Հրդեհը կամ երկրի զարգացման մակարդակը

Թուրքիա յաճախ կը ցնցուի աղիտալի պա­տա­հար­­նե­­­րով։ Այդ առու­­մով վեր­­ջին դէպ­­քը պա­­տահե­­ցաւ 21 Յու­­նո­­­ւարին, երբ Պո­­լու, Քար­­թալքա­­յա վայ­­րի հիւ­­րա­­­նոց­­նե­­­րէն մէ­­կուն մէջ 76 ան­­ձեր բո­­ցերու զո­­հը դար­­ձան։

Յատ­­կա­­­պէս ձմրան զբօ­­սաշրջու­­թեան կա­­րեւոր կէ­­տերէն մէկն էր Պո­­լու քա­­ղաքի Քար­­թալքա­­յա գա­­ւառը, ուր բա­­զում դրու­­թիւններ կան դա­­հու­­կա­­­սահ­­կի հա­­մար։

Դպրոց­­նե­­­րու տա­­րեմի­­ջեան ար­­ձա­­­կուրդի բե­­րու­­մով հիւ­­րա­­­նոցը բա­­ւակա­­նին ծան­­րա­­­բեռ­­նո­­­ւած էր այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րով։ Ըստ առա­­ջին տո­­ւեալ­­նե­­­րու, հրդե­­հը ծա­­գեցաւ խո­­հանո­­ցի մէջ եւ շու­­տով տա­­րածո­­ւեցաւ ամ­­բողջ շէն­­քն վեր։ Ար­­դէն հրդե­­հի ծա­­գած պա­­հուն լրատ­­ւութիւ­­նը ար­­գի­­­լուե­­ցաւ Ռա­­տիօնե­­րու եւ Հե­­ռուստա­­կայա­­ներու Վե­­րին Խոր­­հուրդի որո­­շու­­մով։ Այդ պա­­հուն ար­­դէն կը խօ­­սուէր երեք զո­­հերու մա­­սին, որոնցմէ եր­­կուքը սար­­սա­­­փի եւ խու­­ճա­­­պի մատ­­նո­­­ւելով լու­­սա­­­մու­­տէն դուրս նե­­տած էին զի­­րենք։

Նոյն օր երե­­կոյեան ժա­­մերուն պար­­զո­­­ւեցաւ որ հրդե­­հը շատ աւե­­լի ծանր հե­­տեւանքներ ու­­նե­­­ցավ խլե­­լով 76 կեան­­քեր։

Եթէ իւ­­րա­­­քան­­չիւր աղէտ իր կար­­գին եզա­­կի է, կա­­րելի է ըսել թէ իւ­­րա­­­քան­­չիւր աղէ­­տէ ետք իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը կ՚որ­­դեգրեն նոյն բա­­ցատ­­րութեան եղա­­նակ­­նե­­­րը։ Անոնք ամե­­նայն ձեռնհա­­սու­­թեամբ կը սպրդին պա­­տաս­­խա­­­նատ­­ւութեան որե­­ւէ մե­­ղադ­­րա­­­նքէ եւ իրենք են որ մե­­ղադ­­րանքներ կը հնչեց­­նեն զա­­նազան­­նե­­­րու հաս­­ցէին։

Նոյ­­նը պա­­տահե­­ցաւ այս ան­­գամ ալ, երբ իշ­­խա­­­նամէտ մա­­մու­­լը իր մե­­ղադ­­րանքի սլաք­­նե­­­րը ուղղեց դէ­­պի Պո­­լուի քա­­ղաքա­­պետա­­րանին, քա­­նի որ այս վեր­­ջի­­­նը կը պա­­տկա­­նի ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թեան։ Մինչդեռ քա­­ղաքա­­պետը կը փոր­­ձէր հաս­­տա­­­տել թէ հիւ­­րա­­­նոցի գտնո­­ւած վայ­­րը իր իրա­­ւաս­­նութեան սահ­­մաննե­­րէն դուրս է եւ այդ գա­­ւառի հսկո­­ղու­­թիւնը կը վի­­ճակի Զբօ­­սաշրջու­­թեան Նա­­խարա­­րու­­թեան։

Ով ինչ որ ու­­զէ թող ըսէ, իրո­­ղու­­թիւնը յստակ է 79 շունչեր հանգչե­­ցան կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րու ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թեան հե­­տեւան­­քով։ Այս առ­­թիւ շա­­տեր կը յի­­շեն Ֆրանց Քաֆ­­քա­­­յի «Ժան­­տախտ» վէ­­պին մէջ անցնող «Երկրի մը մա­­կար­­դա­­­կը կը պար­­զո­­­ւի մարդկանց մեռ­­նե­­­լու պատ­­ճառնե­­րով» նա­­խադա­­սու­­թիւնը։

Հրդե­­հի զո­­հերուն հա­­մար ՀՀ Վար­­չա­­­պետ Նի­­քոլ Փա­­շինեան ցա­­ւակ­­ցա­­­գիր մը հրա­­պար­­կեց X-ի իր հաշ­­ւոյն վրայ զո­­հուած­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու կսկի­­ծը բաժ­­նե­­­լով։

ՀՀ Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թիւնը եւս ցա­­ւակ­­ցա­­­գիր մը ուղղեց իր թուրքիացի պաշ­­տօ­­­նակի­­ցին։

Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանը եւս ցա­­ւակ­­ցա­­­գիրով մը մխի­­թարու­­թիւն մաղ­­թեց զո­­հուած­­նե­­­րու մեր­­ձա­­­ւոր­­նե­­­րուն։

Հրդե­­հի պատ­­ճա­­­ռաւ միօրեայ ազ­­գա­­­յին սուգ հռչա­­կուեցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ