Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան 27 Յունուար երկուշաբթի օր, ընդունեց Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։
Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, «Աթաթիւրք» օդակայանի պետական հիւրանոցի երդիքին տակ։
Գազանճեան գերապայծառը նոր առաքելութեան ձեռնարկելէ վերջ առաջին անգամ մէկտեղուեցաւ Հանրապետութեան նախագահին հետ, որ շնորհաւորեց զինքը։