Ո՞ւր թաղել շան սատակը

Ամիտա­ցի մեր բա­րեկամ փրոֆ. Ազիզ Եաղան կը նկա­րագ­րէ պա­տահար մը եւ օրա­կար­գի կը բե­րէ լուրջ նիւթ մը։ Տես­նենք թէ ինչ կը պատ­մէ փրոֆ. Եաղան.

«Ան­ցեալ­նե­րը Ամի­տա բա­րեկա­միս տան հա­րազատ ան­դամնե­րէն «Տոսթ»ը յա­ռաջա­ցած տա­րիքի բե­րու­մով սատ­կե­ցաւ տան մէջ։ Բա­րեկամս դի­մում կա­տարեց քա­ղաքա­պետա­րան։ Իս­կոյն պաշ­տօ­նեայ մը ժա­մանեց բա­րեկա­միս տու­նը, շան սա­տակը տա­նելու հա­մար։ Բա­րեկամս հար­ցուց որ ի՞նչ գոր­ծո­ղու­թիւն պի­տի կի­րառո­ւեն, պաշ­տօ­նեան պա­տաս­խա­նեց ըսե­լով որ նախ որոշ դե­ղորայք պի­տի սրսկեն եւ ապա կեր­պընկա­լի մը մէջ պի­տի փո­խադ­րեն քա­ղաքէն 40 քմ. հե­ռաւո­րու­թիւնով աղ­բա­նոց մը։ Բա­րեկամս չհա­մաձայ­նե­ցաւ այս եղա­նակին եւ ինք ան­ձամբ թա­ղեց քա­ղաքի մեր­ձա­կայ գիւ­ղե­րէն մէ­կուն բնա­կիչ ըն­կե­րոջ տա­րած­քին»։

Փրոֆ. Ազիզ Եաղան այդ դէպ­քը օրի­նակ բե­րելով կ՚առա­ջար­կէ թէ քա­ղաքա­պետա­րան­նե­րը թաղ­ման նոր տա­րածքներ տրա­մադ­րեն ըն­տա­նի անա­սուննե­րու հա­մար, որ­պէսզի մար­դին պատ­շաճ եղա­նակով եւ խա­ղաղ սրտով հրա­ժեշտ տան ըն­տա­նիքի սի­րեցեալ ան­լե­զու ան­դա­մին եւ մխի­թարո­ւին վեր­ջին պար­տա­կանու­թիւնը կա­տարած ըլ­լա­լու գո­հու­նա­կութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ