Խաղողօրհնէք ամենուրէք

ԳԱՐԻՆ ՊԱԼ

karinbal89@gmail.com

Ինչպէս նա­­խորդ տա­­րիներ այս տա­­րի ալ Սուրբ Աս­­տուածած­­նի տօ­­նը մեծ ոգե­­ւորու­­թեամբ նշուեցաւ Թուրքիոյ զա­­նազան եկե­­ղեցի­­ներու մէջ։ Ափ­­սոս որ այդ ու­­րա­­­խու­­թիւնէն ան­­մա­­­սն մնաց Տի­­յար­­պէ­­­քիրի Սուրբ Կի­­րակոս եկե­­ղեցին, որ մեծ ոգե­­ւորու­­թեամբ պատ­­րաստուած էր այս տօ­­նակա­­տարու­­թեան։ Նա­­խապէս կա­­տարուած պատ­­րաստու­­թիւննե­­րը կ՚ակնկա­­լուէին սփիւռքա­­հայե­­րու խուռնե­­րամ մաս­­նակցու­­թիւնը։ Սա­­կայն Տի­­յար­­պէ­­­քիրի մօտ պա­­տահած զինեալ բա­­խումնե­­րու հե­­տեւան­­քով ծրա­­գիրը վեր­­ջին պա­­հուն չնչուեցաւ։ Մու­­սա­­­լերան տօ­­նակա­­տարու­­թիւննե­­րուն մա­­սին ար­­դէն գրուած է հա­­յերէն 4-րդ էջին վրայ։ Իս­­թանպու­­լա­­­հայու­­թիւնը բա­­ցի Ֆէ­­րիգիւ­­ղի, Պա­­քըր­­գիւղի նման հա­­յաշատ թա­­ղերու եկե­­ղեցի­­ներէն փու­­թաց նաեւ արուար­­ձա­­­նային Գար­­թալ թա­­ղի վե­­րանո­­րոգուած Սուրբ Նշան եկե­­ղեցին։ Այս առ­­թիւ ամա­­ռուան ար­­ձա­­­կուրդի հա­­մար Չը­­նար­­ճըք գտնուող հա­­յերն ալ տեղ­­ւոյն քա­­ղաքա­­պետա­­րանի տրա­­մադ­­րած նա­­ւով Գար­­թալ եկան։

Այս բո­­լորին մէջ սոյն տա­­րուան եզա­­կի տօ­­նակա­­տու­­թիւն մըն ալ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Սե­­բաս­­տիոյ մէջ։ Ար­­դա­­­րեւ Սե­­բաս­­տիոյ Հա­­յոց Հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան Միու­­թիւնը իր աւան­­դա­­­կան ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան մի­­ջոցին բա­­ցօթեայ պա­­տարա­­գով մը նշեց Աս­­տուածած­­նի տա­­ղաւա­­րը եւ խա­­ղողօրհնէ­­քի աւան­­դութիւ­­նը։ Տէր Գէորգ Աւագ Քա­­հանայ Չը­­նարեանի մա­­տու­­ցած Սուրբ պա­­տարա­­գին ուխտա­­ւոր­­նե­­­րուն կող­­քին ներ­­կայ գտնուեցան նաեւ Սե­­բաս­­տաբնակ հայ ըն­­տա­­­նիք­­ներ, Սե­­բաս­­տիոյ Կու­­սա­­­կալ Ալիմ Պա­­րութ, Քա­­ղաքա­­պետ Սա­­մի Այ­­տըն, Ոս­­տի­­­կան Զօ­­րաց հրա­­մանա­­տար Պէք­­թաշ Աս­­լան, Մշա­­կոյ­­թի Տնօ­­րէն Քա­­տիր Փիւրլիւ եւ ՃՀՓ կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Ալի Աքեըլ­­տըզ։

Ի տար­­բե­­­րու­­թիւն նա­­խորդ տա­­րինե­­րէ, ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան այս տա­­րուան ծրագ­­րին մէջ ու­­ղե­­­ւոր­­նե­­­րը այ­­ցե­­­լեցին Ամա­­սիայ եւ Եւ­­թո­­­կեայ քա­­ղաք­­ները եւս։

Դէ­­պի կո­­րու­­սեալ հայ­­րէ­­­նիք կա­­տարուած այս տե­­սակի ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւննե­­րու ամե­­նատ­­պա­­­ւորիչ պա­­հերը կ՚ապ­­րուին գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նե­­­րու այ­­ցե­­­լու­­թիւնով։ Այս այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րը առիթ կ՚ըն­­ծա­­­յեն որ նախ­­նեաց հո­­գինե­­րը ու­­րա­­­խանան իրենց հա­­րազատ­­նե­­­րուն ծխած խունկով ու վա­­ռած մո­­մով կամ կի­­զիչ արե­­ւուն տակ չո­­րացած հո­­ղը յա­­գեց­­նող սա­­փոր մը ջու­­րով։

Տիվ­­րի­­­ղի քա­­ղաքը թէեւ չի նշուիր հա­­յոց 12 մայ­­րա­­­քաղաք­­նե­­­րու շար­­քին, բայց ան ալ իր կար­­գին ու­­նի կա­­րեւոր նշա­­նակու­­թիւն, յատ­­կա­­­պէս հա­­յոց պատ­­մութեան նուազ լու­­սա­­­բանուած տա­­րինե­­րուն ընդմէջ։ Կ՚ափո­­սան­­ք, որ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րէն ոչ ոք կրցաւ ճշդել քա­­ղաքի բար­­ձունքին վրայ կանգնած հայ­­կա­­­կան եղե­­կեց­­ւոյ անուանու­­մը։ Տա­­րինե­­րու թանձր փո­­շին հոգ­­նա­­­տանջ քա­­րերու հետ միասին կար­­ծես ծած­­կած ըլ­­լայ մեր յի­շողութիւնն ալ։