Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւնները Անգարայի հաշւոյն վարող նախկին աւագ դեսպան Սերտար Քըլըչ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կարսի Առեւտրական սենեակի նախագահ Քատիր Պոզանի եւ այլոց հետ։
Հանդիպման ընթացքին օրակարգի եկան երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացումով Կարսի եւ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման հաւանականութիւնները։
Նշենք որ սահմանադուռի բացման խնդիրը եւ այդ մասին յառաջընթացին հաւանականութիւնները միշտ ոգեւորութիւն ստեղծած են սահմանամերձ տարածքի գործարարներու համար։ Սակայն այդ երազանքը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ քաղաքական կամքը յաճախ բախած է զանազան արգելքներու եւ երկու բանագնացներու հանդիպումները ցարդ շօշափելի արդիւնքի մը չեն յանգած։