Նոր Զարթօնք շարժումի նախաձեռնութեամբ գոյացած «Քամփ Արմէնի Զօրակցութիւն» հարթակը դիմադրութեան 136-րդ օրը Շիշլի Քէնթ համերգասրահին մէջ համերգով մը վառ պահեց այս կառոյցին նկատմամբ հասարակութեան ուշադրութիւնը։
Նոր Զարթօնքի անդամներէն Ալէքսիս Քալք եւ Անուշ Գազան Ասատուր հայերէն եւ թրքերէն զեկոյցներով ներկայացուցին ճամբարի հիմնարկութեան, գործադրութեան, գրաւման եւ վերջապէս ալ վերատիրանալու համար մղուած պայքարի պատմականը։
Զօրակցութեան այս միջոցառումին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի պատգամաւոր Սէլինա Տողան եւ ՀՏՓ-ի Իսթանպուլի պատգամաւոր Ֆիլիզ Քէրէսթէճիօղլու։ Նոյն կուսակցութեան երեսփոխաններէն Կարօ Փայլան ուղերձով մը մասնակցեցաւ միջոցառումին։
Քարտէշ Թիւրքիւլէր, Սայաթ Նովա երգչախումբ, Ոմանք, Լիտա Քէօսէօղլու, Սիպիլ Փէքթորոսօղլու, Հիքմէթ Աքչիչէք, Այշէնուր Քոլիվար, Սահակ Պարթեւ Կարեան, Եաշար Քուրթ, Մեթին-Քէմալ Քահրամաններու նման բազմաթիւ խումբերու եւ մենակատարներու մասնակցութեամբ ընթացող համերգային ծրագրի կողքին Բագրատ Էսդուգեան եւ Սիլվա Էօզյէրլի ալ ուղերձներով մաս կազմեցին։
Ցուցադրուեցաւ նաեւ քամփի տարածքին մէջ Հրանդ Տինքի հետ կատարուած նկարահանումը։