Հայրենակցական միութիւններու կազմութենէն այսօր օրակարգի վրայ է հայերէն լեզուի ուսուցման ծրագիրները։ Ներկայ պահուն Սեբաստիոյ Հայրենակցական Միութիւնը գործակցելով Տէրսիմի Հայրենակցական Միութեան հետ, արդէն իսկ ձեռնարկած է հայերէնի ուսուցման ծրագիր մը, որ պիտի մատուցուի երկու մակարդակներով։ Հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի Արմինէ Եազտանեան մայրենիին նուազ տիրապետողներուն իսկ Օքսֆորտ Համալսարանի Տոքթորականի ուսանող Հրակ Փափազեանն ալ բոլորովին չգիտցողներուն համար պիտի դասաւանդեն։
Դասընթացքը կը մեկնարկէ 14 Մարտ Երկուշաբթի օր, միութեան Քուրթուլուշի կեդրոնին մէջ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել 0535 523 76 27 հեռախօսահամարին։