Երբեմնի հայաբնակ Բիւրակնի, կամ այժմու թրքերէն կոչումով Պինկէօլ քաղաքի Գղի գաւառի Չանաքչը գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին պիտի վերակառուցուի Էրզրումի մշակութային արժէքներու պահպանութեան շրջանային խորհուրդի որոշումով։

Փլուզման վտանգի առաջ կանգնած եկեղեցին, որ, ենթադրաբար, աւելի քան 250 տարուան պատմութիւն ունի, անխնամ մնալու հետեւանքով գրեթէ աւերուած է։ Չանաքչիի գիւղապետ Մեհմետ Ասալը յայտարարած էր, որ եկեղեցին շտապ վերակառուցման կարիք ունի, հակառակ պարագային պիտի փլի եւ վնասէ յարակից տուները։
Գիւղապետին բողոքէն ետք Պինկէօլի կուսակալութիւնը այդ մասին տեղեակ պահած է Մշակութային Արժէքներու Պահպանման Շրջանային Խորհուրդը, որ իր կարգին եկեղեցին վերակառուցել որոշած է։
Շրջանային Խորհուրդի անդամներէն մին «Ակօս»ին յայտնեց թէ Տիյարպէքիրի Յուշարձաններու Տնօրէնութեան կողմէ նախագիծ մը պատրաստուած է եւ վերակառուցումը այդ նախագծի վաւերացումով պիտի սկսի։ Նոյն պաշտօնեան կը վկայէ նաեւ որ գիւղի ճամբան բաւական անառիկ է եւ իրենք հարկադրուած են ձիով ճամբորդել։
1914-ին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական եկեղեցիներու ընդհանուր թիւը 2549 էր: Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1974-ի տուեալներուն համաձայն, 1923-էն ետք մնացած 913 կառոյցներէն 464-ը ամբողջովին անհետացած են, 252-ը աւերակ են, 197-ն ամբողջովին նորոգման կարիք ունին։