ԱՌՕՐԵԱՅ
Անքարայի առաջին լուսանկարիչները
Հատորին մէջ նախ կը հանդիպինք Անդրանիկ Կ. Ճեվահիրճեանին, բնիկ Սվազցի։ Ճեվահիրճեան, որ Ապտուլլահ եղբայրքին աշկերտը եղած է Պոլսոյ մէջ, Անքարայի առաջին լուսանկարչական արուեստանոցը հիմնած է 1889 կամ 1890-ին. իր լուսանկարչական ոսպնեակին կը պատկանին պաշտօնական շէնքերու հիմնարկէքի հանդիսութիւններու, պաշտօնակալութիւններու եւ պաշտօնական տօնակատարութիւններու նման ձեռնարկներ։ Տիլտիլեան եղբայրներէն Ցոլակը Ճեվահիրճեանի ձեռքին տակ սորված է եւ կ՚ենթադրուի, թէ Ճեվահիրճեան արուեստանոց մը ունէր Սվազի մէջ՝ նախքան Անքարա բանալը, եւ թէ Ցոլակ անկէ սորված է այս արուեստը։