Ասլըհան Օլկար Իսթանպուլի, Ասլըհան Քիրէմիթճեան ալ Զմիւռնիոյ մէջ նոյն շաբթու մէջ մահացան։ Մէկը քրիստոնեայ էր, միւսը իսլամ։ Թաղումներն ալ այդպէս եղաւ։ Մէկը Հայոց գերեզմանատունը թաղուեցաւ, միւսը իսլամներու։ Ես երկուքին ալ թաղումին ներկայ գտնուեցայ։ Նախ 7 Սեպտեմբերին Իսթանպուլ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ Ասլըհան Օլկարը, ապա 11 Սեպտեմբերին Զմիւռնիա, Կիւզէլեալը թաղի Հաքիմ Էֆէնտի մզկիթէն ալ Ասլըհան Քիրէմիթճեանը յուղարկաւորեցինք։
ՔԱԶԸՄ ԿԻՒՆՏՕՂԱՆ
kzgundogan@gmail.com
Ասլըհան Օլկար Իսթանպուլի, Ասլըհան Քիրէմիթճեան ալ Զմիւռնիոյ մէջ նոյն շաբթու մէջ մահացան։ Մէկը քրիստոնեայ էր, միւսը իսլամ։ Թաղումներն ալ այդպէս եղաւ։ Մէկը Հայոց գերեզմանատունը թաղուեցաւ, միւսը իսլամներու։ Ես երկուքին ալ թաղումին ներկայ գտնուեցայ։ Նախ 7 Սեպտեմբերին Իսթանպուլ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ Ասլըհան Օլկարը, ապա 11 Սեպտեմբերին Զմիւռնիա, Կիւզէլեալը թաղի Հաքիմ Էֆէնտի մզկիթէն ալ Ասլըհան Քիրէմիթճեանը յուղարկաւորեցինք։
1937-38-ի Տէրսիմի կոտորածներուն իրենց արմատներէն պոկուելէ առաջ երկուքն ալ հայ ու քրիստոնեայ էին։
Այդ թուականներուն Ասլըհան Քիրէմիթճեան հինգ կամ վեց, Ասլըհան Օլկար ալ եօթը տարեկան էին։ Ողջ մնացած էին, բայց չեմ կրնար «փրկուած» էին ըսել։ Կոտորածի բոլորը տառապանքը ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ ապրեցան։ Աքսորուեցան Թուրքիոյ տարբեր քաղաքները։ Ասլըհան Քիրէմիթճեան Քոնեայի մէջ թրքացուեցաւ եւ անունը Ֆաթմա կոչեցին։ Հոգեզաւակ անուանումին տակ աղախին մըն էր։ 13 տարեկանին պարտադրաբար իսլամացուեցաւ եւ ամուսնացուցին 35 տարեկան իսլամ մարդու մը հետ։
Ասլըհան Օլկար Տէրսիմի ջարդերուն կորսնցուց իր ազգականները։ Եօթը տարեկան էր, երբ ընտանիքէն վերապրողներու հետ բռնեց տարագրութեան ճամբան։ Ընտանիքը դիմադրեց հայ ինքնութիւնը պահելու համար։ 12 տարեկանին իսլամի մը հետ ամուսնացուելու վտանգը կանխելու համար ամուսնացուցին իր հօրը տարիքով հայու մը հետ։ 12 զաւակ ունեցաւ, որոնցմէ վեցը ապրեցան։ Դաժան կեանք մը ապրեցաւ։ Վիշտերը իրար հետ բաղդատելը սխալ է թէեւ, բայց ան բաղդատմամբ իր անուանակցին աւելի բախտաւոր է։ Վերջապէս ապրած է իր հաւատքով ու մշակոյթով եւ այդպէս ալ պատրաստած զաւակները։
Վերջին ճամբորդութեան զաւակները զինք յուղարկաւորեցին հայկական ծէսով ու աւանդութիւնով։
Մինչ Ասլըհան Քիրէմիթճեան անարմատ էր եւ անտէր։ Շատ աւելի ծանր էր այս։ Աղջիկը, Զէյնէպը, կ՚արտասուէր հեռախօսի միւս կողմը։ «Քազըմ Պէյ մայրս գնաց, ալ չկայ, թեւ առաւ հեռացաւ մեզմէ»։ Նոյն գիշեր ճամբայ ելայ դէպի Զմիւռնիա։ Ննջեցեալի տան մէջ մահուան վիշտն ու թախիծը կը տիրէր։ Ասլըհանի բացատրութիւնով «այդ լրագրող տղան» ըլլալով ծանօթացուցին զիս։ Երախտիքով պատմեր է շուրջիններուն՝ «այդ լրագրող տղան եթէ չըլլար ես ուրկէ՞ կը գտնէի հարազատներս»։ Միշտ կ՚աղօթէ եղեր ինծի համար։
Տան մէջ արմատախիլ ըլլալու, անտէրութեան ծանր մթնոլորտը կար։ Կամ ալ ինծի այդպէս կը թուէր։
Ասլըհան Քիրէմիթճեան կենդանի վկան էր Տէրսիմի հայերուն 1937-38-ի ցեղասպանութեան օրերուն ինչպէս արմատախիլ ըլլալնուն, ինչպէս թրքացուելուն եւ կրօնափոխ դառնալնուն։
Ան այժմ Ֆաթմա Եավուզ անունով կը հանգչի Զմիւռնիա, Նարլըտէրէի գերեզմանը։
Թաղման, երբ բոլորը աղօթք կը մրմնջէին, ես ներքուստ կ՚անիծէի այս վիշտին ու ամօթին հեղինակները։
Կը մխիթարուիմ որ քահանայի թոռ Ասլըհանի պատմական արժէք ներկայացնող կենսագրութիւնը «Վանքին Երախաները» անուն վաւերագրական ֆիլմին եւ «Քահանային Թոռները» անուն գիրքին նիւթ պիտի դառնայ։