարկեց հիւանդանոցի ընտրութիւնը միացեալ ցանկով մը գործադրել։ «Հիմա մեր Թորոս եղբայրն ալ թեկնածու կը դառնայ։ Անոր համար ալ կը խօսիմ։ Հիւանդանոցը պէտք է հինգ բաժնի մէջ կառավարել։ 20 տարիէ ի վեր կը խօսինք ընդհանուր գանձանակի մը մասին։ Ի՞նչ է մեր ընդհանուր գանձանակ ըսածը։ Եկամուտ ունեցող հիմնարկներու միացումն է այդ։ Իմ կարծիքով այս տեսակի երեք հաստատութիւն ունինք։ Պէյօղլուն, Գարակէօզեան եւ Օրթագիւղը։ Մենք այս ընկերները սեղանի մը շուրջ հաւաքենք եւ հիւանդանոցն ալ բարգաւաճ վիճակի բերելէ ետք ընդհանուր պիւտճէ մը գոյացնենք։ Մեր Թորոս եղբայրը եւս այս կազմին մէջ ըլլայ։ Տիգրան Կիւլմեզկիլը, Սարգիս Չեթինքայան, Մանուկ Էօղերը եւ ես ալ ըլլամ։ Մասնակցիլ ուզողներէն ընտրութիւն ընենք եւ միակ ցանկով մը մասնակցինք ընտրութիւններուն։ Հիւանդանոցը վարելու կարողութիւն ունեցողը հիւանդանոցի պետը թող ըլլայ։ ԷՐՎԱՊ-ի համար ուրիշ մէկը։ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու համար ուրիշ մէկը ըլլայ։ Իրաւասու թող ըլլայ։ Ոչ ոք առանձին կրնայ ընել այս գործերը։ Ես մօտ ապագային անձերու հետ պիտի խօսիմ։ Օրինակի համար Օշին Փոլաթն ալ այս կազմին մէջ տեսնել կ՚ուզեմ»։
Ինչպէս յայտնի է Գարակէօզեանի խնամակալութեան ատենապետ Կիւլմեզկիլ ալ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր։ Ան յայտարարեց որ յառաջիկայ օրերուն իր կարծիքը պիտի հրապարակէ։
Հիւանդանոցի այժմու ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու հակազդեց Թոփալեանի այս առաջարկին, պնդելով որ այս ձեւաչափը անորոշութեան եւ տարանջատման պատճառ կրնայ դառնալ։
Այս ընդհանուր պատկերի մէջ կը ձեւաւորուին կարգ մը հարցումներ։ Նախ նշենք վերջերս հայ համայնքէ ներս շրջանառութեան դրուած «Անգարան Թորոս Ալճանը չուզէր» բամբասանքին։ Ովքե՞ր են այս պնդումի հեղինակները։ Անգարա ըսելով որո՞ւ կ՚ակնարկուի։ Եթէ այս լսումները ճիշդ են հապա Անգարա ինչո՞ւ համար չուզէր Թորոս Ալճանը։ Այս պահուն ակամայ կը մտածենք թէ արդեօք հայ հասարակութենէն ոմանք Անգարայի մէջ ոմանց ականջին բանե՞ր մը փսփսած են։ Չէ որ նախապէս, յատկապէս ալ Պատրիարքական ընտրութեան ընթացքին այս տեսակ դաւադրութիւններ ապրուեցան։
Բան մը շատ յստակ է, համաձայնուած մէկ ցանկի դրութիւնը բոլորովին հակառակ է ժողովուրդի կամքը ցոլացնելու։
Ուրեմն ըսէք ո՛վ Անգարա, ո՞վ չես ուզեր, ինչո՞ւ չես ուզեր։
Նոյն հարցումը կ՚ուղղենք նաեւ համայնքի գործիչներուն։