Ի պատիւ աւագ խմբագրին

«Ակօս»ի հա­­յերէն էջե­­րու աւագ խմբա­­գիր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեան 11 Սեպ­­տեմբեր Ուրբաթ երե­­կոյ յի­­շատա­­կուե­­ցաւ Գ­­նալը Կղզիի Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեց­­ւոյ սրա­­հին մէջ։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

«Ակօս»ի հա­­յերէն էջե­­րու աւագ խմբա­­գիր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեան 11 Սեպ­­տեմբեր Ուրբաթ երե­­կոյ յի­­շատա­­կուե­­ցաւ Գ­­նալը Կղզիի Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեց­­ւոյ սրա­­հին մէջ։

Եկե­­ղեց­­ւոյ դպրաց դա­­սին կող­­մէ կազ­­մա­­­կեր­­պուած երե­­կոյ­­թին զե­­կու­­ցե­­­լու հա­­մար հրա­­ւիրուած էին թեր­­թիս աշ­­խա­­­տակից­­ներ՝ Գա­­րին Գա­­րագաշ­­լը եւ Զա­­քարիա Միլ­­տա­­­նօղ­­լու։

Գա­­րագաշ­­լը իրեն յա­­տուկ զգա­­ցական ոճով յի­­շատակ­­ներ փո­­խան­­ցեց «Ակօս»ի հիմ­­նադրու­­թեան տա­­րինե­­րէն։ «Գ­­նալը գալ ին­­ծի հա­­մար կը նշա­­նակէր Պա­­րոն Սե­­րովբեանին գալ։ Մեր յա­­րաբե­­րու­­թիւնը որ­­քան ալ նմա­­նէր հայր ու դստեր յա­­րաբե­­րու­­թեան, ան ին­­ծի հա­­մար միշտ եղաւ Պա­­րոն Սե­­րով­­բեան։ Ար­­դա­­­րացի էր այս կո­­չու­­մը, քա­­նի որ ան իրա­­կանու­­թեան մէջ ին­­ծի նման սկզբնակ գրո­­ղի մը հա­­մար իրաւ ու­­սուցիչ էր։ Իր հետ կը յի­­շեմ այլ ար­­ժէ­­­քաւոր անուններ, ինչպի­­սին են Ռու­­բէն Մա­­շոյեան, Երուանդ Կո­­պելեան եւ Յա­­կոբ Այ­­վազ։ Անոնք միաս­­նա­­­բար սե­­րունդ մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէին, որոնք ապա յի­­շատակ­­ներ դար­­ձան։ Ռու­­բէն Մա­­շոյեանի ձե­­ռագիր­­նե­­­րը, Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի գա­­ւազա­­նը եւ նման յի­­շատակ­­նե­­­րու պահ­­պա­­­նիչն ալ նոյ­­նինքն Սե­­րով­­բեանն էր»։

Գա­­րագաշ­­լը նախ­­քան իր այս ելոյ­­թը, սրա­­հը ամ­­բողջու­­թեամբ լեց­­նող ներ­­կա­­­ներուն ըն­­թերցեց Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանի դստեր Կա­­րինէ Սե­­րով­­բեան Պահ­­չէ­­­ճիի այդ օրուան հա­­մար գրած նա­­մակը։ Բո­­լորին հա­­մար յու­­զումնա­­լից էր Կա­­րինէի տո­­ղերը, քա­­նի որ ան կ՚ափ­­սո­­­սար այս պա­­հը ապ­­րե­­­լէ զրկուած ըլ­­լա­­­լուն։ Վեր­­ջա­­­պէս այս հե­­ռաւո­­րու­­թիւնն ալ ազ­­դակ մըն էր որ ան դժուարա­­նայ մա­հուան իրո­­ղու­­թեան հետ հաշ­­տուելու։ «Կար­­ծես ամէն ինչ կա­­տակ ըլ­­լայ եւ յան­­կարծա­­կի ներս մտնէ այդ դռնէն։ Զայ­­րա­­­նայ իր մա­­սին նման մի­­ջոցա­­ռում մը կա­­տարուիլը տես­­նե­­­լով։ Չէ որ ամ­­բողջ կեան­­քի ըն­­թացքին մեր­­ժած է ամէն տե­­սակ փա­­ռաբա­­նու­­թիւն»։

Օրուան երկրորդ ատե­­նախօսն էր Զա­­քարիա Միլ­­տա­­­նօղ­­լու որ իր ելոյ­­թը հիւ­­սեց Հայ­­Ճա­­­րի ան­­դամնե­­րուն հետ կա­­տարուած եւ Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանի առաջ­­նորդած Պատ­­մա­­­կան Հա­­յաս­­տա­­­նի շրջա­­գայու­­թիւննե­­րու վկա­­յու­­թիւննե­­րով։ Միլ­­տա­­­նօղ­­լու իր ելոյ­­թի ըն­­թացքին օգ­­տա­­­գոր­­ծեց բազ­­մա­­­թիւ լու­­սանկար­­ներ եւ եր­­կու տեսերիզներ այդ պտոյտնե­­րէն։ Միլ­­տա­­­նօղ­­լու ալ իր կար­­գին փո­­խան­­ցեց Սե­­րով­­բեանի հայ­­րե­­­նի երկրի նկատ­­մամբ սէ­­րը եւ հե­­տաքրքրու­­թիւնը։ «Քա­­րերէն նիւթ կը քա­­ղէր, քա­­րերով պատ­­մութիւն կը հիւ­­սէր, քա­­րերու ներշնչու­­մով գրա­­կանու­­թիւն կ՚ար­­տադրէր։ Սա­­կայն հայ­­րե­­­նի երկրի մար­­դուն նկատ­­մամբ եր­­բեք ան­­տարբեր չէր եղած։ Իւ­­րա­­­յատուկ ձգո­­ղանու­­թեամբ կը հա­­ղոր­­դուէր բո­­լոր տա­­րիքի մարդկանց հետ։ Խօ­­սակի­­ցը որ­­քան ալ լուռ ըլ­­լայ, ան կը յա­­ջողէր փա­­րատել այդ լռու­­թիւնը եւ իմա­­նալ ինչ-ինչ պատ­­մութիւններ։ Բա­­րեբախ­­տութիւն էր իր հետ ճամ­­բորդել, քա­­նի որ կող­­քը գտնուող­­ներս իր մի­­ջոցաւ դուրս կու գա­­յինք հա­­սարակ զբօ­­սաշրջի­­կի մը կեր­­պա­­­րէն եւ կը դառ­­նա­­­յինք այդ վայ­­րե­­­րու հա­­րազատ մար­­դը»։

Միլ­­տա­­­նօղ­­լուի ելոյ­­թէն ետք խօսք առաւ սի­­րելի Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանի որ­­դին Վա­­ղար­­շակ Սար­­կա­­­ւագ Սե­­րով­­բեան։ «Կը մտա­­հոգուէի հօրս յա­­ռաջա­­ցած տա­­րիքին այդ տե­­սակի հոգ­­նա­­­տանջ ճամ­­բորդու­­թիւննե­­րու մաս­­նակցե­­լէն։ Սա­­կայն ան ամէն ան­­գա­­­մ աւե­­լի առոյգ կը վե­­րադառ­­նար։ Հա­­ւատա­­ցած էր որ հայ­­րե­­­նի երկրի հո­­ղէն ուժ կը ստա­­նայ»։ Վա­­ղար­­շակ Սար­­կա­­­ւագ Սե­­րով­­բեան ապա շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց այս մի­­ջացա­­ռու­­մը կազ­­մա­­­կեր­­պողնե­­րուն։

Փակ­­ման խօս­­քը վի­­ճակե­­ցաւ եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­գեւոր հո­­վիւ Հայր Թա­­թուլ Ծ. Վար­­դա­­­պետ Անու­­շեանի։ Ան եւս բաժ­­նած էր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանին մտեր­­մութիւ­­նը։ «Յատ­­կա­­­պէս ամա­­ռուան ամիս­­նե­­­րուն մենք յա­­ճախ կը հան­­դի­­­պէինք կղզիի նա­­ւուն մէջ։ Ճամ­­բու տե­­ւողու­­թիւնը խիստ կարճ կը թուէր իր ու­­սուցո­­ղական զրոյ­­ցէն յա­­գենա­­լու հա­­մար։ Լոկ այդ զրոյցնե­­րը նկա­­տի ու­­նե­­­նալով ես ալ ար­­ժա­­­նաւո­­րապէս կրնամ ըսել թէ շատ բան սոր­­ված եմ Պա­­րոն Սե­­րով­­բեանի գի­­տելիք­­նե­­­րէն։ Նման կո­­րուստնե­­րէ ետք միշտ մենք մե­­զի հարց կու տանք թէ ո՞վ պի­­տի փո­­խարի­­նէ գո­­յացած պա­­րապու­­թիւնը։ Իրո­­ղու­­թեան մէջ պա­­րապու­­թիւնը պի­­տի մնայ, բայց կեան­­քը եւ կեան­­քին պա­­հան­­ջած գի­­տելիք­­նե­­­րը պի­­տի փո­­խան­­ցուին առ­­յա­­­ւէտ»։

Խիստ գնա­­հատե­­լի է Ներ­­սէ­­­սեան Դպրաց Դա­­սի նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը։ Գնա­­հատան­­քին ապա­­ցոյ­­ցը կա­­րելի է հա­­մարել դահ­­լի­­­ճը ամ­­բողջու­­թեամբ լեց­­նող մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը։ Սա­­կայն պար­­տա­­­ւոր ենք կա­­րեւոր բաց­­թո­­­ղում մը նշե­­լ։ Սար­­գիս Սե­­րով­­բեան բա­­զում տա­­րիներ ծա­­ռայեց հա­­յոց լե­­զուին, պատ­­մութեան եւ գրա­­կանու­­թեան։ Ցա­­սու­­մով կ՚ընդվզինք իրեն ի պա­­տիւ սար­­քուած մի­­ջոցա­­ռու­­մին մէջ մէկ բառ իսկ հա­­յերէն չհնչե­­լուն տխուր երե­­ւոյ­­թին դի­­մաց։ Մա­­նաւանդ որ այս երե­­ւոյ­­թը պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւն մըն ալ չու­­նի։ Քա­­նի որ եր­­կու զե­­կու­­ցողնե­­րը եւ բո­լոր խօսք առ­նողնե­րը կա­րող էին հա­յերէն ար­տա­յայ­տուիլ։