Աբխազիոյ հայերը ահազանգ կը հնչեցնեն

Աբխազիոյ հայ համայնքը (որուն թիւը, ըստ տարբեր աղբիւրներու, 41,900-էն մինչեւ 67,000-ի կը հասնի, կազմելով Աբխազիոյ բնակչութեան 17․4-էն մինչեւ 31 տոկոսը) սպառնալիքի տակ է։ Ըստ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու՝ այս համայնքը նոյնիսկ դիմած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի պաշտօնապէս դիմէ աբխազ իշխանութիւններուն եւ անոնցմէ պահանջէ ապահովութեան երաշխիքներ։

Աբխազիոյ հայերը կը պնդեն, որ տեղական կառավարութեան ընդդիմութիւնը սերտ կապեր ունի թուրք ազգայնականներուն եւ թրքական հետախուզական ծառայութիւններուն հետ։ Տեղացի հայերը իշխանութեան հասնելու իրենց ջանքերուն խոչընդոտ նկատելով՝ ընդդիմութիւնը «սեւ ցանկեր» կը կազմէ եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ գրգռութիւններ կը նախապատրաստէ հայութեան դէմ: Հետեւաբար, հայերու դէմ ջարդերու եւ բռնութիւններու վտանգները չեն բացառուած։

Ըստ Insider Abkhazia-ի՝ աբխազ ընդդիմութիւնը այս հարցին մէջ կը վայելէ գործօն աջակցութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մտերիմ դաշնակից Տեւլեթ Պահչելիի, որ առաջնորդն է ծայրայեղ աջակողմեան Ազգայնական շարժում կուսակցութեան, որուն մաս կը կազմեն նաեւ ծանօթ ազգայնամոլ «Գորշ գայլերը»։

«Նոր Յառաջ»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ