ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Պատմական Այրարատ աշխարհի Արագածոտն գաւառի հին բնակավայրերէն է Աշնակը: Ներկայիս կը գտնուի Արագածոտնի մարզի Թալինի տարածաշրջանին:
Աշնակը կը յիշատակուի Եղիշէի, Սեբէոսի, Սամուէլ Անեցիի եւ ուրիշ պատմիչներու կողմէ: Աշնակը եղած է Արշակունի թագաւորներու ձմեռանոց-զօրակայանը: Յետագային անոնք Աշնակը շնորհած են Առաւեղեան նախարարական տոհմին:
Բագրատունեաց թագաւորութեան շրջանին արդէն Աշնակը շարունակած է պահպանել իր ռազմական, վարչական եւ տնտեսական կարեւոր նշանակութիւնը:
11-րդ դարի կէսերուն Աշնակ աւանը հանդիսացած է Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսի սեփականութիւնը: Իսկ 12-րդ դարի երկրորդ կէսին գրաւուած է սելչուկ-թուրքերու կողմէ՝ ընդգրկուելով Անիի Շադդադեան ամիրայութեան կազմին: Սելչուկեան շրջանէն Աշնակ գիւղի մէջ յայտնաբերուած է 6 ոսկեայ եւ 30 արծաթեայ մետաղադրամ, որոնք 1936 թ, յանձնուած են Հայաստանի Պատմութեան Թանգարան:
Այսօր Աշնակը փոքրիկ բնակավայր է, որտեղ կը գործէ Գէորգ Չավուշի անունը կրող դպրոցը: Մինչ խորհրդային կարգերու հաստատումը այստեղ գործած է եկեղեցւոյ կից ծխական դպրոց: 1921թ. Աշնակ բացուած է Լիկկայան, որտեղ սկսած են ուսանիլ մանուկներ ու տարեցներ: Առաջին դպրոցին արդէն սկսած սովորած մինչեւ 13 տարեկան պատանիները: Այն գործած է 1924թ-էն: Տնօրէնը եղած է Գնդունի Սիմոնը (Սիմոն Գնդունեան), որու 1927թ. փոխարինած է Աշնակի առաջին կին տնօրէնը՝ Արուսեակ Գըլըչեանը: Հիմնադրման օրուանէն Աշնակի դպրոցը ունեցած է 25 տնօրէն: Առաջին աշնակցի տնօրէնը Հմայակ Մանուկեանն եղած է: Ան ղեկավարած է կրթական հաստատութիւնը 10 տարի: Իսկ ահա որպէս ուսումնական մասի վարիչ աշխատած է 23 տարի:
Աշնակի դպրոցը տարիներու ընթացքին տուած է շատ անուանի շրջանաւարտներ, որոնք յայտնի եղած են ոչ միայն Հայաստան, այլ անոր սահմաններէն դուրս: Հարկ է հիշել թուաբանական գիտութիւններու դոցենտ Գէորգ Մելքոնեանին, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Գեղամ Կիրակոսեանին, վաստակաւոր լրագրող, արձակագիր Պերճ Թովմասեանին, գրողներ Ռոլանդ Շառոյեանին, Վրէժ Սարուխանեանին, նկարիչ Համլետ Յովսէփեանին եւ այլոց:
Այսօր ալ Գէորգ Չավուշի անունը կրող դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ կրթելով հարիւրաւոր մանուկներ ու պատանիներ:
Օրերս մեծանուն Շառլ Ազնաւուրի 100 ամեակի առթիւ կրթօճախին կազմակերպուած էր հրաշալի միջոցառում՝ «Ծանօթ եւ անծանօթ Շառլ Ազնաւուր» խորագրով, որուն ներկայ գտնուած էին ՀՀ ԿԳՄՍ փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեանը, մարզային ու համայնքային աշխատակիցներ, մտաւորականներ եւ այլք: Միջոցառման ընթացքին աշակերտները ներկայացուցած են Ազնաւուրի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը՝ ընդգծելով անոր անգնահատելի ներդրումը ֆրանսիական եւ համաշխարհային մշակոյթին:
Հնչած են նաեւ երգերի կատարումներ, բանաստեղծութիւններու ընթերցումներ՝ նուիրուած Ազնաւուրի հարուստ երաժշտական ու դերասանական կարիերային:
Միջոցառման հրաւիրուած «Ակօս»ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեանի հարցին, թէ ինչպիսի գնահատանքի արժանի իրադարձութիւն է, ԿԳՄՍ փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեանը դրական պատասխան հնչեցուցած է՝ ընդգծելով յատկանշական մի իրողութիւն, որ կը փաստէ ազնաւուրեան միջոցառումներուն փոքրիկ բնակավայրերու անմասն չմնալը: Փոխնախարարը կարեւորած է նմանօրինակ իրադարձութիւններու առկայութիւնը յատկապէս մարզային կրթական միջավայրին:
Իսկ ահա դպրոցի տնօրէն տիկին Լուսինէ Գասպարեանի խօսքով՝ «Հայ ժողովուրդը մեծ է իր մեծերով եւ հարուստ է իր պատմութեամբ: Հայ մեծերուն անդրադառնալը պարբերաբար բնոյթ պիտի կրէ կրթական միջավայրի մէջ: Ազնաւուրը ու Փարաճանովը, Սեւակն ու Այվազովսկին հանճարներ են, որոնց կեանքը ուսումնասիրելով արդէն պատանին կը սորվի: Նման միջոցառումները իրականին կը զարգացնեն, կը ոգեւորեն, սորվողներու մէջ առողջ կը պահեն ազգային մտածողութիւնը: Ու այս առումով՝ մեր ընելիքները շատ են: Մեր ուսերուն մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է, որ պիտի պատուով տանինք»:
Միջոցառման կազմակերպիչ Խաթուն Մխիթարեանը, ով նաեւ կը դասաւանդէ դպրոցին մէջ, «Ակօս»ի թղթակիցի հետ ցրոյցին նշած է. «Միջոցառման նպատակն էր՝ երախաները հաղորդակից ըլլան Ազնաւուրի կեանքին, ստեղծագործական գործունէութեան ու գրական ժառանգութեանը: Թոյլ տուէք ընդգծել մէկ այլ կարեւորութիւն, որ դրած էի իմ՝ որպէս մանկավարժի, վրայ: Այն է՝ հայ պատանիին ծանօթացնելով Ազնաւուրի անցած ուղին ու վերելքի ճանապարհին հանդիպած խոչընդոտները յաղթահարելու հմտութիւններուն՝ վարակել անոր Շառլի բնաւորութեան այդ գծով, ինչպէս նաեւ մեծանուն հայորդիի մարդասիրութեան, աշխատասիրութեան, յամառութեան, պայքարելու, չյանձնուելու կարողութիւններով եւ ի հարկէ սիրելու, սիրով ապրելու, սիրով սորվելու համավարակով»:
«Կը կարծեմ, որ ստացուած է, քանզի Աշնակը այդ օր հրաշալի էր»։